Շաբաթ, 8 Փետրուար 2014 - Հայ ընկերային ծառայողները այցելեցին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ
Պէյրութ

Երեքշաբթի, 4 Յունուար 2014, կէսօրին, Լիբանանի հայ ընկերային ծառայողներու Միութեան  բազմանդամ մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց ամենապատիւ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի, Հայ Աւետարանական Միութեան, Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամի,  Գարակէօզեանի, Ճինիշեանի, ՔԱՀԼի, Զուարթնոց Կեդրոնի, Գարիթասի եւ World Vision-ի ներկայացուցիչները։  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց ներկաները, որոնց կողմէ խօսք առնելով Միութեան ատենապետը, տիար Զաւէն Թղլեան ներկայացուց Միութիւնը, անոր նպատակները, ծրագիրները  գործունէութիւնը  ի սպաս հայ կարիքաւորներու առանց որեւէ խտրութեան։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց եւ գնահատեց միութեան ծաւալած աստուածահաճոյ, ազգանպաստ եւ բազմօգուտ աշխատանքը, յիշեցնելով Յիսուսին խօսքը. «Ինչ որ ընէք այս փոքրիկներէն մէկուն որ ինծի կը հաւատայ՝ ինծի կ'ընէք»։ Հոգեւոր Տէրը ընկերային ծառայողներուն վստահեցուց որ իրենց ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ, եւ մէջբերելով սուրբ Պօղոսի  վկայութիւնը ծառայութեան վերաբերեալ Յիսուսի մէկ յայտարարութեան մասին, ըսաւ թէ «աւելի երջանկութիւն կայ տալուն մէջ քան առնելուն»։ Ապա, ան մեծապէս գնահատեց  լիբանանահայ բարեսիրական միութիւններուն միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ ձեռք ձեռքի աշխատանքը  յօգուտ Լիբանանի հայ համայնքի անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն։ Ան միաժամանակ շեշտեց  ծառայութիւնը ուրախութեամբ եւ ժպիտով կատարելու եւ զայն ընդունողին արժանապատուութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը։  Հոգեւոր Տէրը հուսկ ըսաւ թէ տարագրութեան ու գաղթականութեան բոլոր դժուարութիւններն ու զրկանքները ճաշակած մեր ժողովուրդի զաւակները երբեք չյուսահատեցան,  գործեցին ու ստեղծագործեցին հաւատարմութեամբ եւ եղան նախաձեռնող։ Ան շեշտեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն  մօտ  Հայ Ազգին յատուկ այս արժանիքները վառ պահելու անհրաժեշտութիւնը։
 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ