Պէյրութ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը 26 օգոստոս 2015-ին պիտի մեկնի Հռոմ, ուր պիտի նախագահէ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի ժողովին։ Այս առթիւ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ՝ սիւնհոդոսական հայրերը պիտի ընդունուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը 23 սեպտեմբեր 2015-ին Հռոմէն պիտի մեկնի Երեւան՝ մասնակցելու համար Կիւմրիի «Սրբոց Նահատակաց» Եկեղեցւոյ օծումին եւ ապա, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի ժողովին:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը Երեւանէն պիտի վերադառնայ Հռոմ, մասնակցելու համար Ընտանիքին նուիրուած Հռոմի Սիւնհոդոսին, որ պիտի սկսի 4 հոկտեմբեր 2015-ին:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը Լիբանան պիտի վերադառնայ 31 հոկտեմբեր 2015-ին: