Երկուշաբթի, 9 Յունիս 2008 - Գիւտ Նշխարաց Տօնը Ս. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Մէջ

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի,  Կիրակի՝ 8 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, էշրեֆիէի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Գիւտ Նշխարաց տօնի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սկաուտախումբի հիմնադրութեան 80-ամեակի զոյգ առիթներով տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի:

Իր պատգամին մէջ գերապայծառ Թէյրուզեան յիշատակեց սկաուտախումբի հիմնադիրին եւ պատասխանատուներուն տարած աշխատանքը՝ շեշտելով, որ անոնք ստանձնեցին մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ սերունդներուն հոգը եւ պատրաստեցին սրբակեաց, հայրենասէր եւ օրինակելի հայրեր ու մայրեր: Ան նշեց, որ միասնաբար կը կազմենք ազգային ու եկեղեցական կեանքի շղթան եւ բոլորս պէտք ունինք իրարու ու սրբազան պատասխանատուութիւնը ունինք ապահովելու մարդկային կեանքի արժանապատուութիւնը:

Գերապայծառ Թէյրուզեան նաեւ շեշտեց, որ բոլոր սկաուտները եւ ժողովուրդը հրաւիրուած են Աստուծմէ, եկեղեցիէն, ազգէն եւ իւրաքանչիւրի երջանկութեան ներքին ձգտումէն՝ սիրելու, յայտնելով միաժամանակ, որ սիրողը պատրաստ է հնազանդելու բարիին, խղճի ձայնին, ծնողքին եւ պատասխանատուներուն: «Սկաուտը համոզուած է, որ կեանքի զանազան պարագաներու հնազանդութեամբ միայն կը յաղթէ», հաստատեց գերապայծառ Թէյրուզեան՝ աւելցնելով, որ սիրողը պատրաստ է յարգելու ընկերային եւ եկեղեցական օրէնքներն ու բարքերը, ինչպէս նաեւ ընդառաջելու եւ ծառայելու ընկերոջ, յատկապէս՝ տկարին եւ չքաւորին:

Ս. Պատարագը կազմակերպած էր 80 ամեակի յանձնախումբը եւ սկաուտներու խմբապետական կազմը: Իրենց մասնակցութիւնը բերին միութիւններու ներկայացուցիչներ, սկաուտներ,  ժողովրդապետական այլ միութիւններ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն: Սոյն տօնին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքը որ Զմմառու մայրավանքի թանգարանէն Պէյրութ փոխադրած էր Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան,  յանձնեց տեղւոյն ժողովրդապետ՝  Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ միասին զետեղեցին Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ կողմնակի խորանին վրայ:

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մասունքի համբոյր եւ թափօր ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մի շեփորախումբին, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն՝ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ:

 

 

 


 
 
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ