Վատիկան
Ապրիլ ամսուայ համար, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական դիտաւորութիւն` «Որպէսզի շատ մը երիտասարդներ գիտնան համապատասխանել Քրիստոսի Կոչին անոր հետեւելով քահանայական եւ կրօնական կեանքը ընտրելով»։
Ապա որպէս առաքելական դիտաւորութիւն սրբազան քահանայապետը կ՛առաջարկէ «Որպէսզի Յարուցեալ Քրիստոսը ափրիկեան ցամաքամասի այր մարդոց ու կիներուն ըլլայ Յոյսի ապահով նշան մը»։