Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Բոսորագեղ Արշալոյսին Եւ Նորափթիթ Գարունին Յուսադրիչ Ակնկալութեամբ…

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Բոսորագեղ Արշալոյսին Եւ Նորափթիթ Գարունին Յուսադրիչ Ակնկալութեամբ…

Սիրելի՛ հայր Միքայէլ, կիրակի է այսօր. կը պատրաստէի քարոզս երանելի Կոմիտաս քհնյ. Քէօմիւրճեան (1656-1707) նահատակին մասին, քանի երէկ կատարեցինք անոր տօնը, երբ մէկէն միտքս եկար դուն, որ ամիսներէ ի վեր կը գտնուիս քեզ առեւանգողներու որջին մէջ…
Վերապրեցայ այն աննկարագրելի խռովքն ու յուզումը, որոնք ատենին ողողեցին իմ ներաշխարհս, երբ Հալէպի մէջ քու առեւանգումիդ բօթն առի:
Դուն ժպտերե՛ս եւ գերզգայո՛ւն մարդ, դուն անմե՛ղ ու համե՛ստ երիտասարդ, դուն նորօ՛ծ եւ միւռոնուա՛ծ վարդապետ, դուն եռանդո՛ւն ու գիտակի՛ց առաքեալ՝ պարտականութեանդ ճանապարհին վրայ զոհ դարձար խաւարին և ատելութեան, երբ կոչումովդ դեռ նո՜ր սկսած էիր սփռել լոյս ու սէր:
Վերապրումիս մէջ նաեւ շառայլեց յիշատակ մը: 2005-ի սեպտեմբերի վերջերը եւ հոկտեմբերի սկիզբներն էին, երբ քեզի եւ ընկերներուդ՝ Հռոմի Լեւոնեան Ք. հայ վարժարանին աստուածաբանական ժառանգաւորներուդ դասաւանդեցի հայերէնագիտական նիւթեր, որոնց աւարտին իւրաքանչիւրէդ պահանջեցի շարադրական աշխատանք մը:
Անակնկալի եկաք ու դժկամեցաք: Նաեւ դուն՝ խնդումերե՜ս… Սակայն լսած կամ գիտցած ըլլալով, որ դաստիարակս ու դասատուս ոչ միայն խստապահանջ, այլ նաեւ անզիջող էի, տրուած աշխատանքը կատարեցիք, եւ այն՝ ժպիտո՜վ, քանի նաեւ համոզուեցաք իմ խօսքերէս՝ ըսուած ձեր ընելիք ջանքերուն օգտակարութեան մասին:
Մեր «Մուսա Լեռ» ամսաթերթին նոյեմբերի համարին մէջ հրատարակուած ու «Սուրբ Նիկողայոս եկեղիցին» վերտառեալ՝ «Հռոմ, 30 սեպտեմբեր 2005» թուակիր յօդուածէդ կը մէջբերեմ այս պարբերութիւնը, որ այսօր թէ՛ կը հայի մեր տօնակատարութեան եւ թէ՛ ալ անկէ անդին ու վեր՝ կրնայ (՞) դիպիլ իր կրկնակի տարողութեան մէջ:
«Աւագ խորանի աջ կողմը կը տեսնենք իւղանկարն երանելի տէր Կոմիտաս Քէօմիւրճեանի, որ նահատակուեցաւ 5 նոյեմբեր 1707-ին, Կ. Պոլիս,  Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ: Նահատակուեցաւ իր կաթողիկէ հաւատքին համար: Ընդհանուր եկեղեցին զայն «երանելի» հռչակեց 23 յունիս 1929-ին: Խորանին վրայ արձանագրութիւնը կը կարդանք. «Վկայն Քրիստոսի երանելի տէր Կոմիտաս»:
«Զի՞ է, որդեակ» (Ծն. 22,7). «մէկէն միտքս եկար դուն» վերի նախադասութիւնը ապացոյցն է մշտատեւ առկայութեանդ իմ ներաշխարհիս ծիրէն ներս: Եւ ինչպէ՞ս կրնամ մոռնալ քեզ, «խոստովանող Քրիստոսի» (Յվհ. 9,22), որուն հանդէպ եռուն նախանձով համակուած է հոգեմտաւոր էութիւնս: Քեզի խոստովանի՞մ… Առեւանգումիդ յաջորդած շաբաթներուն՝ «որպէս հուր նախանձ քո մաշեաց զիս» (Սղմս. 78,5 եւ 118,139), քանի «ցանկանալով ցանկացայ» (Ղկ. 22,15) փոխանակուիլ քեզի հետ, դառնալ փոխարէնդ եւ ըլլալ տեղդ…:
Սակայն, երբ հոգեկան եռքիս մէջ ու ներքին նախանձայոյզէս թելադրուելով՝ շրջապատէս ոմանց արտայայտուեցայ իմ այս սիրայօժար տրամադրելիութեանս մասին, հանդիպեցայ բազմագունեղ հակազդեցութիւններու… Առաջինը լուռ մնաց: Երկրորդն անակնկալի մատնուեցաւ: Երրորդին ժխտական դիմագիծերը տեսնելու էիր: Հարազատ մը դժգոհեցաւ: «Հասկցող» մը համարեցաւ անընդունելի թէ՛ Մեծաւորներէն եւ թէ՛ առեւանգողներէն։
Առաւել, «նախանձ տան քոյ կերիցէ զիս» (Յվհ. 2,17) պարտաւորութեան տակ էի, «Եղբայր սիրելի» (Տով. 10,15), որով պարտադրուեցայ սկսուած շինարարական աշխատանքները շարունակել «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» մեր վաթսունամեայ եկեղեցիին նորոգութեան համար, զոր աւարտեցինք 19 մայիս 2013-ին:
«Այրած սրտի մխիթարանք»-ով կ՛ըսեմ. «Հոգ չէ, այլ առիթ մը կու գայ տակաւին»: Մինչ այդ, սիրտս, միտքս եւ աղօթքս քեզի հետ, «Եղբայր իմ սիրելի եւ անձկալի» (Փիլ. 4,1), որ մեզի, երանելի Կոմիտաս տէր հօր հետ կը յիշեցնես այսօր իմ ընտրած աւետարանէն մեր Աստուածային Վարդապետին նո՜ր արշալոյսներ եւ գարուններ այս միշտ սկզբնաւորած յայտարարութիւնը:
«Կ՛ըսեմ ձեզի, իմ սիրելիներուս, մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք կը սպաննեն մարմինը եւ անկէ աւելի բան մը չեն կրնար ընել: Մի՛ վախնաք… Կ՛ըսեմ ձեզի, ով որ խոստովանի զիս մարդերուն առջեւ, Մարդու Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս ալ պիտի խոստովանի զինքն Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ: Իսկ ով որ ուրանայ զիս մարդերուն առջեւ, Մարդու Որդին ալ պիտի ուրանայ զինքն Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ» (Ղկ. 12,4 եւ 7-9):
Արդ, կը դառնամ գրութեանդ, զոր կ՛աւարտես այս նշանակալից վկայութեամբ. «Կը փակեմ ուսումնասիրութիւնս՝ ըսելով, թէ հայը, ո՛ւր որ երթայ, կը ձգէ իր հետքերը, եւ անմիջապէս կ’իմացուի, թէ հայ մը անցած է այս վայրէն»:
Ստուգիւ, մեր կտրիճները, մեր խոստովանողներն ու մեր նահատակները, ո՛ւր եւ ե՛րբ որ ըլլան, իրենց հետքերը կը ձգեն՝ սանդարամետն ոտնակոխող, մարդակերպ գազաններն ոտնահարող եւ երկնային ոլորտները թեւակոխող…
«Որդեա՛կ» (Ղկ. 2,48) ցնծաբուխ բացագանչիւնով իր կորսնցուցած սիրահատորը երեք օր ետք գտած Մօր Սրտէն կ՛ակնկալեմ եւ կը սպասեմ դարձիդ՝ քու ցաւալլուկ մօրդ հետ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 3 նոյեմբեր 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ