Վատիկան
Սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան պապը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները աղօթելու Ասիոյ դաստիարակներուն եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, ինչպէս որ կը սորվեցնէ աղօթքի առաքելութիւնը։
Այսուհետեւ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին ընդհանրական աղօթքի դիտաւորութիւնը հետեւեալն է. «Բոլոր ուսուցիչներուն համար, որպէսզի գիտնան փոխանցել ճշմարտութեան սէրը, եւ դաստիարակեն բարոյական ու հոգեւոր ճշմարիտ արժէքները»։
Ինչպէս նաեւ սրբազան պապը կ՛առաջարկէ այս առաքելական դիտաւորութիւնը Ասիոյ Եկեղեցւոյ համար. «Ասիոյ ցամաքամասի տարածքին բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, որպէսզի ջերմեռանդութեամբ հռչակեն Աւետարանը, եւ վկայեն անոր գեղեցկութեան մասին իրենց հաւատքի հրճուանքով»։