Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2009 - Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեան Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բարեսիրական Ճաշկերոյթ

Պէյրութ, Լիբանան

 
Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկթս Պատրիարքին, Կիրակի՝ 1
 
Մարտ 2009-ին, Րիվիէրա պանդոկի «Beryte Ballroom» շքեղ սրահին մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս.Եղիա ժողովրդապետութեան Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութիւնը ունեցաւ իր տարեկան բարեսիրական ճաշկերոյթը:

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքի կղերական դասը, երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար եւ երեսփոխան եւ նախագահ Աղքատախնամ Միութեան մեթր Ժագ Չուխատարեան, ինչպէս նաեւ համայնքի բարերարներն ու բարեկամները:

Հաերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսքը կատարեց գերյ. Եղիա Ծ.Վ. Եղիաեան, որ ներկաներուն բարիգալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան եւ առատաձեռն մասնակցութեան կատարուելիք հանգանակութեան ի նպաստ համայնքիս կարօտեալներուն, ծերերուն, այրիներուն, որբերուն եւ չքաւոր սաներուն:

Ապա խօսք առաւ Ժագ Չուխատարեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային
անկայուն իրավիճակը,
 
անկէ սեռած տնտեսական դժուարութիւններն ու սահմանափակ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն ճնշիչ կարիքները, եւ հետեւաբար դիմեց բարերարներուն բարեացակամութեան որպէսզի Աղքատախնամ Միութիւնը կարենայ լիովին կատարել իրեն վստահուած ազգօգուտ պարտականութիւնը:

Ազքատախնամի վարչութենէն ԹուՖիք Արիս անդրադարձաւ նուիրումի եւ կարօտեալներուն օժանդակութեան կարեւորութեան մասին քրիստոնէական կեանքին մէջ: Ապա ներկայացնելէ ետք անցեալ տարուան ընթացքին կատարուած օժանդակութիւնները, խրախուսեց ներկաները շարունակելու իրենց ներդրումները բերել ի նպաստ Աղքատախնամ Միութեան բարեսիրական ծրագիներուն:

 
Փակման եւ օրհնութեան խօսքը կատարեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ բարձր գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աղքատախնամի
 
վարչութեան նախագահին եւ գործօն անդամներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր բարեկամներուն եւ ներկաներուն իրենց կատարելիք նուիրատուութիւններուն համար, որ կը յայտնաբերէ համայնքի զաւակներուն համագործակցութեան եւ փոխադարձ օժանդակութեան անմրցելի ոգին:

Բարեսիրական ճաշկերոյթը փակուեցաւ յայտարարութեամբ կատարուած նուիրատուութիւններուն ցանկին, որ դարձեալ ցոյց տուաւ մեր համայնքի զաւակներուն գիտակցուիւնը եւ զգայնութիւնը կարօտեալին եւ սահմանափակ կարողութիւն ունեցող ընտանիքներուն հանդէպ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ