Երուսաղէմ
Երկուշաբթի 12 նոյեմբեր 2012 կէսօրին, Երուսաղէմի ֆրանսական հիւպատոսարանը ընդունեց Ֆրանսայէն ժամանած իմամներու խումբ մը, ընկերակցութեամբ ֆրանսացի հրեայ ծանօթ վիպագիր` Մարէք Հալթերի։ Անոնց այս շրջապտոյտը, որ պիտի ընդգրկէր յաջորդ օրերու ընթացքին այցելութիւն՝ Երուսաղէմի հրէական, քրիստոնէական եւ իսլամական սրբավայրեր, կազմակերպուած էր նախաձեռնութեամբ Երուսաղէմի ֆրանսական հիւպատոսարանին, եւ ֆրանսական արտաքին գործոց նախարարութեան։
Երուսաղէմի Ֆրանսայի հիւպատոսը այս առթիւ հրաւիրած էր նաեւ Երուսաղէմի կաթողիկէ կրօնապետերը, ինչպէս նաեւ կարգ մը կրօնաւորական տուներու մեծաւորները, մասնաւորապէս անոնք որոնք ֆրանսական զարգացում ունէին ընդհանրապէս։
Հիւպատոսարանին մէջ այս հանդիպումին ներկայ եղան արհիապատիւ Լատին նախկին պատրիարք՝ Միշել Սապպահ, Սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ գերապայծառ Յովսէփ թ. ծ. վրդ. Քելեկեան, ինչպէս նաեւ յոյն եւ ասորի կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդները: Բոլորը մասնակցեցան մասնայատուկ եղբայրական ճաշասեղանին, որուն ընթացքին ներկայ իմամները, ծանօթանալէ ետք Երուսաղէմի քրիստոնեայ կրօնապետերուն, խօսակցեցան եւ փոխանակեցին խաղաղութեան ու եղբայրութեան տեսութիւններն եւ գաղափարները: Անոնք իրենց զարմանքը յայտնեցին այս առընչութեամբ, նկատելով Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւորականներու մօտիկութիւնը իրենց հանդէպ, թէ հոգիով եւ թէ գաղափարով։
Ճաշի աւարտին, հիւպատոսը` Պր. Ֆրէտէրիք Տէզանիօ, բարի գալուստի խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն, եւ ապա իմամներէն մին, բոլորին անունով` իր շնորհակալութեան խօսքն արտայայտեց հիւպատոսին. որմէ ետք, իսլամ կրօնապետերը ողջունեցին քրիստոնեայ առաջնորդները եւ մեկնեցան Րամալլահ, ուր պաշտօնապէս պիտի ընդունուէին Պաղեստինեան իշխանութեանց կողմէ։
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=638725