Անթուրա, Լիբանան
Ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2010, յետմիջօրէին ժամը 4.30-ին, Զմմառու Անարատ Յղութեան Նախախնամութեան Տան սանուհիները ընկերակցութեամբ մեծաւորուհի քոյր Զապէլ Արծրունիի, քոյր Օսաննայի եւ քոյր Փոլինի, այցելեցին Այնթուրայի սուրբ Յովսէփ վարժարանի մէջ գտնուող 1915-ի զոհ գացած 200 հայ որբերու գերեզմանոց յուշակոթողը:
Հայր Մովսէս Տօնանեանի եւ հայր Նարեկ Լուիսեանի նահատակ որբերու դիտաւորութեան հոգեհանգստեան պաշտօնի աղօթքէն ետք սանուհիները Աստուածածնի նուիրուած տաղ մը երգեցին:
Ուխտագնացութեան աւարտին, հայր Նարեկ պատմականը կատարեց 1915-ին այդ դպրոցին մէջ գտնուող երախաներու պատահած ցաւալի վախճանին: