Ուրբաթ, 2 Մարտ 2007ի առաւօտեան ժամը 10:00ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին հիւրը եղաւ Իտալիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Հաւատոյ Տարածման Ժողովի Ընդհանուր Քարտուղար Հայր Անտրէա Սպարպատան, ընկերակցութեամբ «Քահանայապետական Բարեգործութիւն Ի Սպաս Առաքելական Մանուկներու» կազմակերպութեան Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէն, Հայր Փոլ Վրդ. Քարամի: Այս հանդիպումին ներկայ էին Իտալիոյ «Sat 2000» պատկերասփիւռի կայանի աշխատակիցներ գլխաւորութեամբ Անթոնիօ Սովիէրո¬ի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդի Նախագահ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերյարգելի Հայր Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան:
Իր դրական տպաւորութիւններուն մասին Հայր Անտրէա Վրդ. Սպարպատան յատուկ արձանագրութիւն ձգեց Վարժարանին ոսկեմատեանին մէջ, ուր յատկապէս կÿըսէ «Լիբանանահայ գաղութը նշանակալից դեր ունի լիբանանեան ներքին խճապատկերին մէջ: Այս գաղութը կառչած մնալով իր հաւատքին ու ազգային հարուստ մշակոյթին ոչ միայն կրցած է գոյատեւել այս իրականութեան մէջ, այլեւ զարգանալ: Ատոր մեծագոյն փաստը այսօր Մեսրոպեան վարժարանն է»:
Ապա, մեծարգոյ հիւրերը մեկնեցան վարժարանէն, ուղղուելով դէպի Զմմառու Վանք ուր ընդունուեցան Զմմառու Վանքի մեծաւոր հօր եւ վարչութեան անդամներուն կողմէ, ներկայութեամբ Հայր Վարդան Գազանճեանին եւ Հայր Գէորգ Նորատունկեանին:
Անոնք այցելեցին վանքի ընծայարանը, որ վերանորոգուեցաւ 2006-2007 թուականին Եւրոպայի Կաթողիկէ հաստատութիւններու օժանդակութեամբ:
Այս յանձնախումբը կը պատրաստէ նախագիծը ընդհանուր ծրագրի մը որ յետագային պիտի բերէ Իտալիոյ եկեղեցւոյ բարերար օգնութիւնը Լիբանանի եւ յատկապէս հոն գտնուող քրիստոնեայ համայնքներուն: