Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցի, Պուրճ Համմուտ
«Եթէ մէկը ուզէ ինծի ծառայել՝ իմ ետեւէս թող գայ, եւ ուր որ ես եմ՝ իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ» (Յովհ. 12, 26)
Վսեմաշուք Նախագահ Զօրավար Միշել Սըլայմանի ներկայացուցիչ՝ Մեծայարգ երեսփոխան Միշէլ Մուսա,
Մեծապատիւ Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պերրիի ներկայացուցիչ՝ Մեծայարգ Երեսփոխան Սերժ Թուր-Սարգիսեան,
Մեծապատիւ Վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ՝ Մեծայարգ երեսփոխան Միշէլ Մուսա,
Հայաստանի հանրապետութեան Մեծայարգ դեսպան՝ Տիար Աշոտ Քոչարեան,
Մեծապատիւ Շէյխ Սաատ Էլտին Էլ Հարիրի եւ Մեծապատիւ Տիար Ֆուատ Էլ Սանիորայի ներկայացուցիչ՝ Մեծայարգ երեսփոխան Ժան Օղասապեան,
Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթոպիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Սրբազան Գեղամ Խաչերեան,
Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակ՝ Արհիապատիւ Կապրիէլէ Քաչիա,
Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք,
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր,
Գերապայծառ, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Հայրեր,
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբեր եւ վերապատուելի Հայրեր,
Արժանապատիւ քահանաներ եւ Բարեշնորհ Սարկաւագներ,
Մեծայարգ պաշտօնական անձնաւորութիւններ՝ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ ներկայացուցիչներ հայկական կազմակերպութիւններու, կրթական մարմիններու եւ հայկական մամուլի,
Առաքինազարդ քոյրեր,
Շատ սիրելի հարազատներ Աշգարեան գերդաստանի,
Բարեպաշտ հաւատացեալներ, եւ վերջապէս՝
Սգակիր ՀԱՅՈՒ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐ, ինչպէս երջանկայիշատակ Գերապայծառ Վարդան Աշգարեան սովոր էր կոչել՝ հայ հաւատացեալ ժողովուրդը՝ Սուրբ Խորանէն, եւ ընդհանրապէս հայ հասարակութիւնը՝ բեմերէն, ուր կը բարձրանար արտասանելու համար իր սրտի խօսքը։
Ան՝ իւրաքանչիւր Հայու մէջ, անկախ անոր քաղաքական ու գաղափարական համոզումներէն եւ դաւանանքային պատկանելիութենէն, այո՛, իւրաքանչիւր Հայու մէջ կը տեսնէր ՀԱՐԱԶԱՏ մը ու անոր մէջ կը գնահատէր ՀԱՅԸ։ Վերջին հրաժեշտի այս յուզումնալի պահուն, կրնանք ըսել որ Երջանկայիշատակ Գերապայծառը ի՛նք եղաւ ամենահարազատ Հայը, ի՛նք մարմնաւորեց Հայու ամէնէն հարազատ կերպարն ու տիպարը։
Արդարեւ, Ան մարմնաւորեց իր ինքնութիւնը յատկանշող երկու հիմնական դիմագիծերը՝ Քրիստոնեան եւ Հայը, քրիստոնեա՛յ Մարդը եւ զտարի՛ւն Հայը միաժամանակ։ Կարելի չէ եւ կարեւոր ալ չէ այդ զոյգ ինքնութեան յատկանիշերէն մէկուն կամ միւսին առաջնահերթութիւնը, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը լրացուցիչն է միւսին, կազմելով ՀԱՐԱԶԱՏ ՀԱՅՈՒ մէկ եւ անբաժանելի ամբողջութիւն մը։ Բոլոր պարագաներուն տակ, երջանկայիշատակ Գերապայծառը չզիջեցաւ մէկէն ի նպաստ միւսին, հաւասարապէս ապրելով քրիստոնեայ Հայու եւ Հայ քրիստոնեայի կեանքով։ Ահա թէ ինչո՛ւ համար Գերապայծառ Վարդան Աշգարեան, իր Մուսա Լեռցի նկարագրով, մարմնաւորեց Հարազատ Հայը։
Զինք մօտէն չճանչցողներն անգամ, կը բաւէ որ ակնարկ մը նետեն անոր կենսագրութեան վրայ համոզուելու համար այս իրականութեան։
Իրականութիւն մը որ սկսաւ յայտնուիլ, երբ 13 մարտ 1954-ին երիտասարդ Անճարցին կրօնաւորական ուխտերով անդամակցեցաւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան։ Ապա, 22 յունուար 1961-ին, ընդառաջելով Յիսուսի կոչին, ծունկի եկաւ Արհիապատիւ Հայր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Հապոզեան Աբբահօր առջեւ եւ ձեռնադրուեցաւ քահանայ ու նուիրուեցաւ Եկեղեցւոյ, եւ Եկեղեցւոյ ճամբով՝ Հայ Ազգի բոլոր զաւակներուն ծառայութեան անխտրաբար։
Վիեննայի Մխիթարեան Ընծայարանին եւ զայն շրջապատող քրիստոնէադրոշմ ու հայակերտ միջավայրին մէջ դարբնուեցաւ ապագայ առաքեալը, Եկեղեցւոյ եւ Ազգին ծառան, Վանքին ապա Վիեննայի պետական համալսարանին ջամբած իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն գիտելիքներով։
1961էն մինչեւ 1964, կարճատեւ կեցութենէ մը ետք Եգիպտոս, ուր իբրեւ փոխ տնօրէն գործեց Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան նորակերտ Վարժարանին մէջ, առաքելութեան ճանապարհը առաջնորդեց երիտասարդ վարդապետը մայրիներու այս չքնաղ երկիրը, Լիբանան, ուր 1964-էն մինչեւ հանգստեան կոչուիլը, տարիքի բերումով, ծառայեց լիբանանահայութեան եւ Լիբանանին։ Ան գործեց հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ հրատարակչական մարզերէն ներս։ Այդ ծառայութեան ճանապարհին վրայ, ան յայտնուեցաւ ո՛չ միայն իբրեւ կրթական մշակ, սերունդներ կրթող դաստիարակ, տնօրէն եւ համալսարանի հայագիտական նիւթերու դասախօս, այլ՝ իբրեւ ներհուն մտաւորական, բանաստեղծ եւ կուռ հրապարակագիր, պերճախօս բեմբասաց
ու քարոզիչ, հատորներու հեղինակ եւ շրջահայեաց կրօնաւոր։ Բայց բոլոր պայմաններուն ու վիճակներուն մէջ, Որդեգիր Կուսի վարդապետ Ապաշխարութեան առաքեալը մնաց խոնարհ եկեղեցական մը, բոլորին սիրելի եւ բոլորէն յարգուած Հայր Վարդանը։
Մխիթարեան կրօնաւոր թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի Փոխանորդ, ուսուցիչ թէ համալսարանի դասախօս, դաստիարակ թէ դպրոցի տնօրէն, հայ մամուլի աշխատակից թէ հայ կաթողիկէ մամուլի խմբագիր, Վարդան Զօրենց գրչանունով ծանօթ յօդուածագիր թէ տասը գիրքերու հեղինակ, ան ճանչցուեցաւ բոլորին կողմէ իբրեւ Հայր Վարդան՝ լիբանանահայութեան բոլոր հատուածներուն ու խաւերուն, բայց մանաւանդ՝ հայ մանուկին, որուն կրթադաստիարակութիւնը եղաւ իր կեանքը առաջնորդող գլխաւոր նպատակներէն մէկը։
Այս նպատակով, ան գրասենեակ մը հաստատեց Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ Բարձրագոյն վարժարան, ուր ամէն առաւօտ կÿուղղուէր ինքզինք աւելի մօտ զգալու իր սիրելի հայորդի աշակերտներուն, եւ ուր իր գրասենեակին դուռը միշտ բաց էր ընդունելու համար կարօտեալ պարագաները, կամ հարց ունեցող հայրերն ու մայրերը։ Հայր Վարդան տեսնել ուզողը կամ իրմէ ծառայութիւն ակնկալողը՝ զինք հոն կը գտնէր, առանց կանխայայտ ժամադրութեան։ Ան ալ միշտ տրամադրելի էր եւ ամէն մարդ սիրով կ'ընդունէր։
Գերապայծառ Աշգարեան, այդ նուիրական ծառայութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար, պատրաստ եղաւ յանձն առնելու ամէն զոհողութիւն եւ զոհելու ամէն ինչ որ ունէր։ Որովհետեւ հայ մանուկին հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը՝ պայմանը նկատեց ազգապահպանումին, անխառն հայրենասիրութեան եւ Լիբանանին նման աշխարհին պատգամ դառնալու կոչուած երկրի մը՝ օրինապահ քաղաքացիի եւ հարազատ Հայու կերտումին։
Գերապայծառ Աշգարեան, ի յիշատակ իր շատ սիրելի հօր եւ մօր անունին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ կանգնել տուաւ հոյակապ արձան մը, հայերէն այբուբենի գիւտաբար եւ նախահայր Մեսրոպ Մաշտոցին, այբուբենի գիւտի 1600 ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով, որ կեդրոնը դարձաւ Մեսրոպեան վարժարանին բոլոր ելոյթներուն եւ հանդէսներուն, զարկ տալու համար հայ գիրին ու հայ լեզուին եւ լուսաշող փարոս մը բարձրացնելու Լիբանանի առաջնակարգ հայ գաղութին կեդրոնը՝ Պուրճ Համմուտ։
Հինգ տարի առաջ, բաց սրտի կրկնակի ծանր վիրաբուժական գործողութեան հետեւանքով, ֆիզիքապէս տկարացած բայց միշտ արթնամիտ մնալով, Գերապայծառ Աշգարեանը դանդաղաշարժ քայլերով կը շարունակէր իր առօրեան։
Հանգստեան կոչուած, անցեալ Յունուարին կը մեկնի իր մայրավանքը, Վիեննա, ուր կը շարունակէ իր կրօնաւորի ներանձնական կեանքը աղօթքով եւ
խոկումներով։ Հոն, այդ ամփոփ վանական մթնոլորտին մէջ, նման իր նախորդ եղբայրակիցներուն, Հայր Վարդանը կը պատրաստուէր յուսատու նպատակին, իր Արարչին գլխաւոր հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ անակնկալ անհանգստութենէ մը ետք Յուլիս 28-ին, միանալու համար իր ծնողած եւ մեր հայ սուրբերու ու բիւրաւոր նահատակներուն հետ միասին յաւիտենական յարկերուն մէջ, ուր պիտի լսէ Յիսուս Քրիստոսի սա մխիթարական խօսքը. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մտթ. 25, 21). Ամէն։
+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց