Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2011 - Խաչվերացի տօնն ու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը Հալէպի մէջ


Հալէպ

11 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հալէպի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաչվերացի տօնին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած սուրբ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ հայ կաթողիկէ Բերիոյ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանին:
«Հայ եկեղեցին սուրբ Խաչին նուիրուած 5 տօներ ունի» ըսելով սկսաւ իր քարոզը արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան, Քրիստոսի օրինակը տալով՝ շարունակեց խօսքը «Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս կ'ըսէ՝ Ան որ կ'ուզէ ինծի հետեւիլ, թող առնէ իր խաչը ամէն օր եւ ինծի հետեւի»:
Այնուհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին կրած խաչին անդրադառնալով աւելցուց «մէզմէ ամէն ոք կեանքի ընթացքին խաչ մը ունի, այդ խաչը կրնայ մեծ կամ փոքր, ծանր կամ թեթեւ ըլլալ»:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ միւսին համար երբեմն խաչ մը այսինքն պատուհաս մը ըլլալ:
Հիւանդութիւնը, նիւթական դժուարութիւնները, յուսահատութիւնը եւ այսպիսի պայմաններ մեզի համար խաչեր են: Սակայն այս խաչը կը թեթեւնայ երբ զայն սիրով ընդունինք եւ յօժար կամքով կրենք զայն մեր կեանքի ողջ ընթացքին:
Գերապայծառ տէրը մանրազննին անդրադարձաւ Ռէյհանի օրնութեան խորհուրդին ըսելով «Սովորութեան համաձայն խաչվերացի տօնին կ'օրհնուի Ռէյհանը: Ռիհանը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի ծաղկած խաչը որպէս օրհնութիւն կը տարուի հաւատացեալներու տուները, օրհնուելու եւ ծաղկեցնելու համար:»
Ինչպէս Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս Խաչը ուսին առնելով քալեց, մենք եւս պարտինք կրել մեր խաչը եւ հետեւիլ Քրիստոսին:
Ապա գերապայծառ հայրը Խաչվերացի տօնին առթիւ երգուած «Քառաթեւեան» շարականը մեկնաբանեց ըսելով «Խաչվերացի տօնին կ'երգենք Քառաթեւեան շարականը, զոր օրհնութիւնն է աշխարհի չորս ծագերուն»:
Խաչը չորս կողմեր ունի որոնք կը խորհրդանշեն աշխարհի չորս ծագերը: Առ այդ սուրբ Պատարագէն ետք պիտի ուղուինք դէպի եկեղեցւոյ բակը կատարելու «Անդաստան օրհներգը»:
Ահա թէ ինչու խաչը օգնական է մեզի, թող մեզմէ ամէն մէկը ապաւինի սուրբ Խաչին:
Բարեմաղթութիւններով եւ շնորհաւորանքով գերապայծառ տէրը եզրափակեց խօսքը:

Յաւարտ սուրբ Եւ անմահ Պատարագին արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանը, արհի. տէր Գրիգոր եպս. Գուսան առաջնորդ Եգիպտոսի թեմին, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերպ. Ներսէս վրդ. Զապարեանը եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեցին շնորհաւորանքները:

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ