Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2008 - Քոյր Վերժին Ախրապեանի Յիսնամեայ Գործունէութեան Առիթով Գոհաբանական Ս.Պատարագ

Լիբանան

 
Կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» կեդրոնին, Շաբաթ 27 Սեպտեմբեր 2008-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի հիմնադիրներէն եւ «Զուարթնոց»ի աշակերտներու սրտագին բարեկամ քոյր Վերժին Ախրապեանի կրօնական նուիրումի յիսնամեայ յոբելեանի առիթով գոհաբանական ձայնաւոր Ս. Պատարագ՝ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու եւ հաւատացեալներու:

Ս. Պատարագը մատուցեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի Իրաքի թեմի Առաջնորդ Էմմանուէլ արք. Տապպաղեան (Ախրապեան), որ իր քարոզին մէջ բարձրօրէն գնահատեց քոյր Վերժին Ախրապեանի նուիրումն ու ծառայութիւնը՝ եկեղեցւոյ եւ «Զուարթնոց» կեդրոնին նկատմամբ: Տապպաղեան նշեց, որ քոյր Վերժինը նոյնիսկ պատերազմի վատ պայմաններուն հաւատարիմ մնացած էր իր առաքելութեան:

Ապա գերապայծառը շեշտեց, որ ենթական կը վայելէր իր շրջապատին ջերմ վստահութիւնը, քանի որ ան իր աշխատանքով ու նուիրումով օժանդակած էր բոլոր կարիքաւորներուն: Անդրադառնալէ ետք 50-ամեայ վաստակ ունեցող քոյր Վերժին Ախրապեանի գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն եւ իրագործումներուն՝ Էմմանուէլ արքեպիսկոպոս ըսաւ, թէ այս հաւաքը առիթ մըն է վերանորոգելու Աստուծոյ ծառայելու ուխտը ու յաւելեալ թափով եւ նոր եռանդով շարունակելու իր կտակը:

Իր խօսքի աւարտին Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեան կոչ ուղղեց ներկայ երիտասարդութեան մտածելու եկեղեցւոյ մասին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ունենալու ծառայողական մասնակցութիւն:

Ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ «Զուարթնոց»ի աշակերտները ներկայացուցին պար մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ