Վատիկան, Իտալիա
Նախաձեռնութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ., Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ Սիւնհոդոսական հայրերուն, Ուրբաթ՝ 22 Փետրուար 2008ին, Հռոմի մէջ, Ս. Պետրոսի նուիրուած պազիլիքային կից, Վատիկան, տեղի ունեցաւ անուանումի եւ բացումի հանդիսութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանը շրջապատող հրապարակին:
Հանդիսութեան սկիզբը, Հոգեւոր Տէրը ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապեին այս նախաձեռնութեան համար:
Օրհնութեան աղօթքը եւ բացումը կատարեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը: Ան անդրադարձաւ Ս.Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելութեան մասին եւ մաղթեց որ հայազգի զաւակները միշտ անմար պահեն իրենց մկրտութեան լոյսը:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Սիւնհոդոսական Հայրերուն կողքին` հանդիսութեան մասնակցեցան հոգեւորականներ, բարձրաստիճան կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, քաղաքական հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ, քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գաղութներէն պատուիրակութիւններ եւ ուխտաւորներ: