Րիօ Տը Ճենեյրօ
Երեքշաբթի, 23 յուլիս 2013, 28րդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու բացումը տեղի ունեցաւ Պրազիլի «Copacabana» ծովեզերքին վրայ, բացօթեայ սուրբ Պատարագով հանդիսապետութեամբ Րիօ Տը Ժանեյրօ քաղաքի արքեպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ շուրջ 500-600 հազար հաւատացեալ երիտասարդներու եւ ուխտաւորներու: Պատարագիչ արքեպիսկոպոսը իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն Քրիստոսի եռանդուն առաքեալները ըլլալու բոլոր ազգերուն համար: Ան ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը ճիշդ պատասխանն է ներկայ ընկերային տագնապներուն:
Նախքան հանդիսաւոր Պատարագին սկիզբը, հակառակ եղանակի աննպաստ պայմաններուն, ներկայացուեցաւ հոգեւոր երգերու շարք մը:
Նշենք, որ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը սկիզբ առին 1987-ին երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի նախաձեռնութեամբ, Արժանթինի Պուէնոս Այրէս քաղաքին մէջ: