Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2012 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը Վատիկանի Սիւնհոդոսին մասին Հաղորդամիջոցներու եւ մամլոյ ասուլիսին

Պէյրութ

Գերյ. եւ Գերապատիւ վարդապետներ եւ յոյժ սիրելի Հայր սուրբ
Յարգարժան հայ մամուլի ներկայացուցիչներ,

Երկու շաբաթ առաջ Հռոմէն վերադարձայ, ուր մասնակցած էի Վատիկանի Սիւնհոդոսին, որուն բնաբանն էր՝ Նոր Աւետարանացումը քրիստոնեայ հաւատքը փոխանցելու համար։ Այս Սիւնհոդոսը մեծ շնորհք մը հանդիսացաւ ինծի, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակցողներուն։ Ինչո՞ւ համար։ Որովհետեւ ան մեզ դրաւ.
Ա. Դէմ հանդիման Նոր Աւետարանացումի իրավիճակին դիմաց՝ քրիստոնեայ հաւատքը փոխանցելու մեր պարտականութեան առջեւ։ Ի՞նչ կ՚ընենք եւ ի՞նչ պէտք է ընել տակաւին մեր ժողովուրդը Աստուծոյ մօտեցնելու համար։
Բ. Սիւնհոդոսին մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին ներկայացուած էր բոլոր երկիրներէն եկած Եպիսկոպոսներով։ Այս Սիւնհոդոսը մեծ եւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը եղաւ բոլորիս։
Գ. Միասնականութեան աշխատանք մը եղաւ այս Սիւհնոդոսը, որովհետեւ չլսեցինք միայն Եպիսկոպոսներուն ձայնը, այլ նաեւ իմացանք փորձառութիւնը պատասխանատու քահանաներուն եւ աշխարհականներուն, Նոր միութիւններու հիմնադիրներուն, ինչպէս նաեւ պատուիրակ ոչ-կաթողիկէ եղբայրներուն, որոնցմէ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երկու Վեհափառներու ներկայացուցիչները՝ Սրբ. Գէորգ Սարոյեան եւ Հայր Մասիս Պոզույեան։ Կարելի է ըսել որ շնորհալի եւ օգտաշատ պահեր ապրեցանք եւ միասին Աստուծոյ գոհաբանական աղօթք բարձրացուցինք։

Հաւատքը քրիստոնեայ կեանքին առանցքն է, որ ներկայ Սիւնհոդոսը կ՚ուզէ փոխանցել հին քրիստոնեայ աւանդութիւն ունեցող քրիստոնեաներուն, ինչպէս նաեւ ոչ-մկրտուածներուն, որոնք կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան մօտ 4 միլիար 800 միլիոն մարդ։
Հայ ժողովուրդը մաս կը կազմէ այդ հին քրիստոնեայ աւանդութիւն ունեցողներուն։ Արդարեւ, Ամենակալն Աստուած Կապադովկիա Կեսարիայէն քարոզիչ մը առաքեց Հայաստան Դ. դարուն սկիզբը, Գրիգոր անունով, յորջորջուած Լուսաւորիչ, որովհետեւ հայազգի զաւակները լուսաւորեց Ս. Աւետարանի լոյսով։ Ս. Գրիգորին հրաշափառ քարոզութիւնը մղեց հայ ժողովուրդը ոչ միայն հաւատալու Յիսուսին, այլ նաեւ որդեգրելու քրիստոնեայ կրօնքը պետական մակարդակով, եւ եթէ հարկ ըլլայ այս հաւատքին համար կեանքն ալ զոհելու եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայ Եկեղեցւոյ։ Ամենաբարին Աստուած առաջնորդած է Հայ Ազգը եւ անոր սրտին մէջ դարերու ընթացքին հաստատած է հաւատքի աստուածային գանձը։

Նոր Աւետարանացումը Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին գիւտը չէ, այլ ուժականութիւնն է, որով Ս. Հոգին կը շնորհէ Եկեղեցիին։ Ուստի, կարելի է ըսել որ Նոր Աւետարանացումը նախ եւ առաջ Ս. Հոգիին գործն է։ Նոր Աւետարանացումը ստիպողական դարձաւ յատուկ կերպով 1950էն ետք, երբ յայտնի եղաւ որ հին աւանդութիւն ունեցող քրիստոնեայ ժողովուրդները ինչպէս Հայ ժողովուրդը, Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի ժողովուրդները, այլեւս իրենց նախնիքներուն հաւատքի ապրելակերպէն սկսած են հեռանալ եւ անոնց քրիստոնեայ վկայութիւնը սկսաւ նսեմանալ։ Անոր հետեւանքով, քրիստոնեաները սկսան որդեգրել հեթանոսական սովորութիւններ։ Օրինակի համար, Եկեղեցւոյ յաճախողները պակսեցան երկրորդական պատճառներուն համար։ Շատ մը քրիստոնեաներուն մօտ Աստուծոյ առաջին տեղը կորսուեցաւ ի շահ ազատագրումի, հաճոյքի, ծուլութեան եւ այլ օրինակներուն՝ անվայել քրիստոնեայի մը համար։ Մարդիկ սկսան եկեղեցին երթալ միայն երբ ժամանակ գտնեն։ Հաւատքի հոգին պակսելով, եկեղեցին բոլոր քրիստոնեաներուն ընտանիքը ըլլալէ դադրեցաւ։

Ուր աղօթք կայ հոն հաւատք կայ։ Հակառակն ալ ուղիղ է. ուր աղօթք չկայ հաւատք չկայ։ Ոմանց համար, աղօթքը դարձաւ լոկ պարտականութիւն մը եւ ոչ Աստուծոյ հետ խօսակցիլը, ինչպէս զաւակը հօրը հետ։ Ուստի, եկեղեցի չերթալ, սուտ խօսիլ, ուրիշները խաբել, գործին մէջ գողնալ, ամուսնալուծումի դիմել, ոչ քրիստոնեայի մը հետ ամուսնանալ, վիժում կատարել, եւ այլ ծանր զեղծումներ սովորական դարձան եւ այլեւս զարմանք գրեթէ չեն պատճառեր։ Մինչ առաջ, այս տեսակ զեղծումները մեծ գայթակղութիւն կը պատճառէին եւ մարդիկ ամչնալէն ծածուկ կը պահէին։ Գլխաւոր պատճառն է որ քրիստոնեաները կորսնցուցին իրենց յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ՝ որպէս հոգատար Հայր, Յիսուսին հետ՝ որպէս փրկիչ իրենց կեանքին, եւ Եկեղեցւոյ հետ՝ որպէս հաւատացեալներուն ընտանիք։ Գործնականին մէջ, շատ մը քրիստոնեաներ սկսան ապրիլ եկեղեցիէն հեռու առանց խղճի խայթ ունենալու։ Եկեղեցւոյ պէտք ունին միայն հարկաւոր կարիքներուն համար. ինչպէս մկրտութեան, պսակի եւ թաղումի առիթներուն։ Անկէ դուրս, կ՚ուզեն ապրիլ առանց մէկու մը հաշիւ տալու, ոչ իսկ Աստուծոյ։ Անոնց քրիստոնեայ խիղճը թանձրացաւ եւ կեանքին իսկական իմաստը կորսնցուցին, եւ հետեւաբար իր հրապոյրը կորսնցուց իրենց համար։ Կեանքը դարձաւ վազող վազողին, քաջին, հարուստին, խաբեբային։

Եկեղեցւոյ իմաստը կորսուեցաւ նաեւ որպէս մարմին Քրիստոսի, ինչպէս Ս. Պօղոս կ՚ըսէ, որուն մեզմէ ամէն մէկը անդամ է եւ հետեւաբար պատասխանատու անձ, մինչ քրիստոնեան Յիսուս Քրիստոսի մահուան եւ Յարութեան քարոզիչ ըլլալու է, ինչպէս նաեւ ուրախութեան վկայ Ս. Հոգւոյն շնորհիւ եւ անոր ազդեցութեամբ։ Ոմանք այսպիսի գաղափարներէ հեռու մնացին, թէպէտ այս էր ապրումը առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան, ինչպէս զայն մեզի կը պատմէ Ս. Ղուկասը Գործ Առաքելոցին Գիրքին Բ., Դ. եւ Ե. գլուխներուն մէջ։ Կարդանք ինչ կ՚ըսէ Ս. Ղուկաս Բ. գլխուն մէջ. □Քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը. Անոնք ամէն օր յարատեւ էին առաքեալներուն ուսուցումին, հաւատարիմ էին հաղորդութեան, հացի բեկանումին եւ աղօթքներուն։ Երկիւղը կը համակէր բոլոր հոգիները, բազմաթիւ էին հրաշքները եւ նշանները, զորս կը գործէին առաքեալները։ Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ ամէն ինչ հասարակաց էր։ Անոնք կը ծախէին իրենց ինչքերը եւ կալուածները եւ կը բաժնէին հասոյթները ամէնուն՝ իւրաքանչիւրին կարիքին համաձայն։ Ամէն օր միասին կը յաճախէին տաճարը, իրենց տուներուն մէջ կը բեկանէին հացը եւ կ՚առնէին կերակուրը ուրախութեամբ եւ պարզութեամբ սրտի։ Կը գովաբանէին Աստուած, կը վայելէին ժողովուրդին համակրանքը եւ ամէն օր Տէրը կը միացնէր հասարակութեան անոնք, որ պիտի փրկուէին։

 Այս էր առաջին Քրիստոնեայ հասարակութեան ապրելակերպը, որ նախատիպար պէտք է ըլլայ քրիստոնեաներու ապրելակերպին բոլոր ժամանակներուն։ Այս էր նաեւ պարագան քրիստոնեայ դարձած հայ ժողովուրդին, որ անցեալին մէջ համարձակեցաւ ճակատիլ իրմէ շատ աւելի զօրաւոր բանակ ունեցող Յազկերկ Բ. Պարսից թագաւորին դէմ, իր քրիստոնեայ հաւատքը փրկելու համար։ Եւ թէպէտ կորսնցուց վարդանանց ճակատամարտը ու զոհ տուաւ քաջն Վարդան եւ 1036 զինուորներ, բայց յաղթական ելաւ, որովհետեւ Յազկերտը չկարողացաւ հայերէն արմատախիլ ընել քրիստոնեայ հաւատքը։ Մէկ խօսքով՝ Պարսից թագաւորը յաղթեց պատերազմին մէջ, բայց չհասաւ իր նպատակին։ Իսկ հայերը, կորսնցուցին ճակատամարտը, բայց փրկեցին իրենց քրիստոնեայ հաւատքը։ Կարելի է հաստատել որ Վարդանանց հերոսամարտը վերջնական կերպով արմատացուց քրիստոնեայ հաւատքը հայ ժողովուրդին մօտ։

 Առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան ապրելակերպը եւ հայ ժողովուրդին կառչումը քրիստոնեայ հաւատքին, վարդանանց օրով, օրինակելի պատկերն է որուն պէտք է ձգտինք։ Որքա՜ն ճամբայ ընելիք ունինք։ Անկէ կը հասկնանք Սրբ. Պապին խօսքը, որ Նոր Աւետարանացումը եղած է ոչ միայն անոնց որ Յիսուս չճանչցան ու մկրտուած չէն, այլ նաեւ՝ հին քրիստոնեայ հասարակութիւններու համար, որոնք պաղած են իրենց հաւատքին մէջ, իրենց յարաբերութեան մէջ Աստուծոյ հետ ու մերձաւորին հետ։ Ասոնք պէտք ունին նորոգուելու Ս. Հոգիով, ապրելու համար ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, նման առաջին քրիստոնեաներուն։

Ասկէ կը հետեւցնենք, որ պէտք է նախ համոզուինք որ այս գործը մեր ուժերով չէ որ պիտի իրագործենք։ Ասիկա Ս. Հոգիին գործն է։ Ուստի մեզմէ կը խնդրուի խոնարհութիւնը ունենալ դարձի գալու համար, այսինքն՝ ամէն օր Աստուծոյ վերադառնալու՝ մէկդի ձգելով մեր սխալներն ու զանցառումները։ Որովհետեւ ամէն քրիստոնեայ առաքեալ պէտք է դառնայ, քարոզիչ պէտք է ըլլայ, մանաւանդ իր քրիստոնեայ ապրելակերպով։ Աւետարանիչը կամ քարոզիչը, պէտք է նախ՝ ինքը աւետարանուի, այսինքն՝ ինք պէտք է յարատեւ կերպով լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ աղօթէ ու բարիք գործէ, որպէսզի կարենայ ուրիշներուն քարոզել Ս. Աւետարանը որ կ՚ապրի։
    
Նոր Աւերանացում կը նշանակէ ներկայ մարդոց պատասխաններ տալ իրենց կարիքներուն եւ հարցականներուն։ Աւետարանացումը նոր է, որովհետեւ այսօրուայ մարդիկը նոր պահանջներ ունին, տարբեր նախորդ սերունդներու պահանջներէն։ Գիտութիւնը շատ յառաջացաւ, սխալ գաղաբարականութիւնները շատցան եւ մարդիկ հեռացան աստուածային ծրագրէն, նիւթապաշտութիւնը օրէնք դարձաւ շատերուն համար, ազատութեան հասկացողութեան իմաստը եւ նպատակը պղտորեցան, եւլն.։

Չմոռնանք որ Աստուած Հայ Եկեղեցւոյ շնորհեց մեծ քարոզիչներ եւ աստուածաբաններ՝ նման Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Ներսէսի, կոչուած Շնորհալի՝ իր շնորհալի վարմունքին եւ խօսքերուն համար, Ս. Ներսէս Լամբրոնացի եւ բազմաթիւ ուրիշներուն, որոնք խորացուցին քրիստոնեայ հաւատքը հայ ժողովուրդին մօտ եւ սխալ վարդապետութիւնները կշտամբեցին եւ անոնց անհիմն ըլլալը փաստեցին։

Ուրիշ պանծալի էջ մըն ալ ունինք մեր Հայոց պատմութեան մէջ՝ 1915ին ցեղասպանութիւնը, ուր մէկուկէս միլիոն հայեր իրենց կեանքը զոհեցին, շնորհիւ աստուածային ոյժին, եւ Յազկերտի արիւնարբու յաջորդին՝ թուրքին առջեւ չամչցան իրենց քրիստոնեայ ըլլալէ, եւ նման վարդանանց հերոսներուն՝ իրենց արեան գինով մեզի փոխանցեցին քրիստոնեայ հաւատքը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը արար աշխարհին առջեւ Երանելի հռչակեց նահատակ Մարտինի Արքեպիսկոպոսը՝ Իգնատիոս Մալոյեան։

Աստուած, որ բնաւ չլքեց հայ ժողովուրդը, այլ զայն պատեց ամէն քայլափոխին հայրական գուրգուրանքով, մանաւանդ իր տաժանելի օրերուն, այսօր ալ պիտի չձգէ որ հայազգի զաւակները ճշմարտութենէն հեռանան։ Սակայն, այս նպատակին հասնելու համար, Յիսուս Եկեղեցին հիմնեց եւ մեզ առաքեալ կարգեց անպր մէջ՝ որպէսզի Աստուծոյ ծրագիրը հայ ժողովուրդին համար իրագործուի։ Մեզի կ՚իյնայ ուրեմն ամրապնդել մեր համոզումները հիմնուած Աստուծոյ խօսքին վրայ եւ քաջալերել մեր ժողովուրդը վերադառնալու լուսաւորչեան հաւատքին եւ Վարդանանց սկզբունքներուն։

Եւ քանի հաւատքը աստուածային տուրք մըն է, զայն երկիւղածութեամբ հայցենք աղօթքով, Ս. Գիրքի ընթերցումով եւ բարեգործութիւններ կատարելով։ Այսպէս, պիտի կարենանք ապրիլ ուրախ ու խաղաղ սրտով առաջին քրիստոնեաներուն նման եւ մեր հայազգի եղբայրներուն նոյն շնորհքին արժանացնել։
Շնորհակալութիւն ձեր ազնիւ ունկնդրութեան համար։

Ձեզմէ ամէն մէկուն նոր կտակարանի հատորը պիտի յանձնուի։ 

 † Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ 
     Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ