Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2013 - Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի անդրանիկ քարոզը

Պէյրութ

Աւետում
(Ղուկ 1, 26-38)
Ողջոյն Ձեզ ՝ Նորընտիր Սրբազան Քահանայապետ
Ողջոյն Ձեզ ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր
Ողջոյն Ձեզ ՝ Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք
Ողջոյն Ձեզ ՝ Գերապայծառ Գերապատիւ Մեծաւոր Հայր
Ողջոյն Ձեզ ՝ Գերյարգելի Գերապատիւ Վարդապետներ
Ողջոյն Ձեզ ՝ Առաքինազարդ Քոյրեր
Ողջոյն Ձեզ ՝ Սիրելի Ժառանգաւորներ
Ողջոյն Ձեզ ՝ Սիրելի Ծնողքս
Ողջոյն Ձեզ ՝ Սիրելի հաւատացեալ հայորդիներ
  
Այս գեղեցիկ «Ողջոյն Քեզ»ով էր որ Գաբրիէլ հրեշտակը Մեզ Աւետեց Սիրելի Տիրամօր, ուրախ լուռը.«Աստուածամայր ըլլալու»:
«Ողջոյն» կամ «Ողջ լեր» բառը եզրաբանականօրէն կը սերի յունարէն.«Խայրէ» բառէն, որ կը նշանակէ.«Ուրախացիր»: Ին՞չ գեղեցիկ բառ.«Ուրախացիր՛, Մարիամ, շնորհքներով լեցուն, Տէրը քեզի հետ է»:
Կը Փոխանցեմ ձեզի սիրելի՛ հաւատացեալներ, Տիրամօր ողջոյնը, Տիրամօր հնազանդ ոգին, Տիրամօր ամբողջական նուիրումը Աստուծոյ փրկչագործական ծրագրին: Մարիամ, դարձաւՄայրը իր Արարչին եւ զաւակը իր Որդւոյն: Իր անարատ յղութիւնը Մայրը իր Որդւոյն կը պարտի եւ Քրիստոս ալ իր Մօր կը պարտի իր մարդեղութիւնը: Տիեզերական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, Մարիամ դարձաւ, առաջին լուսաւոր Ճառագայթումը Քրիստոսի Սուրբ Մարմնին, Երբ ան իր Ամբողջական «այո»ն ըսաւ, ընդառաջելով Աստուծոյ Սուրբ կանչին.
«Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղուկ. 1:38):

Սուրբ Կոյս Մարիամ իր կեանքին բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին ո'չ թէ միայն Իր Սիրելի Միածնին, օրինակը հանդիսացաւ այլ նաեւ Քրիստոսի վստահութիւնը շահեցաւ որպէս կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած:
Մարիամ դարձաւ համայն մարդկութեան եւ յատկապէս վարդապետներուն ուղեցոյցը՝ հնազանդելու Աստուծոյ սուրբ կանչին եւ հաստատ քայլերով ընթանալու Անոր խորհրդաւոր եւ իմաստուն ճանապարհէն:
Մարիամի հնազանդութիւնն ու ամբողջական նուիրումը, փայլեցաւ գիսաւոր Աստղի նման, կը փայլի եւ միշտ պիտի փայլի կոչումներու պատմութեան սուրբ էջերուն մէջ:
(Հռոմի վստահութեան Տիրամօր դէպքը յիշել)
Խաչին վրայ Քրիստոս, Իր ամենասիրելի Մայրը՝ Մարիամ, Իր ամենասիրելի աշակերտին յանձնելով, համայն մարդկութեան նուիրեց ոչ՛ միայն իր Սուրբ Մայրը, այլ նաեւ անոր մայրական Սիրտն ու Սէրը համայն մարդկութեան եւ յատկապէս Քրիստոսի Առաքեալներուն:
Քրիստոս Մարիամի մէջ ամբողջութիւն է եւ Մարիամն ալ Քրիստոսի մէջ. Չենք կրնար Քրիստոսի մասին խօսիլ առանց Տիրամայրը չյիշելու եւ փոխադարձաբար: Որովհետեւ Քրիստոնէութիւնը ոչ՛ միայն Տիրամօր հետ ծնաւ, այլ իրմով ծնաւ:
Այսպէսով սկսաւ Հօր Աստուծոյ փրկչագործական սուրբ եւ Խորհրդաւոր ծրագիրը:
Ողջո՜յն ձեզ, Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ Մեծաւորներս ու Տեսուչներս (Մէկ մէկ յիշել): Հ. Ղեւոնդ, Հ. Վարդան, Հ. Գէորգ, Գերապայծառ Խազումեան, Հ. Նարեկ, Գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան, Գերյարգելի Հ. Եղիա Ծ.Վ. Եղիայեան, Հ. Պերճ, Գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեան, Բարի Հայրիկ (Հ. Յովսէփ Քէլէքեան), Հ. Գաբրիէլ եւ Հ. Բարսեղ:(Շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին)
Ողջոյն ձեզ՝ հանգուցեալ Հ. Յովհաննէս Ծ.Վ. Թաշճեան, Հ. Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեան, Մեծ հայրս որուն անունը կը կրեմ եւ միւս մեծ հայրս ու մեծ մայրս (Մինչեւ հիմա կը յիշեմ իր քաղցր եւ հոգելից աղօթքները, յատկապէս իր նշանաւոր խօսքը «Տղաս այդ օրերը պիտի տեսնենք»):
Ողջո՜յն ձեզ Անարատ Յղութեան Հայ Մայրապետներ, յատկապէս Սիրելի Քոյր Ժընըվիեվ (Որովհետեւ ան մօտէն կը զբաղէր ինծմով եւ իմ նեղութեանս ժամանակ միշտ քաղցր խօսքերով զիս կ'ամոքէր):
Ողջո՜յն ձեզ տառապեալներ, հիւանդներ, բանտարկեալներ, նահատակներ եւ սիրելի հաւատացեալ հայորդիներ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իմ սրտիս մէջ յատուկ տեղ մը ունի, որովհետեւ Ուսուցիչիս՝Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, կանչուած եմ ծառայելու եւ աւետարանելու Յարուցեալ Քրիստոսը՝ խօսքով եւ գործով:
Որբին հայր ըլլալու, աղքատը կերակրելու, հիւանդը դարմանելու եւ տառապեալին կողքին կենալու:
Ամենաբարին Աստուած ինծի ձիրք եւ տաղանդ տուաւ, որպէս զի զանոնք իր մեծագոյն փառքին համար օգտագործեմ եւ բազմապատկեմ, Իր Սուրբ Օրհնութեամբ եւ Օժանդակութեամբ:
Սիրելի՛ երիտասարդ ու երիտասարդուհիներ, խօսքս ձեզի է: Եթէ դուք ալ կանչուիք, մի՛ վախնաք ընդառաջելու եւ Սուրբ Կոյս Աստուածածնին նման «այո» ըսէք: Այն ատեն ձեր երկու ձեռքերէն բռնած, Տիրամայրն ու Քրիստոս ձեզի պիտի ընկերակցին մինչեւ ձեր երկրային ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը, ապա ձեզ  յաւիտենական երջանկութեան պիտի արժանացնեն:
Ձեզմէ իւրաքանչիւրէն ներողութիւն կը խնդրեմ (յիշել մէկ մէկ), կը խնդրեմ ձեզմէ որ դուք ալ  ինծի համար աղօթէք, որպէս զի ես ալ կարենամ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսիս Սուրբ եւ Վեհ Քահանայութեան, որովհետեւ ոչ՛ միայն կանչեց այլ նաեւ զիս հաստատեց եւ օծեց:
«Եթէ սխալիմ, սրբագրեցէք զիս»:
Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին խօսքը:

Սիրով՝
Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ