|
Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2006 - Լուրտի Սրբավայր - Համբարձում Տ.Մ. Յիսուսի Քրիստոսի
Յոյժ Սիրելի Ուխտաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ուրախութիւն ունիմ Լուրտի սրբավայրին մէջ մատուցանելու ձեզի հետ եւ ձեզի համար այս Ս. Պատարագը: Մեծ շնորհք կը համարեմ զայն, քանի հոս է որ Աստուածամայրը երեւցաւ եւ ինքզինք յայտնեց փոքրիկ Բեռնադէթին որպէս Անարատ Յղացեալը եւ ձգեց մեզի շահեկան պատգամներ՝ աղօթք եւ ապաշխարութիւն: Աստուած պարզ եւ խոնարհ մարդիկ կ’ընտրէ իր խօսքը մեզի հաղորդելու համար: Աշխատի՛նք այդ պարզ եւ խոնարհ անձերը ըլլալու՝ մեր յարաբերութեանց մէջ Աստուծոյ եւ մարդոց հետ եւ սքանչելիքներ պիտի տեսնենք:
Յարութենէն քառասուն օր ետք, կը տօնենք Քրիստոսի Համբարձումը երկինք, ուր խոստացած է տեղ պատրաստել մեզի համար՝ Աստուածամօր, հրեշտակներուն եւ բոլոր սուրբերուն հետ, որ մեզ հոն կանխեցին: Յիսուսի Համբարձումը մեզի կու տայ այդ երաշխաւորութիւնը որ հոն է մեր վերջնական բնակավայրը: Բայց ամէն մարդ ինքնաբերաբար երկինք չերթար, եւ Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ հարկաւոր պայմանները, որպէսզի Աստուած շնորհէ մարդուն այս մեծ պարգեւը, զոր կ’ուզէ տարածել բոլորին, եւ ասոր համար տեղ պատրաստեց մեզմէ ամէն մէկուն համար:
Պարզութեան եւ խոնարհութեան մասին խօսելէ ետք, այսօրուայ ընթերցումէն ուրիշ խօսք մը կը քաղենք. Քրիստոս կը պատուիրէ աշակերտներուն Երուսաղէմէն չհեռանալ, որովհետեւ հոն պիտի ընդունին Հօր խոստումը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ զիրենք պիտի զօրացնէ եւ անոնց ամէն ինչ պիտի յիշեցնէ ու սորվեցնէ, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը հաւատարիմ կերպով կարենան կատարել:
Նոյն բանը մեզի կը յայի: Նախ ըսեմ որ մեզի համար աշխարհագրական Երուսաղէմը չէ որմէ պէտք չէ հեռանալ, այլ հոգեւոր Երուսաղէմը՝ որ է Եկեղեցին: Ան ալ քարեղէն կառոյց մը չէ, այլ քրիստոնեայ հասարակութիւնը, որ կազմուած է մարդու նման իր գլուխով եւ զանազան անդամներով, Եպիսկոպոսով կամ անոր քահանայ ներկայացուցիչով եւ ձեզմով: Եթէ ծառէն ճիւղ մը կտրէք, կը չորնայ: Նաեւ, եթէ մարդու մարմինէն անդամ կտրէք, կը խաթարի: Նմանապէս, եթէ քրիստոնեայ մը ուզէ Եկեղեցիէն, աղօթքէն եւ աստուածային պատուիրաններէն հեռու մնալ, կարծելով թէ այսպէս աւելի ազատ, աւելի անկախ եւ աւելի երջանիկ պիտի ըլլայ, կամաց կամաց կը կորսնցնէ իր հոգեւոր սնունդն ու ուժը եւ դժբախտ կը դառնայ: Երեւոյթներէն չխաբուիք, եւ մի՛ կարծէք որ Եկեղեցիէն դուրս մնալով աւելի հեշտ կեանք պիտի ունենաք, որովհետեւ Աստուծմէ հեռու կարելի չէ երջանիկ ըլլալ: Լուրտի սրբավայրը խօսուն փաստն է աստուածային ներկայութեան ի նպաստ մարդոց, մանաւանդ խոնարհներուն եւ տառապեալներուն:
Մարդուն ձգտումը եւ փափաքը յաջող եւ խաղաղ կեանք ունենալն է: Արդ, աստուածային օրէնքը չի՛ նսեմացներ եւ չի՛ սահմաներ մարդկային ազատութիւնը: Ընդհակառակն, զայն կ’երաշխաւորէ եւ անոր կը նպաստէ: Քրիստոսին ուսուցումը օտարական հրահանգ մը չէ մարդուն կեանքին համար, կարծես դուրսէ եկած եւ իրեն պարտադրուած, որովհետեւ Յիսուս մեզի բան մը չպատուիրած, նախ ինքը զայն կատարեալ կերպով կատարեց եւ մեզմէ կը խնդրէ պարզապէս որ իրեն հետեւինք: Յիսուսին ուսուցման պսակումը եղաւ սէրը թշնամիներուն հանդէպ:
«Կատարեալ եղէք, ըսաւ Յիսուս, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է»: Կատարեալ ըլլալը չի նշանակեր բնաւ տկարութիւն չ’ունենալ, քանի որ Ս. Գիրքը կը հաստատէ թէ՝ «արդարը օրը եօթը անգամ կ’իյնայ եւ կը կանգնի» (Առ. 24,16): Կը կանգնի. հոս է իր արդարութիւնը, որովհետեւ կը կանգնի հիմնուելով ոչ թէ իր ոյժին վրայ, այլ աստուածային ողորմութեան վրայ: Հաւատացեալը երբ իյնայ բնաւ յուսալքուած չի մնար, որովհետեւ իր յոյսը դրած է Աստուծոյ վրայ որ զինք ամօթով չի ձգեր: Եթէ անկարելի ըլլար թշնամիներուն սէրը, Յիսուս այս պատուէրը մեզի պիտի չտար: Բայց Յիսուս սիրեց իր թշնամիներն ու անոնց ներեց, եւ քանի քանի քրիստոնեաներ, Յիսուսի օրինակին հետեւելով, ներեցին իրենց թշնամիներուն:
Անցեալ ամիս ոգեկոչեցինք 91րդ ամեակը ապրիլեան նահատակներուն: Եթէ անոնց յիշատակը ամէն տարի փառապանծ շուքով կը տօնենք եւ իրենց զոհաբերութիւնը սրբազան պատգամ ու նուիրական կտակ կը համարենք, այդ կը նշանակէ թէ համոզուած ենք իրենց ընթացքին մասին, որովհետեւ անոնք աւելի կապուած մնացին Յիսուսին քան իրենց կեանքին, եւ ասոր համար իրենց հաւատքին հաւատարիմ մնացին ու կրօնափոխ չեղան: Սիրելիներս, Ապրիլ 24ի ոգեկոչումը, զոր ապրեցանք անցեալ ամիս, անկրկնելի պէտք չէ ըլլայ, այլ պէտք է դրոշմուի մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ դառնայ ներշնչման աղբիւր եւ ապրումի ուղի: Անոնց պայծառ օրինակը պէտք չէ սահմանափակուի միայն օրուան մէջ, այլ պէտք է ուղեկցի մեզի մեր կեանքին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:
Ընթերցուածը կը շարունակէ. « Դուք զօրութիւն պիտի առնէք, երբ Հոգին Սուրբ իջնէ ձեր վրայ: Դուք պիտի ըլլաք իմ վկաներս» (Գործք Առ. 1,8): Այս խօսքը կ’ուզէ ըսել, թէ Առաքեալները Ս. Հոգին չստացած զօրութիւն չունէին, այլ տկար մարդիկ էին. փաստ՝ բոլորն ալ, երբ Յիսուս ձեռբակալուեցաւ, զինք ուրացան ու փախան : Բայց անոնք, երբ Ս. Հոգիով լեցուեցան, վկայեցին Քրիստոսի եւ Աւետարանին, ամէն տեղ ուր որ գացին, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհեցին այդ վկայութեան հաւատարիմ մնալու համար: Արդե՞օք նոյնը չըրին մեր հայրերն ու մեծ հայրերը, մեր մայրերն ու մեծ մայրերը 91 տարի առաջ: Այո՛, նոյն վկայութիւնը տուին, որովհետեւ Ս. Հոգին ստացած էին Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներուն միջոցաւ, եւ այդ խորհուրդները ապարդիւն չմնացին երբ առիթը ներկայացաւ:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեզմէ ֆիզիքական մարտիրոսութիւն չէ պահանջուած, բայց գիտցած ըլլաք որ այսօր Քրիստոսի վկայ ապրելու համար դիւրին չէ այլ մարտահրաւէր դարձած է, տեսակ մը շարունակական մարտիրոսութիւն: Բայց ինչպէս Յիսուսին Մայրը՝ Մարիամ միացած էր Առաքեալներուն հետ վերնատան մէջ եւ իրենց հետ միասիրտ կը յարատեւէր աղօթքին մէջ, նոյնպէս ալ մեր երկնաւոր մայրը, որ հոգիով մեզի հետ է միշտ եւ յատուկ կերպով այս սրբավայրին մէջ, մեզ պահ մը պիտի չթողու մեր կեանքի բոլոր օրերու ընթացքին որպէսզի, առաքեալներուն նման եւ մեր նահատակներուն ուղիով, մենք ալ մեր վկայութիւնը բերենք մեր առօրեային մէջ Քրիստոսի եւ Սուրբ Աւետարանին: Ամէն:
|