Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2010 - Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու հանդիպումներ


Պէյրութ, Լիբանան

 

Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներուն համար յատկացուած յատուկ սիւնհոդոսի նախօրեակին, հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատուները երկու խորհրդակցական ժողովներ գումարեցին, քննարկելու համար հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներուն իրավիճակը եւ նախապատրաստուելու սոյն սիւնհոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր 2010-ին, Հռոմ։

 

Առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, մասնակցութեամբ՝ գերպայծառ հայր Րաֆֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեանի՝ նախագահ ընկերային հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբին, գերապայծառ հայր Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեանի՝ մեծաւոր Լեւոնեան վարժարանի եւ անդամ վերոյիշեալ յանձնախումբին, գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի՝ նախագահ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կայքէջին, եւ պրն. Րոպէրթ Աթարեանի՝ «Telepace Armenia»ի տնօրէն եւ Րատիօվատիկանի գործակից։ Ժողովականները անդրադարձան ընկերային հաղորդամիջոցներու դերակատարութեան, ողջ վկայութիւն կատարելու համար Քրիստոսի մասին եւ փոխանցելու համար քրիստոնէական արժէքները հաւատացեալներուն, ինչպէս որ յիշուած է Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարին մէջ։


Երկրորդ
ժողովը տեղի ունեցաւ 27 օգոստոս 2010-ին, նախապատրաստութիւններ տեսնելու նպատակով յաջորդ մեծ հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 եւ 25 սեպտեմբերին, նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու բոլոր պատասխանատուներուն։ Այս հանդիպումը պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարը, ինչ կը վերաբերի մանաւանդ ընկերային հաղորդամիջոցներու գործունէութեան ու դերի, պատասխանելով այն հարցումներուն զոր կ՛ուղղէ թղթածրարը, եւ այժմէական առաջարկներ ներկայացնելով այս ուղղութեամբ։ Ինչպէս նաեւ այն հանդիպման տեղի պիտի ունենան միջամտութիւններ եւ վկայութիւններ ուրիշ Եկեղեցիներէ, իրենց փորձառութեան մասին ընկերային հաղորդամիջոցներու մարզին մէջ, եւ անոնց արժէքաւոր ներդրումը, որ կ՛ունենան լաւագոյն կերպով արտացոլացնելով Եկեղեցւոյ դիմագիծը եւ ամբողջ աշխարհին տարածելով քրիստոնէական արժէքները։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ