Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2007 - Արհի. Թէյրուզեանի Քարոզը Լիբանանեան Բանակի Նահատակներուն Նուրուած Ս.Պատարագի Ընթացքին

 

Պէյրութ, Լիբանան

 
Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, Շաբաթ՝ 22 Սեպտեմբեր 2007 ժամը 6:00ին, ԱշրաՖիէի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն  յիշատակելու համար Լիբանանեան Բանակի  նահատակ զինուորներու հոգիները:
Օրուան Պատարագը մատուցեց Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան եւ փոխանցեց հետեւեալ քարոզը. 

«Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար»: (Յովհ. 15, 13): Յիսուսի խօսքը Հոգեհանգստեան հոեպարար պաշտօնին յարմարեցընելով այսօրուայ հրամայականին, կրնանք ըսել նաեւ. «Չկայ աւելի մեծ սէր քան կեանքը զոհել հայրենիքին համար»:
Այսօր Հոս եկած ենք հայկական երախտագէտ հոգիով աղօթք բարձրացնելու Լիբանանի, հայրենիքի անկախութեան պահպանման նուիրական ճանապարհին վրայ իրենց արիւնը թափող Լիբանանեան բանակի հերոսներուն հոգիներուն համար: Հերոսները չեն մեռնիր: Անոնց սրբազան զոհաբերումը կը մնայ մեր հաւաքական խղճին ու սրտին մէջ որպէս լուսաւոր ճանապա՛րհ պայքարի եւ ազատ կեանքի:
Հայերս, որոնք 1.5 միլիոն նահատակներ տուող ազգի մը զաւակներն ենք, շատ լաւ կը հասկնանք հայրենիքի համար նահատակուելու սրբազան զոհաբերումի իմաստը: Այսօր հոս եկած ենք, վեր պահելու, Լիբանանի Նահր Էլ Պարէտի արիւինալի վերջին դէպքերուն բանակի անձնուէր ու խիզախ զինուորներուն հերոսութիւնը: Ասոնք հերոսա¬բար իրենց արիւնը զոհեցին Հայրենիքի անկախութեան դաշտին վրայ եւ գիտցան վերանալ բաժանումներէն ու անձնական շահերէն, փրկելու համար հայրենիքի արժանապատուութիւնը, երկրին անգին գերիշխանութիւնը եւ ժողովուրդին անգնահատելի ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Մենք ի՞նչպէս կ‏’ապրինք այս կեանքը եւ խաղաղութիւնը, զորս անոնք իրենց արիւնով կտակեցին մեզի: Կարելի չէ ազգ մը կերտել, պահել ու ծաղկեցնել ընչաքաղցութեամբ, հպարտութեամբ, բռնատիրութեամբ ու ստրկութեամբ: Ճշմարիտ հայրենասիրութեան հիմերը հաստատ են ու ամուր.
 
- երբ ամէնքս կը ձերբազատուինք մեր «ես»էն: Արդարեւ Քրիստոս մեզի կ‏’‏ըսէ. «Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի այնպէս ալ դուք զիրար սիրե¬էք» (Յովհ. 13, 34):
- երբ ամէնքս կը ձերբազատուինք մեր անիմաստ մտավախութիւններէն: Արդարեւ Քրիստոս մեզի յոյս կը ներշնչէ ու կ‏’ը¬սէ. «Մի վախնաք... յառաջացէք դէպի բացերը եւ ուռկանները նետեցէք» (Ղուկ. 5, 6):
- երբ ամէնքս կը ձերբազատուինք մեր անտարբերութենէն ու կրաւորականութենէն: Արդարեւ Քրիստոս մեզի կ‏’ըսէ. «Չի բաւեր, Տէ‏՛ր, Տէ՛ր ըսել ինծի` երկինքի Արքայութիւնը մտնելու համար. այլ պէտք է կատարել երկնաւոր Հօր կամքը»  (Մատթ. 7, 21):
- երբ ամէնքս ունենանք գաղափարական մը վսեմ, ինչպէս է Հայրենիքի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու բարգաւաճումը:

Եղբայրներ ու քոյրեր, քննադատական ու խծբծանքի խօսքերով Հայրենիք չի կերտուիր: Առողջ եւ Սիրոյ քաղաքակրթութիւն մը կը կերտենք երբ կը վերադառնանք հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն: Ազատ, գերիշխան ու անկախ հայրենիք մը կերտելու համար անհրաժեշտ է անկեղծ սէրը, գաղափարներու փոխանակումը, հասկացողութիւնը, համերաշխութիւնն ու միութիւնը‏: Լիբանանցիներս հրաւիրուած ենք մեր միասնականութեան պողպատեայ վահանով մարտնչելու այն բոլոր յայտնի եւ անյայտ թշնամիներուն դէմ, որոնք կ‏’‏ուզեն մեր իրաւունքները խլել մեզմէ եւ խաթարել մեր ինքնութիւնն ու կամքը:
Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք մարտիրոս զինուորներուն հոգիներուն հանգստեան եւ փրկութեան համար ու կ‏ը խնդրենք անոնց բարեխօսութիւնը Հայրենիքի խաղաղութեան ու բարգաւաճումին համար: Թող անոնց անմահ յիշատակը խթան հանդիսանայ մեր հոգիներուն, որպէսզի վանենք մեր սրտէն ամէն տեսակ եսասիրութիւն ու խորհինք լոկ հայրենիքին բարիքը ու վերելքը: Կեցցէ՛ Լիբանանը, կենակցութեան հայրենիքը, անմահ մնայ յիշատակը հայրենիքի հերոս զինուորներուն:  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ