Քեսապ, Սուրիա
Կիրակի, 27 յունիս 2010, առաւօտեան ժամը 10-ին, Քեսապի հայ կաթողիկէ սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաջին Հաղորդութեան հանդիսութեան սուրբ Պատարագ հանդիսապետութեամբ՝ Պէյրութի պատրիարքական թեմի առաջնորդ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, եւ առընթերակայութեամբ՝ Սուրիոյ բարձր Ժազիրէի առաջնորդական փոխանորդ գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Այվազեանի եւ Քեսապի ժողովրդապետ հայր Գարեգին վրդ. Քէօշքերեանի:
Գերպայծառ հայրը իր քարոզին մէջ ուղղուեցաւ առաջին Հաղորդութեան ներկայացուող 9 փոքրիկներուն, անոնց յիշեցնելով Յիսուսի հովուական սէրը:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Այվազեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց փոքրիկներուն, սուրբ Հաղորդութեան շնորհքին մասին: Ապա ժողովրդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ հօր եւ գերյարգելի վարդապետին, շնորհաւորելով փոքրիկները եւ անոնց ծնողները:
Յետ Պատարագին տեղի ունեցաւ նուէրներու բաշխում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: