Երեքշաբթի, 31 Յուլիս 2007 - Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Խօսքը Զմմառու Միաբանական Ժողովի Փակման Առթիւ

 

Սիրելի միաբանակից եղբայրներ,

Ձեզի հետ Աստուծոյ գոհաբանական աղօթք կ’ուզեմ բարձրացնել, որ այս Ընդհանուր Միաբանական Ժողովը բարիով եւ համերաշխութեամբ հասաւ իր լրումին, յետ երկար խորհրդածութիւններու եւ անկեղծ գաղափարներու փոխանակումի՝ նախ Պատրիարքական Փոխանորդի եւ ապա վարչութեան չորս անդամներու ընտրութեամբ՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Զմմառու Տիրամօր խնամքով:

Շնորհակալութիւն բոլորիդ, եղբայրներ, ձեր դրական մասնակցութեան համար: Յատուկ գնահատութիւն կ’ուզեմ արտայայտել ատենավար՝ Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Կռանեանին, որ աչալրջութեամբ, միաբանական երկար փորձառութեամբ եւ համբերութեամբ բազմաւ վարեց ժողովին նիստերը եւ մեզ ճոխացուց իր շինիչ խորհրդածութիւններովը: Կը գնահատեմ նաեւ աշխատանքը երկու ատենագիրներուն՝ յանձինս Գերյ. Հայր Յովսէփ Ծ.Վրդ. Քէլէկեանի եւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի, ինչպէս նաեւ երկու քուէախոյզներուն՝ յանձինս Հայր Եղիա Վրդ. Դերձակեանի եւ Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի:

Յատուկ շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել աւարտող վարչութեան անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ Գերպ. Հայր Գէորգ Թ.Ծ.Վրդ. Եղիայեանի, որ մեծ նուաճումներ արձանագրեց Զմմառու Միաբանութեան ընդհանրապէս եւ Զմմառու Տիրամօր Վանքին մասնաւորապէս: Կ’ողջունեմ մեր սիրելի նորընծաները, ինչպէս նաեւ վանքին պաշտօնեաները իրենց նուիրումի եւ ծառայութեան ոգիին համար՝ հանգստաւէտ կեցութիւն մը մեզի ապահովելու նպատակով:

Կը յուսամ, որ ասկէ ետք միաբաններուն միջեւ տիրէ եղբայրական սիրոյ փոխադարձ յարաբերութիւն հիմնուած յարգանքի եւ եղբայրասէր միաբանական ոգիին վրայ, հեռու սին քննադատութիւններէ, աւելորդ հետաքրքրութիւններէ եւ վնասակար ծաղրանքներէ: Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութիւնը կը հայցեմ բոլորիս համար, ի մասնաւորի նորընտիր վարչութեան անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ Գերպ. Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի: Թո՛ղ կոչումներու հայցը եւ միաբաններու միասնականութիւնը իրենց առաջնահերթ մտահոգութիւնը ըլլայ:

Սիրելի Եղբայրներ,
Յետեւի՛նք մեր նախնիքներու օրինակելի կենցաղին՝ անոնց ջերմեռանդութեան, զոհողութեան եւ հնազանդութեան ոգիին՝
ի փառս Աստուծոյ,
ի պայծառութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան,
ի ծառայութիւն հայ ժողովուրդին եւ
ի պարծանս Զմմառեան բազմադարեան Միաբանութեան:
Թո՛ղ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ մեր վրայէն:


† Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
 Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
 Ընդհանուր Մեծաւոր Զմմառեան Պատրիարքական Միաբանութեան
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ