Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2007 - Շնորհաւորագիր Տիար Բակօ Սահակեանին՝ Նորընտիր Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

 

Զմմառ, 24 Յուլիս 2007

Դիւան թիւ 159/07

Վսեմաշուք Տիար Բակօ Սահակեան
Նորընտիր Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

Ուրախութեամբ կ’ողջունենք եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Ձեր ընտրութեան առիթով: Ձեր ընտրութիւնը յաչս միջազգային ընտանիքին հանդիսացաւ նորագոյն եւ ցայտուն մէկ վկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ժողովրդավարականացման գործընթացի նուիրագործումին եւ անոր պետականութեան լիարժէք կայացումին:

Ձեր ընտրութիւնը միաժամանակ վկայութիւնն է Արցախի ժողովուրդին Ձեզի հանդէպ ունեցած վստահութեան, զոր վստահ ենք որ պիտի արդարացնէք նոր թափ ու որակ տալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացումին՝ կայացած պետականութեան մը յատուկ բոլոր բնագաւառներէն ներս:

Մենք, մեր կարգին, կը վստահեցնենք Ձեզ որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ հասարակութիւնը՝ իրենց բոլոր կառոյցներով եւ աշխարհասփիւռ հաստատութիւններով պիտի շարունակեն իրենց հնարաւորութիւններուն ներած չափով իրենց մասնակցութիւնը բերել այդ զարգացումին, համոզուած ըլլալով որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացումը եւ անոր պետականութեան զօրացումը համայն Հայութեան խնդիրն է:

Վսեմաշուք Պարոն Նախագահ, Ձեզի եւ Ձեր գլխաւորած իշխանութեան կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն եւ Մեր մաղթանքներուն կը միացնենք Մեր Աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի Ձեր, Ձեր գործակիցներուն ու համայն Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդին վրայէն անպակաս ընէ իր հովանին:

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով՝

        
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ