Կիրակի, 15 Յունուար 2012 - Գասպարեան Հոգեւոր տիրոջ Ա. Տարելիցի առթիւ հայրապետական սուրբ Պատարագ


Զալքա, Լիբանան

Այսօր՝ կիրակի, 15 յունուար 2012,  առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Զալքայի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ,  երջանակայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքի մահուան տարելիցին առթիւ տեղի ունեցաւ հայրապետական սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, զոր մատոյց ամենապատիւ տէր  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը։

Այս Առթիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր արտասանած քարոզին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ.
Տարի մը առաջ, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը իր մահկանացուն կնքեց ընդառաջելով Տիրոջ կոչին։ Եւ ինչպէս որ ըսած էի անցեալ տարի, Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ յիշատակը վառ պիտի մնայ զինք ճանչցողներուն մօտ, այս շաբաթը աշխարհի վրայ մեր զանազան առաքելավայրերուն մէջ յատուկէն իր անունը պիտի յիշուի, սուրբ Պատարագներ պիտի մատուցուին եւ աղօթքներ պիտի բարձրանան անոր հոգիին հանգստեան համար։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսելով մահուան մասին որը մեզի քրիստոնեաներուս համար անցք է դէպի է սուրբ Հոգիի կեանքին եւ լոյսի կեանքին, ըսաւ որ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք ինչպէս սուրբ  Պօղոս կ՚ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է եւ մեռնիլը շահ։ Բաղձանք ունիմ մեկնիլ եւ ըլլալ Քրիստոսին հետ, որովհետեւ ասիկա անհամեմատօրէն աւելի լաւ է» (Փիլ 1,21,23)։
Խօսելով Աստուածամօր միջնորդութեան մասին իր Որդւոյն մօտ, յատկապէս Կանայի հարսանիքին ընթացքին երբ Յիսուս ջուրը գինիի փոխեց, ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը ըսաւ ՜՜դէպքը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուածամայրը լաւագոյն միջնորդն է Յիսուսի սիրտին հասնելու համար։ Երջանկայիշատակ Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը անկէ համոզուած էր եւ ամէն օր սուրբ Վարդարանը կ՚աղօթէր, երկնային Մօրմէն հայցելով լոյս եւ խաղաղութիւն իր հաւատացեալներուն համար, մանաւանդ անոնց համար, որոնք յատուկէն իրմէ աղօթք խնդրած էին, բայց նաեւ՝ Լիբանանցի ժողովուրդին համար, այդ խռովութեան եւ ալեկոծեալ օրերուն ընթացքին։
Մեր մայրը Ս. Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ, որ հաւատքով, հաստատամտութեամբ եւ յարատեւութեամբ կատարած աղօթքը ընդունելի կ՚ըլլայ Աստուծոյ կողմէ։ Գիտակից անոր, Գասպարեան Հոգեւոր Տէրը, իր կեանքին վերջին տարիներուն, օրական երկրպագութեան աղօթք կը կատարէր սուրբ  Հաղորդութեան առջեւ։
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. պատրիարքին Հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագին ընթացքին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. հոգեւոր տէրը հրաւիրեց հւատացեալները որ յատուկէն աղօթեն հոգիին հանգստեան համար, ան ըսաւ, ինչպէս որ Ս. Եկեղեցին մեզի կը դասաւանդէ, որ միայն մեր աղօթքներով եւ բարեգործութիւններով է որ կրնանք օգտակար դառնալ մեր սիրելի ննջեցեալ հոգիներուն։
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, սոյն եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ ներկաները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ու հայ կաթողիկէ համայքի քահանաներուն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ