Երկուշաբթի, 25 Յուլիս 2011 - ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՀԱՅ ՏԻՏԱՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆ…


Սիրելի՛ ընթերցող, մեր Եկեղեցին յուլիս 11-ին կատարեց «Մեծին Ներսէսի հայրապետի» տօնը. մեզի պատեհ առիթը կ՛ընծայուի ծանօթանալու արդիականութիւն ճառագայթող այս սուրբ կաթողիկոսին, որ, անկասկած, այժմէական մեր հսկաներէն մին է:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին անդրանիկ որդին էր Վրթանէս Ա. (285-241) կաթողիկոսը, որուն երկրորդ որդիին` Յուսիկ հայրապետին (341-347) թոռն է Ներսէս Ա. Պարթեւ (329-373): Երեքն ալ լուսապսակի արժանացած սուրբ եկեղեցականներն են, որոնք նախ ամուսնացեալ աշխարհականներ էին պարթեւական ազգատոհմէն:
353-ին Ամենայն Հայոց հոգեւոր տէրը դարձած կաթողիկոսին բազմաբեղուն գործունէութիւնը կը բաժնեմ հինգ մարզերու, որպէսզի կարենաս ունենալ շատ համառօտ տողերու մէջ ամբողջական պատկերը համակ սէր, բուռն թափ, անմար խանդ եւ անխոնջ նուիրում արտացոլող այս սրբակենցաղ կաթողիկոսին:
Առաջին մարզն է հովուականը:
Աւետարանի ճշմարտութիւնները կը սորվեցնէր հայթայթելով սնունդ պապակած հոգիներուն: Յարատեւ քարոզութեամբ Ս. Ներսէս հաւատացեալները կ՛ամրապնդէր, մեղաւորները ապաշխարանքի կը բերէր եւ չարախօսները կը պապանձէր: Ան էր ճշմարտութեան քարոզիչը, արդարութեան պաշտպանը, բոլորին հոգեւոր առաջնորդը:
Երկրորդ մարզն է բարենորոգչականը:
Աշտիշատի մէջ ժողովի հրաւիրեց բոլոր եպիսկոպոսները, վանահայրերն ու վարդապետները: Կանոններ դրուեցան հանրային, ընտանեկան, ընկերային եւ հոգեւորական կեանքերուն մասին: Այսպէս, մարդկային ու կենցաղային յառաջխաղացքը սկսաւ…:
Երրորդ մարզն է մարդասիրա-բարեգործականը:
Ս. Ներսէս կառուցել տուաւ աղքատանոցներ` մուրացկանութեան վերջ դնելու համար: Հիւանդանոցներ` կարօտեալներու եւ անօգնականներու համար: Բորոտանոցներ` ընկերութենէն վտարեալներուն, եւ ուրկանոցներ` փոխանցիկ հիւանդութեամբ վարակուածներուն համար:
Չորրորդ մարզն է ուսումնականը:
Հոգեւոր տէրը ամէնուր բանալ տուաւ դպրոցներ եւ ուսումնարաններ, որոնց մէջ կը դասաւանդուէին ասորերէն ու յունարէն: Գլխաւոր նիւթն էր Աստուածաշունչին ուսուցումը: Երկու օտար լեզուները բերանացի կը վերածէին կամ կը թարգմանէին հայերէնի: «Վերծանող» կամ «թարգմանիչ»ներէն էին Սահակ Պարթեւ ու Մեսրոպ Մաշտոց:
Հինգերորդ մարզն է քաղաքականը:
Ս. Ներսէս խորհրդատու առաջնորդն էր Արշակ Բ. եւ Պապ արքաներուն: Քանի կը հետեւէին կաթողիկոսին հայրենանպաստ, իրատես, արդար եւ խոհեմ ցուցումներուն, Հայաստան գոնէ ներքուստ կը ծաղկէր խաղաղութեան մէջ: Նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ձեռք ձգուեցան որոշ արդիւնքներ:
Օրինակի համար, գործակցութեան ու միասնականութեան համեղ պտուղն եղաւ Ձիրաւի ճակատամարտին մէջ հայկական բանակին տարած փառաւոր յաղթանակը պարսիկներուն դէմ` առաջնորդութեամբ Նպատ լերան բազկատարած աղօթող հայրապետին եւ ռազմավար Մուշեղ Մամիկոնեան սպարապետին:
Իր գործունէութեան այս հինգ մարզերուն բերրիութեամբ` Ս. Ներսէս Ա. Պարթեւ կը հանդիսանայ ներշնչարանն ու տիպարը բոլոր ժամանակներուն մէջ ծառայութեան կոչուած առաջնորդներու եւ ղեկավարներու, եթէ անոնք կ՛ուզեն անմահանալ իրենց վարքով ու գործով…:
Բայց նաեւ դուն ու ես, ինչպէս ալ մենք բոլորս կրնանք սորվիլ եւ պէտք է սորվինք սուրբերէն, որոնք աստուածանման օրինակներն են մեր առօրեային մէջ:
Պատմագիրներու վկայութեամբ, Ս. Ներսէս աղօթասէր, աստուածավախ, պատուիրանապահ, մարդասէր, զգաստ եւ անաչառ անձնաւորութիւնն էր, ինչպէս նաեւ` խոնարհ, քաղցր ու հաշտարար: Կենսագիրը դեռ աւելին կը վկայէ` շեշտելով իր հերոսին աստուածասիրութենէն բխած անոր գործօն եղբայրսիրութիւնն ու ծառայասիրութիւնը:
- Այս առաքինութիւններն ու բարեմասնութիւնները Ս. Ներսէս փաստեց գործնականօրէն`  իր վարակիչ օրինակը կտակելով բոլորիս եւ բոլորին…:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 17 յուլիս 2011


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ