Պէյրութ
(armeniancatholic.org) Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Սրբոյ Կուսին Աւետման» ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին սուրբ Պատարագը մատոյց եւ արարողութիւնները կատարեց Արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան, կիրակի 29 մարտին առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ: Սուրբ Պատարագին առընթերակայ էր տէր Կարապետ քհն. Թադէոսեան:
Արհիապատիւ հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ աւետարանական պատկերին այն հակասութեան մասին, որով ապրեցաւ ամբոխը: Ան ըսաւ. «Պահ մը կենանք եւ ակնարկ մը նետենք ամբոխին անըմբռնելի կեցուածքին վրայ... Ամբոխը հաւագածոյ մըն է անհատներու՝ որ յաճախ մարդոց եւ երկիրներու ճակատագիրը կը վճռէ, երբեմն յօգուտ եւ երբեմն ի վնաս հասարակութեան: Ան դիւրափոփոխ է եւ լպրծուն, եւ կը տարուի ամէն հովերէ: ... Ջնջին պատճառ մը կը բաւէ զայն ալեկոծելու եւ բռնկեցնելու, բայց կրնայ պահ մը ետք խաղաղիլ: ... Երուսաղէմի խանդավառութիւնն ալ երեք օր տեւեց, ըսաւ գերապայծառը եւ աւելցուց, գահի տեղ ամբոխը խաչափայտ պահանջեց անոր համար, արքայական պսակի փոխարէն՝ փշեպսակ ու խարազան»: Ան փակեց յորդորելով որ մենք չըլլանք ամբոխի նման, այլ «դիմաւորենք մեր Փրկիչը յաղթական թափորով եւ երգով: Մեր այս խանդավառ ընդունելութիւնը Տիրոջ՝ ... թող բխի մեր սրտերուն խորէն եւ ընկերանայ մեզի՝ երկար...»:
Պատարագէն ետք Արհիապատիւ Պաթագեան, առընթերակայութեամբ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ տէր Կարապետ քհն. Թադէոսեանին, օրհնեց ձիթենիի ճիւղերը եւ թափօր կազմելով դարձան շրջակայ փողոցները օրհնելով ժողովուրդը: Ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ «անդաստան»ի արարողութիւնը: Արարողութիւններուն հետեւեցաւ բազմաթիւ հաւատացեալ ժողովուրդ, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց ժողովրդապետական «Կիլիկիա» երգչախումբը: