Պէյրութ
Ինչպէս աշխարհատարած բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ եւս 2 օգոստոս 2015, կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հոգւոյն համար, անոր մահուան քառասունքին առթիւ:
Սուրբ Պատարագը մատուցանեց գերապատիւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան՝ ժողովրդապետը Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ: Իսկ արարողութեան նախագահեց եւ օրուան խօսքը փոխանցեց արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան՝ վաստակաւոր առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին: Խորանին ծառայեց նաեւ արժանապատիւ Տէր Կարապետ քահանայ Թադէոսեան:
Երգեցողութիւնը կատարեցին «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը եւ «Կիլիկիա» ժողովրդապետական երգչախումբը միասին:
Թարգմանը ըլլալով արարողութեան մասնակիցներուն զգացումներուն, որոնք երկար տարիներ վկաները եղած էին երանաշնորհ Հայրապետի կեանքին ու գործունէութեան, Գերապայծառ Հայրը իր խօսքին մէջ ներկաներու մտքերուն ու հոգիներուն մէջ վերակենդանացուց երջանկայիշատակ Հայրապետին տիպար հոգեւորականի օրինակը, վեր առնելով մանաւանդ անոր հոգեւոր յատկութիւնները։ Ան ըսաւ թէ երանաշնորհ Հայրապետը «հոգեւոր կեանքը կը նկատէր կենսական ու անփոխարինելի պայման եկեղեցականի մը կոչումին ու առաքելութեան արդիւնաբերումին: Ան չէր կրնար պահ մը իսկ երեւակայել թէ քահանայ մը կրնայ յաւակնիլ ըլլալ Քրիստոսի աշակերտ եւ առաքեալ, առանց աղօթքը դարձնելու իր կեանքին բեւերը, կորիզն ու սնունդը: Եւ այդ ցոյց կու տար իր հաւատարմութեամբը սուրբ Պատարագի առօրեայ մատուցումին եւ ժամերգութեան: Ծայր աստիճան բծախնդիր էր ծիսական կեանքին հարազատ պահպանումին ու գործադրութեան, զայն նկատելով քրիստոնեայ հասարակութեան պաշտամունքային կեանքին լիակատար ապրումին բարձրագոյն արտայայտութիւնը»:
Երջանկայիշատակ Հայրապետին դեռ եւս թարմ յիշատակին նուիրուած Սուրբ Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները անգամ մը եւս իրենց վշտակցութիւնը փոխանցեցին Արհիապատիւ եւ գեպապատիւ հայրերուն: