Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2012 - Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ Լիբանան այցելութեան մասին


Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի Աւարտին Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ խաղաղութեան նշանի տակ Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին։

Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառնային պալատէն արտասանած հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց հոն համախմբուած հաւատացեալներոնւ եւ ուխտաւորներուն ֆրանսերէն լեզուով յատուկէն անդրադառնալով, յառաջիկայ օրերուն, Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։

Սիրելի ուխտաւորներ եւ Ռատիօյի կամ հեռուստատեսիլի միջոցաւ հետեւողներ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - յառաջիկայ օրերուն առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնիմ լիբանան, Միջին Արեւեքլի Եկեղեցիներուն յանձնելու առաքելական յորդորագիրը որ պտուղն է 2010-ի հոկտեմբերին վատիկանի մէջ գումարուած Միջին Արեւեքլի կաթողիկէ Եկեղեցիներու յատկացուած յատուկ սիւնհոդոսին։ Ուրախութիւնը պիտի ունենամ հանդիպելու Լիբանանի ժողովուրդին եւ Լիբանանի պատկան իշխանութիւններուն ինչպէս նաեւ այս սիրելի երկրին քրիստոնեայ հասարակութեան ու բոլոր անոնց որոնք Լիբանան ժամանած են դրացի երկիրներէն։

Գիտակից եմ տարապալից այն իրավիճակին որուն մէջ կ'ապրին շրջանի ժողովուրդները եւ կը հասկնամ անոնց անհանգստութիւնը ու անոնց առօրեայ ցաւերը, որ շատ անգամ անբուժելի են ու յաճախ կը սպառնան անոնց ընտանեկան ու անհատական կեանքին։

Յատուկ ակնարկ մը կ'ուղղեմ բոլոր անոնց որ կը ձգտին խաղաղ վայրերու ու կը ստիպուին ապրելու գաղթականութեան փորձառութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ դժուար կը թուի լուծումներ գտնել տարածաշրջանի համար կարելի չէ յուսալքուիլ ու բռնութիւններու եւ լարուածութիւններու յանձնուիլ - յարեց Նորին Սրբութիւնը յորդորելով որ - Երկխօսութեան եւ հաշտեցումի ի սպաս յանձնառումը ըլլալու է բոլոր կողմերու առաջնահերթութիւնը, միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ, որ օրէ օր աւելիով գիտակից կը դառնայ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումին կարեւորութեան։
Լիբանան կատարած առաքելական ուղեւորութիւնս որ կ'ընգրկէ Միջին Արեւելքի ամբողջականութիւնը խաղաղութեան նշանի տակ ուղեւորութիւն մըն է եւ կը կրկնէ Քրիստոսի խօսքը «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ» (Յովհ. 17, 27)։ Թող Աստուած օրհնէ Լիբանանը եւ Միջին Արեւելքը։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=619616


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ