ՊԱՏԳԱՄ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՅԱՏՈՒԿ ՍԻՒՆՈԴՈՍԻ ԱՒԱՐՏԻՆ
Վատիկան
Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսի 14-րդ նիստին, ուրբաթ 22 հոկտեմբեր 2010ին, սիւնոդոսական հայրերը` վաւերացուցին «եզրափակիչ պատգամը» ուղղուած Միջին Արեւելքի Աստուծոյ ժողովուրդին։
«Հաւատացեալներու բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր» (Գ. Առ. 4, 32)
Մեր եղբայրակից քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, նուիրեալ անձերուն եւ բոլոր մեր սիրեցեալ հաւատացեալ ժողովուրդին ու բարի կամք ունեցող մարդոց։
Նախաբան։
1.Մեր տիրոջ Յիսուսի շնորհքը, Աստուծոյ հօր սէրը եւ սուրբ Հոգւոյն հաղորդութիւնը ձեր հետ։
Միջին Արեւելքի յատկացուած եպիսկոպոսական նիստը, մեզի համար եղաւ նոր Պենտեկոստէ մը, «Պենտեկոստէն, սկզբնական եղելութիւն մըն է ու նաեւ տեւական ուժականութիւն։ Եպիսկոպոսներու սիւնոդոսը առանձնաշնորհեալ պահ մըն է, որուն ընդմէջէն կը նորոգուի սուրբ Հոգւոյն շնորհքը եւ Եկեղեցւոյ ճանապարհը»։(Պենետիկտոս ԺԶ, Սիւնոդոսի բացման Պատարագի արարողութեան քարոզ)։
Միջին Արեւելքէն, կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքներս ու եպիսկոպոսներս Հռոմ ժամանեցինք, մեր հոգեկան, ծիսական, մշակութային եւ կանոնական ժառանգութիւններով, մեր սրտերուն մէջ ունենալով մեր ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու իրենց ակնկալութիւնները։
Առաջին անգամն է որ հաւաքուեցանք, սիւնոդոսական նիստով, սրբազան քահանայապետին շուրջ` կարտինալներու, արքեպիսկոպոսներու եւ աշխարհի զանազան վայրերու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներու հետ միասին, որ շահագրգռուած են Միջին Արեւելքի հարցերով, ինչպէս նաեւ` օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, անկլիգան հասարակութեան ներկայացուցիչներուն ու հրեայ եւ իսլամ պատուիրակներու ու հիւրերու մասնակցութեամբ։
Նորին սրբութիւն Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետին կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը, այն հոգածութեան եւ ուսուցումին, որ կը լուսաւորեն Եկեղեցւոյ ճանապարհը ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մեր եկեղեցիները յատկապէս, նա մանաւանդ արդարութեան եւ խաղաղութեան հայող նիւթերու վերաբերեալ։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը, իրենց ցոյց բերած զօրակցութեան եւ իրենց ներկայութեան մեր մէջ ինչպէս նաեւ իրենց կատարծ այցելութիւններուն եւ մեր համայնքներու հանդէպ ցուցաբերած մօտիկութեան։
Շնորհականլութիւն կը յայտնենք անոնց որոնք կը հետեւին մեր Եկեղեցիներու կեանքի զանազան հանգրուաններուն։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ եկեղեցական հաստատութիւններուն, իրենց արդիւնաւոր եւ օգտաբեր օժանդակութեան։
Սուրբ գրային եւ ողջ աւանդութիւններու լոյսին տակ` միասին խորհեցանք ու մտածեցինք, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայի եւ ապագայի մասին։ Խորհրդածեցինք այն հարցերուն մասին, որ կը մտահոգեն աշխարհի այս շրջանը, «աշխարհամասը» որ Աստուած իր հաճութեամբ կամեցաւ որ ըլլայ իր փրկչագործութեան ծրագրի օրրանը։ Այնտեղէն սկիզբ առաւ Աբրահամի կոչումը։ Հոն է որ Աստուծոյ Բանը մարդացաւ Սուրբ կոյս Մարիամի մէջ սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ։
Հոն Յիսուս հռչակեց կեանքի եւ արքայութեան Աւետարանը։ Հոն ան մեռաւ փրկելու համար մարդկութիւնը մեղքէն։ Հոն յարութիւն առաւ ամէն մէկ մարդու տալով նոր կեանք մը։ Հոն ծնունդ առաւ Եկեղեցին ու այնտեղէն մեկնեցաւ քարոզելու Աւետարանը դէպի երկրի ամենահեռաւոր ծայրամասերը։
Առաջին այս սիւնոդոսը ունի հովուական բնոյթ։ Ասոր համար է որ մեր սրտերուն մէջ կրեցինք կեանքը, չարչարանքը եւ յոյսը մեր ժողովուրդներուն ինչպէս նաեւ առօրեայ մարտահրաւէրները` այն համոզումով որ «յոյսը չի խաբեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ, սուրբ Հոգիով` որ մեզի տրուեցաւ»: Այս դիտաւորութեամբ է որ ձեզի կ’ուղղենք այս պատգամը, սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, եւ կ’ուզենք որ ան ըլլայ կոչ մը հիմնուած` Աստուծոյ խօսքին վրայ, հաւատքի մէջ հաստատուելու, միութեան ի նպաստ համագործակցելու, սիրոյ հաղորդումի վկայութեամբ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։
I - Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ։ Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն Պատմութեան Ընդմէջէն. Հաւատքի Ճանապարհը Արեւելքի մէջ
2.Արեւելքի մէջ ծնած է քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը. Արեւելքէն կը մեկնին առաքեալները, Պենտեկոստէէն ետք, աւետարանելու համար համայն աշխարհը։ Հոն է որ ապրեցաւ քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը, ընդհարումներու եւ հալածանքներու ենթարկուելով` «անոնք կը յարատեւէին առաքեալներու ուսուցման մէջ, հաւատարիմ էին հաղորդութեան, հացին բեկանումին եւ աղօթքներուն՝՝(ԱԳ 2,42). Հոն է որ առաջին մարտիրոսները իրենց արիւնով որոգեցին ծնունդ առնող Եկեղեցւոյ արմատները: Անոնց հետեւեցան ճգնաւորները,որոնք լեցուցին անապատները իրենց սրբութեան ու հաւատքի բոյրով: Հոն է որ ապրեցան արեւելեան Եկեղեցւոյ հայրերը, որոնք կը շարունակեն սնուցանել իրենց ուսուցումներով՝ Արեւելքի ու Արեւմուտքի Եկեղեցին։ Քրիստոնէութեան առաջին դարերուն ու անկէ ետք ալ արեւելեան Եկեղեցիներէն մեկնեցան առաջին միսիոնարները դէպի ծայրագոյն Արեւելք ու դէպի Արեւմուտք, տանելով իրենց հետ Քրիստոսի լոյսը։ Մենք անոնց ժառանգորդներն ենք եւ պէտք է շարունակենք փոխանցել անոնց պատգամը՝ապագայ սերունդերուն։
Մեր Եկեղեցիները բնաւ չեն դադրած սուրբեր, քահանաներ ու նուիրեալ անձեր ունենալէ որոնք ծառայելով նուիրումով բազմաթիւ հաստատութիւններու մէջ, նպաստեցին մեր ընկերութեան ու մեր երկիրներու կերտումին, զոհուելով միաժամանակ մարդուն համար՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ Մեր կարգ մը Եկեղեցիները այսօր եւս չեն դադրիր ուղղարկել միսիոնարներ, Քրիստոսի Խօսքի քարոզիչներ` աշխարհի տարբեր կողմերը: Հովուական, առաքելական ու միսիոնարական աշխատանքը այսօր մեզ կը հրաւիրէ խորհելու հովուութեան մասին, որ կարենայ արծարծել քահանայական ու կրօնաւորական նոր կոչումներ, ապահովելու Եկեղեցւոյ ապագան։
Այսօր կը գտնուինք պատմական անկիւնադարձի մը առջեւ։ Աստուած, որ մեզի շնորհեց հաւատքը մեր ապրած Արեւելքին մէջ 2000 տարիէ ի վեր, մեզ կը կանչէ յարատեւելու՝ քաջութեամբ, տքնաջանութեամբ եւ զօրութեամբ տարածելու Քրիստոսի պատգամը ու վկայութիւն տալու Աւետարանին, որ սիրոյ ու խաղաղութեան Աւետարան է։
Մարտահրաւէրներ ու Սպասումներ
3.1 Այսօր բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Առաջին մարտահրաւէրը կը ծագի մեզմէ ու մեր Եկեղեցիներէն ներս։ Այն ինչ որ Քրիստոս մեզմէ կը խնդրէ ընդունիլ մեր հաւատքը եւ զայն ապրիլ կեանքի բոլոր մարզերէն ներս: Այն ինչ որ կը խնդրէ մեր Եկեղեցիներէն ամրացնել հաղորդութիւնը իւրաքանչիւր նուիրապետութենէն ներս եւ տարբեր աւանդութիւններով կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ, բացի ասկէ մեզմէ կը խնդրուի ընել այն ինչ որ հնարաւոր է աղօթքի ու սիրոյ միջոցաւ, հասնելու համար բոլոր քրիստոնեաներու Միութան, իրականացնելով այսպէս Քրիստոսի աղօթքը «Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան. ինչպէս դուն, Հայր, իմ մէջս ես ու ես քու մէջդ եմ, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս»։
3.2 Երկրորդ մարտահրաւէրը կուգայ դուրսէն, քաղաքական կացութենէն եւ մեր երկիրներու ապահովութենէն ու կրօնական բազմատարրութենէն.
Մենք քննարկեցինք Միջին Արեւելքի մեր երկիրներուն մէջ ապահովութեան ու ընկերային կացութեան հայող հարցերը: Գիտակցութիւնը ունեցանք թէ որքան զօրաւոր ազդեցութիւն ունի «Իսրայէլ-Պաղեստին» ընդհարումը բոլոր հողաշերտի մասի վրայ, եւ մասնաւորապէս պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ, որ իսրայէլեան գրաւումի հետեւանքները կը կրէ. շրջագայութեան ազատութեան պակաս, բաժանումի պատ եւ զինուորական պատնէշներ, քաղաքական բանտարկեալներ, տուներու քանդում, ընկերային ու տնտեսական կեանքի խառնակութիւն եւ հազարաւոր գաղթականներ։ Մտածեցինք նաեւ այն տառապանքին ու անապահովութեան մասին, որու մէջ կ՝ապրին իսրայէլացիները։ Խորհրդածեցինք Եըուսաղէմի, սուրբ Երկրի կացութեան վրայ։ Մտահոգ ենք միակողմանի նախաձեռնութիւններէ, որոնք փոփոխութեան կ’ենթարկեն անոր ժողովրդագրութիւնը ու սահմանադրութիւնը: Գիտակից այս բոլորին կը տեսնենք որ արդար ու վերջնական խաղաղութիւն մը, փրկութեան միակ միջոցն է բոլորին համար, հողամասի ու նաեւ հոն ապրող ժողովուրդի բարիքին համար։
3.3 Մեր ժողովներուն եւ մեր աղօթքներու ընթացքին մտածեցինք Իրաքի ժողովուրդի արիւնալի տառապանքներու մասին։ Յիշեցինք Իրաքի մէջ սպաննուած քրիստոնեաները, Իրաքի Եկեղեցւոյ մնայուն տառապանքները, արտահանուած զաւակները եւ աշխարհի ճանապարհներուն վրայ կորուսածները, կրելով անոնց հետ միասին իրենց հայրենիքի ու երկրի մտահոգութիւնները։
Սիւնհոդոսական հայրերը արտայայտեցին իրենց զօրակցութիւնը՝ Իրաքի ժողովուրդին ու Իրաքի մէջ ներկայ Եկեղեցիին, բաղձանք յայտնելով որ Իրաքցի գաղթականները, որ ստիպուած հեռացան իրենց երկրէն, կարենան գտնել հարկ եղած օժանդակութիւնները հոն ուր կը գաղթեն, մինչեւ որ կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը ու ապահով կեանք մը վայելեն։
3.4 Մտածեցինք քաղաքակիցներու յարաբերութիւններու մասին, քրիստոնեաներ եւ մահմէտականներու միջեւ: Կ’ուզենք հոս հաստատել` մեր քրիստոնէական տեսութիւնը յարաբերութիւններու կառավարման մասին։ Աստուած կ’ուզէ որ մենք ըլլանք քրիստոնեաներ՝ Միջին Արեւելքի մեր ընկերութիւններուն մէջ։ Քրիստոնեաներու ու մահմէտականներու միասին ապրելու իրողութիւնը Աստուծոյ ծրագիրն է մեզի վերապահուած, ասիկա նաեւ մեր առաքելութիւնն ու մեր կոչումն է։ Այս ասպարեզէն ներս պիտի վերաբերինք սիրոյ պատուիրանին լոյսով եւ սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ։
Երկրորդ սկզբունքը որ կը կավարէ այս յարաբերութիւնները այն իրողութիւնն է որ մենք մեր ապրած ընկերութիւններու ամբողջական մաս կը կազմենք։ Մեր առաքելութիւնը հիմնուած մեր հաւատքին վրայ, եւ մեր պարտականութիւնը մեր հայրենիքներու նկատմամբ մեզ կը մղեն նպաստելու մեր երկիրներու կերտումին՝ իսլամ, հրեայ եւ քրիստոնեայ բոլոր քաղաքացիներու հետ միասին։
II. Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն Միջեւ։ Մեր Եկեղեցիներուն Հաւատացեալները։
4.1. Քրիստոս մեզի կ’ըսէ. «Դուք էք երկրի աղը. Աշխարհի լոյսը» (Մտթ 5, 13-14): Ձեր առաքելութիւնը ձեր շրջանակներէն ներս, յոյժ սիրեցեալ հաւատացեալներ, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ՝ միջոցաւ ըլլայ «աղին» նման, որ համ ու իմաստ կու տայ կեանքին, ըլլայ նման «լոյսին», որ խաւարը կը լուսաւորէ եւ «խմորի» նման որ սրտերն ու մտքերը կը բարեփոխէ: Քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը Երուսաղէմի մէջ թիւով շատ փոքր էր: Հակարակ ասոր անոնք կարողացան Աւետարանը տարածել համայն աշխարհին, Աստուծոյ շնորհքով՝ «որ կը գործակցէր անոնց եւ կը հաստատէր Խօսքը՝ ընկերացող նշաններով» (Մկ 16, 20):
4.2. Կ’ողջունենք ձեզ, Արեւելքի քրիստոնեաներ, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, այն բոլոր բաներուն՝ զորս իրականացուցած էք ձեր ընտանիքներէն եւ հասարակութիւններէն ներս, ձեր եկեղեցիներուն եւ ձեր երկիրներուն մէջ: Կ’ողջունենք ձեր յարատեւութիւնը՝ հակարակ ձեր դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն ու անձկութիւններուն:
4.3. Սիրելի վարդապետներ, համագործակիցներ վարդապետական, ծիսական եւ հովուական առաքելութիւններուն մէջ, մեր բարեկամութիւնն ու մեր վստահութիւնը կը վերանորոգենք ձեզի հանդէպ: Շարունակեցէ՛ք նախանձախնդրութեամբ եւ յարատեւօրէն հաղորդել ձեր հաւատացեալներուն կեանքի Աւետարանը եւ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը քարոզներու միջոցաւ, քրիստոնէականի դասաւանդութեամբ, հոգեւոր առաջնորդութեամբ եւ բարի օրինակով: Ամրապնդեցէ՛ք Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը, որպեսզի սիրոյ քաղաքակրթութեամբ ձեւափոխուի: Մատակարարեցէ՛ք անոնց Եկեղեցւոյ խորհուրդները որպէսզի ձգտին կեանքի վերանորոգումի: Հաւաքեցէ՛ք զանոնք միութեան եւ շնորհքի մէջ սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ:
Սիրելի կղերականներ, կրօնաւորուհիներ եւ աշխարհի նուիրեալ անձեր, կ'արտայայտենք ձեզի մեր երախտագիտութիւնը եւ ձեզի հետ միասին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ՝ մեզի պարգեւած աւետարանական խորհուրդներուն – նուիրագործուած ողջախոհութեան, աղքատութեան եւ հնազանդութեան – որոնց միջոցաւ դուք ձեզ նուիրեցիք, հետեւելու Քրիստոսի, որուն հանդէպ կը ցանկաք վկայել ձեր սէրն ու նախընտրանքը: Շնորհիւ ձեր առաքելական զանազան նախաձեռնութիւններուն, դուք մեր Եկեղեցիներուն ճշմարիտ գանձն ու հարստութիւնն էք, եւ հոգեւոր ովասիս մըն էք ձեր ժողովրդապետութիւններու, թեմերու ու առաքելավայրերու մէջ:
Հոգիով կը միանանք ճգնաւորներուն, վանականներուն եւ վանականուհիներուն որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին աղօթքի, հայեցողական վանքերէ ներս, ցերեկուան եւ գիշերուան ժամերը սրբացնելով, իրենց աղօթքներուն մէջ յիշելով Եկեղեցւոյ մտահոգութիւններն ու պէտքերը: Ձեր կեանքի վկայութեամբ, դուք աշխարհին յոյսի նշան մը կ’ընծայէք:
4.4. Աշխարհական հաւատացեալներ, մեր համարումն ու բարեկամութիւնը կ'արտայայտենք ձեզի: Կը գնահատենք ձեր տարած աշխատանքները ձեր ընտանիքներէն եւ ձեր շրջանակներէն ներս, ձեր եկեղեցիներուն եւ ձեր եկիրներուն մէջ: Ամուր կեցէ՛ք փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու առջեւ: Երախտագիտութեամբ լի ենք Աստուծոյ անոր շնորհած պարգեւներուն եւ տաղանդներուն համար, որոնց միջոցաւ ձեր մասնակցութիւնը կը բերէք` մկրտութեան եւ դրոշմի կնիքով` Եկեղեցւոյ առաքելական կեանքին, տոգորելով այժմէական իրողութիւնները Աւետարանի սկզբունքներուն եւ անոր հոգիին համեմատ: Ձեզ կը հրաւիրենք վկայելու ճշմարիտ քրիստոնէական կեանք մը, գիտակցելու կրօնական կեանքի գործադրութեան եւ բարեացակամութեան: Քաջութիւնը ունեցէ՛ք առարկայականօրէն ճշմարտութիւնը ըսելու:
Մեր աղօթքներուն մէջ ձեզ ալ կը յիշենք` մարմնապէս հոգեկան եւ մտային տանջուողներդ, ընկճուածներդ, գաղթականներդ, հալածուածներդ, բանտարկեալներդ ու կալանաւորներդ: Միացուցէ՛ք ձեր ցաւերը Քրիստոս փրկչին եւ փնտռեցէ՛ք անոր խաչին մէջ համբերութիւնն ու զօրութիւնը: Ձեր կրած տանջանքներուն շնորհիւ, դուք կը ստանաք Աստուծոյ ողորմած սէրը։
Կ’ողջունենք քրիստոնեայ ընտանիքներու իւրաքանչիւր անդամ եւ համարումով կը նայինք ընտանիքներուն առաքելութեան որպէս կարեւոր մասնիկ ընկերային շրջանակներէն ներս, իբրեւ դպրոց՝ առաքինութիւններու եւ բարոյական ու մարդկային արժէքներու, ինչպէս նաեւ առաջին եկեղեցի, որ աղօթք եւ հաւատք կը դաստիարակէ նորահաս սերունդներուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծնողներուն ու երեցներուն, իրենց զաւակներուն ու թոռներուն դաստիարակութեան համար հետեւելով մանուկ Յիսուսի օրինակին, որ «կ’աճէր իմաստութեամբ, հասակով եւ շնորհքով Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ» (Ղկ 2, 52): Կը խոստանանք պահպանել ընտանիքները, հովուական յայտագիրներ ծրագրելով, սուրբ Պսակի խորհուրդի պատրաստութեան դասընթացքներ կազմակերպելով, բոլորին ծառայելու նպատակով հիւիրնկալ եւ խորհրդակցութեան յատուկ կեդրոններ ստեղծելով` մասնաւորապես դժուարութիւններ դիմագրաւող զոյգերուն հանար, ու պահանջելով ընտանիքներու հիմնական իրաւունքները:
Այժմ, մեր ուշադրութիւնը կ’ուղղենք կիներուն: Մեր համարումը կը յայտնենք ձեզի՝ կեանքի ձեր զանազան հանգրուաններուն ընթացքին: Որպէս դուստրեր, դաստիարակներ, մայրեր, նուիրեալներ ու հասարակական կեանքի մէջ գործօն անդամուհիներ: Ձեզ կը գովենք, որովհետեւ սկիզբէն կը պաշտպանէք մարդկային կեանքը ՝ ձեր նուիրումով, հոգածութեամբ ու մտերմութեամբ: Աստուած ձեզի յատուկ զգայնութիւն մը շնորհած է, այն ինչ կը վերաբերի դաստիարակութեան, մարդասիրական աշխատանքի եւ առաքելական կեանքի: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ՝ ձեր գործունէութիւններուն համար, եւ կը յուսանք, որ դուք ստանձնէք աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ հասարակական կեանքէն ներս:
Բարեկամաբար ձեզի կ’ուղղենք մեր նայուածքները, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Յիսուս այն երիտասարդին որուն մասին խօսուած է Աւետարանին մէջ (Մտթ 10, 21): Դուք կը կազմէք ապագան՝ մեր եկեղեցիներուն, մեր համայնքներուն, մեր երկիրներուն, իրենց ներոյժն ու իշխանութիւններու ամրապնդման ոյժը: Ծրագրեցէ՛ք ձեր կեանքը Քրիստոսի սիրոյ հայեացքին ներքեւ: Պատասխանատու քաղաքացիներ եւ անկեղծ հաւատացեալներ եղէ՛ք: Եկեղեցին ձեզի կը միանայ, ձեր մտահոգութիւններուն մէջ, ըստ ձեր հմտութիւններուն աշխատանքներ գտնելու, ինչ որ կ’օգնէ խթանելու ձեր ստեղծագործութիւնները, եւ ապահովելու ապագան ու հաւատացեալ ընտանիքի մը կազմաւորումը: Յաղթահարեցէ՛ք նիւթապաշտութեան եւ սպառումի փորձութիւնները: Ձեր քրիստոնէական արժէքներուն մէջ ամուր մնացէ՛ք:
Կ’ողջունենք կաթողիկէ կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուները: Դասաւանդումի եւ կրթութեան մէջ գերազանցութիւնն ու քրիստոնէական հոգին որոնեցէ՛ք: Նպատակադրեցէ՛ք միասնականութեամբ ամրապնդել մշակոյթը, աղքատներուն ու դերաճներուն մտահոգութիւնը: Հակառակ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն, որոնք նեղութիւն կը պատճառեն ձեր հաստատութիւններուն, ձեզ կը հրաւիրենք զանոնք կայուն պահելու ապահովելու դիտմամբ Եկեղեցւոյ կրթական առաքելութիւնը, ու նպաստելու ընկերային կեանքի զարգացումին ու բարիքին ի սպաս։
Մեծ համարումով ձեզի կը դիմենք, ընկերային մարզերէն ներս գործիչներ: Ձեր հիմնարկներէն ներս, բարեգործական ծառայութեան միշտ պատրաստ եղէ՛ք: Ձեզ կը քաջալերենք եւ ձեզի կ'աջակցինք զարգացման այս առաքելութեան մէջ, որ առաջնորդուած է Եկեղեցւոյ ընկերային հարուստ դաստիարակութեամբ: Ձեր գործին միջոցաւ, կը զօրացնէ՛ք եղբայրսիրութեան կապերը մարդոց միջեւ, առանց խտրականութեամբ ծառայելով աղքատներուն, անտեսեալներուն, հիւանդներուն, փախստականներուն ու բանտարկեալներուն: Դուք կ’առաջնորդուիք Յիսուսի խօսքով. «ամէն անգամ որ բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն՝ որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք» (Մտթ 25, 40):
Յուսալից մեր ակնարկը կ'ուղղենք աղօթքի խումբերուն ու առաքելական շարժումներուն: Անոնք դպրոցներ են որ կը խորացնեն Հաւատքը զայն ապրելու ընտանիքներուն ու ընկերային կեանքէն ներս: Կը գնահատենք անոնց գործունէութիւնները ժողովրդապետութիւններէն ու թեմերէն ներս, ինչպէս նաեւ քահանաներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած աջակցութիւնը ըստ
Եկեղեցւոյ հրահանգներուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ այս խումբերուն ու շարժումներուն համար, իբրեւ ժողովրդապետութեան մը աշխոյժ մասնիկներ, եւ քահանայական ու կրօնաւորական կոչումներու կեդրոն:
Կը գնահատենք տպագրական եւ լսա-տեսողական հաղորդամիջոցներու դերը: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, լրագրողներ, Եկեղեցւոյ հետ ձեր համագործակցութեան, տարածելու համար անոր վարդապետութիւնն ու անոր գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ այս օրերուն ընթացքին, աշխարհի բոլոր կողմերը Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսի մասին լուրերը տարածելու ձեր գործունէութեան:
Կ’ողջունենք միջազգային եւ կաթողիկէ լրատուամիջոցներուն ներդրումը: Յատուկ ակնարկի արժանի է միջին արեւելքի Թէլէ Լիւմիէր-Նուրսաթ կայանը: Յոյսով ենք, որ ան կարողանայ շարունակել տեղեկատուութեան ու հաւատքի կազմաւորման իր առաքելութիւնը, իր աշխատանքը քրիստոնեաներու միութեան համար, Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան համախմբման, միջ-կրօնական ցուցաբերած իր զօրակցութեան եւ աշխարհի մէջ տարածուած բոլոր արեւելցիներուն միջեւ հաղորդակցութեան առաքելութիւնը:
Սփիւռքի մէջ մեր հաւատացեալներուն
5. Արտագաղթը դարձած է ընդհանուր երեւոյթ: Քրիստոնեան, իսլամն ու հրեան կը գաղթեն նոյն պատճառներուն՝ քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան անկայուն վիճակին պատճառաւ: Քրիստոնեան, նաեւ, սկսած է զգալ անկայունութիւնը, տարբեր մակարդակներու վրայ, Միջին Արեւելքի երկիրներէն ներս: Քրիստոնեաները թող ապագայի վրայ վստահութիւն ունենան ու շարունակեն ապրիլ իրենց սիրելի երկիրներէն ներս:
Կ’ողջունենք ձեզ, յոյժ սիրելի՛ հաւատացեալներ, սփիւռքի տարբեր երկիրներուն մէջ: Կը խնդրենք Աստուծմէ որ ձեզ օրհնէ: Ձեզմէ կը խնդրենք որ վառ պահէք ձեր սրտերուն եւ ձեր մտահոգութիւններուն մէջ ձեր երկիրներուն ու ձեր եկեղեցիներուն յիշատակը: Դուք, ձեր աղօթքներով, ձեր մտածումներով, ձեր այցելութիւններով եւ զանազան միջոցներով, նոյնիսկ եթէ հեռաւոր միջավայրի մը մէջ կը գտնուիք, կրնաք աջակցիլ անոնց յառաջացումին ու անոնց աճումին:
Պահպանեցէ՛ք ձեր երկիրներուն մէջ ինչքերն ու հողերը. Մի՛ շտապէք անոնցմէ ձերբազատուելու ու զանոնք ծախելու: Պահեցէ՛ք զանոնք որպէս ձեզի ժառանգութիւն եւ որպէս ձեզի բաժին այդ երկրէն՝ որուն կառչած կը մնաք եւ զայն կը սիրէք ու զայն կը պաշտպանէք: Հողը մաս կը կազմէ մարդուն ինքնութենէն եւ անոր առաքելութենէն. Նա, կենսական տարածք մըն է անոնց համար, որ հոն կ'ապրին, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնք հոն պիտի վերադառնան: Հողը հանրային ինչք մըն համայնքի մը սեփականութիւնը` հասարակաց ժառանգութիւն մը: Չի կրնար անձնական հաճոյքի համար օգտագործուիլ այն անձէն՝ որուն կը պատկանի, առանձին որոշելով, ըստ անձնական շահերուն, պահել զայն եւ կամ հրաժարիլ անկէ:
Մեր աղօթքներով կ’ընկերակցինք ձեզի, մեր եկեղեցիներուն ու մեր երկիրներուն զաւակներուն, որնք ստիպողաբար գաղթած են: Տարէ՛ք ձեզի հետ ձեր հաւատքը, ձեր մշակոյթը եւ ձեր ժառանգութիւնը, հարստացնելու համար ապաստան գտած ձեր նոր երկիրները, որոնք խաղաղութեամբ, ազատութեամբ եւ աշխատանքով ձեզ կը շրջապատեն: Մեծ վստահութեամբ եւ ուրախութեամբ ձեր ակնարկները ուղղեցէ՛ք դէպի ապագայ, միշտ կառչած մնացէ՛ք ձեր հոգեւոր արժէքներուն, ձեր մշակութային աւանդութիւններուն եւ ձեր ազգային ժառանգութեան, որպէսզի ձեր լաւագոյնը ներկայացնէ՛ք այն երկիրներուն՝ որոնք ձեզ հիւրընկալած են: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք սփիւռքի եկեղեցիներուն, որոնք հիւրընկալած են մեր հաւատացեալները եւ որոնք չեն դադրիր մեր հետ համագործակցութենէն հովուական անհրաժեշտ ծառայութիւնը ապահովելու անոնց:
Մեր Եկեղեցիներու և մեր երկրներու գաղթականներուն
6. Կ’ողջունենք բոլոր գաղթականները տարբեր ազգերէ, որոնք եկած են մեր տարածաշրջանը աշխատանք ճարելու համար:
Կ’ընդունինք ձեզ, սիրեցեալ հաւատացեալներ, և ձեր հաւատքին մէջ կը գտնենք հարստութիւն և նեցուկ մեր հաւատացեալներուն համար: Ուրախութեամբ ձեզի պիտի ապահովենք ամէն տեսակ հոգեւոր օգնութիւն որուն պէտք ունիք:
Կը խնդրենք մեր եկեղեցիներէն որ մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնեն մեր այս եղբայրներուն և քոյրերուն և անոնց դժուարութիւններուն. ինչ կրօնի ալ պատկանին անոնք, մասնաւորապէս զրկուած են իրենց իրաւունքներէն և արժանապատուութենէն: Ասոնք մեզի կը դիմեն ոչ միայն ապրուստի միջոց հայթաթելու նպատակով, այլ՝ ձեռք կը բերեն այնպիսի ծառայութիւններ, որոնց մեր երկրները պէտքը ունին: Ասոնք Աստուծմէ ստացած են իրենց արժանապատուութիւնը, և ինչպէս որեւէ անձ՝ ունին իրաւունքներ, որ անհրաժեշտ է յարգել: Ոչ ոքի թոյլ տրուած է, խլել նման իրաւունքները: Այս պատճառով կը հրաւիրենք հիւրընկալող երկիրներուն, յարգելու և պաշտպանելու անոնց սեփական իրաւունքները:
III. Հաղորդութիւն և վկայութիւն ուղղափառ եկեղեցիներուն և աւետարանական համայնքներուն հետ Միջին-արեւելքի մէջ:
7. Կ’ողջունենք ուղղափառ եկեղեցիները և աւետարանական համայնքները մեր երկրներուն մէջ: Միասնաբար կ’աշխատինք քրիստոնեաներու լաւութեան համար, որպէսզի ասոնք մնան, աճին և բարգաւաճին: Միեւնոյն ճանապարհին վրայ կը գտնուինք: Մեր մարտահրաւէրները նոյնն են, ինչպէս նաեւ մեր ապագան: Միասնաբար կ’ուզենք տարածել Քրիստոսի աշակերտներու վկայութիւնը: Միայն մեր միութեամբ կրնանք կատարել այն առաքելութիւնը զոր Աստուած վստահած է ամէնուն: Հակառակ մեր եկեղեցիներու տարբերութիւններուն, Քրիստոսի աղօթքը մեր նեցուկն է, և սիրոյ պատուիրանն է զոր մեզ կը միացնէ, նոյնիսկ եթէ լիակատար միութեան ուղին, տակաւին հեռու է:
Միասին քալեցինք Միջին-արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին մէջ և կ’ուզենք շարունակել այս ճամբան Աստուծոյ շնորհքով, և նպաստել իր գործունէութեան: Կէտնպատակ ունենալով միասնաբար վկայելու մեր հաւատքը, ու ծառայութիւն մատուցել մեր երկրին ու մեր հաւատացեալներուն:
Կ’ողջունենք և կը քաջալերենք միութենական երկխօսութիւններու բոլոր օրինակները, մեր իւրաքանչիւրի երկրին մէջ:
Մեր երախտապարտութիւնը կը յայտնենք համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդին, և տարբեր էքիւմէնիք կազմակերպութեանց, որոնք, իրենց աջակցութեամբ, կ’աշխատին Եկեղեցիներու միութեան համար:
IV. Մեր համաքաղաքացի հրեաներուն հետ համագործակցութիւնը և երկխօսութիւնը
8. Միեւնոյն սուրբ Գիրքը մեզ կը միացնէ, հին կտակարանը որ Աստուծոյ Խօսքն է ձեզի և մեզի համար: Մենք կը հաւատանք ամէն բանի զոր Աստուած յայտնեց, սկսած Աբրահամի կոչումէն, որ հայրն է թէ հրեաներուն, թէ քրիստոնեաներուն և իսլամներուն: Կը հաւատանք խոստումներուն և ուխտին զոր Աստուած անոր վստահեցաւ: Կը հաւատանք որ Աստուծոյ Խօսքը յաւերժ է:
Վատիկանեան Բ. Ժողովը հրատարակեց փաստաթուղթ մը «Nostra aetate», զոր կը հայի կրօններու երկխօսութեան, հրէութեան, իսլամի և այլ կրօններու վերաբերեալ: Ուրիշ փաստաթուղթեր, հետեւաբար, շեշտեցին և զարգացուցին յարաբերութիւնները հրէութեան հետ: Կայ նաեւ տեւական երկխօսութիւն մը Եկեղեցւոյ և հրէական ներկայացուցիչներու միջեւ: Կը յուսանք որ այս երկխօսութիւնը կարենայ մեզ առաջնորդել գործելու համար պատասխանատուներու մօտ, որպէսզի վերջ դնենք քաղաքական հակամարտութեանց որոնք չեն դադրիր զմեզ բաժնել և յուզել մեր երկրներու կեանքը:
Ժամանակն է միասնաբար զբաղելու անկեղծ խաղաղութեան մը համար, արդար և վերջնական: Բոլորս ալ մղուած ըլլալով Աստուծոյ Խօսքէն: Այն կը հրաւիրէ մեզի լսելու Աստուծոյ ձայնը «որ խաղաղութեան մասին կը խօսի»: «Ես կը լսեմ ինչ որ Տէր Աստուած կ’ըսէ. Անիկա խաղաղութիւն կը խոստանայ իր ժողովուրդին, մեզի՝ որ իրեն հաւատարիմ ենք, և անոնց՝ որոնք սրտով իրեն դարձած են» (Սղմ 85, 9): Արտօնուած չէ օգտագործել աստուածաբանական և սուրբ Գրային կեցուածքներ և զանոնք որպէս միջոց օգտագործել անարդարութիւնները արդարացնելու համար: Ընդհակառակը, կրօնական կոչումը պէտք է մղէ ամէն անձ, Աստուծոյ դէմքը տեսնելու ուրիշին մէջ, և վարուելու անոր հետ Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն: Աստուծոյ վերագրուած յատկութիւններով, այսինքն՝ Անոր բարութեամբ, և արդարութեամբ, Անոր ողորմութեամբ և սիրով մեզի հանդէպ:
V. Մեր իսլամ համաքաղաքացիներուն հետ համագործակցութիւնը և երկխօսութիւնը
9. Միացած ենք մեր հաւատքով՝ միակ Աստուծոյ հանդէպ և Անոր պատուիրանով որ կ’ըսէ. «Բարիք գործէ և չարէն խուսափէ»: Վատիկանի Բ. Ժողովի խօսքերը, միւս կրօններու հետ յարաբերութեան մասին, հիմերը կը դնեն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և մահմետականներու կապին. «Եկեղեցին գնահատանքով կը նայի մահմետականներուն, որոնք ամենակարողն ու ողորմածը կը պաշտեն, որ խօսեցաւ մարդկանց հետ» Մէկ Աստուածը, ողջ է (Nostra aetate 3):
Մեր մահմետական համաքաղաքացիներուն կ’ըսենք՝ մենք եղբայր ենք, և Աստուած մեզ բոլորս միասին կ’ուզէ, Աստուծոյ հաւատքով միացած և Աստուծոյ և մարդոց սիրոյ կրկնակի պատուիրանով: Միասնաբար պիտի կառուցենք մեր քաղաքակիրթ ընկերութիւնները, քաղաքացիութեան համար. կրօնական և խղճի ազատութեամբ: Միասին պիտի աշխատինք խրախուսելու՝ արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, մարդու իրաւունքները, կեանքի և ընտանիքի արժէքները:
Մեր պատասխանատուութիւնը ընդհանուր է մեր հայրենիքի կառուցման մէջ: Արեւելքին և արեւմուտքին կ'ուզենք առաջարկել կենակցութեան ձեւ մը տարբեր կրօններու միջեւ և դրական համագործակցութիւն տարբեր քաղաքակրթութիւններու միջեւ, մեր երկրներու և համայն մարդկութեան բարիքին համար:
Իսլամութեան յայտնութեամբ 7-րդ դարէն այսօր, միասին ապրեցանք և համագործակցեցանք մեր ընդհանուրի քաղաքակրթութեան ստեղծման համար: Պատահած է անցեալին, ինչպէս այսօր ալ կը պատահի, անհաւասարակշիռ արարքներ մեր յարաբերութեանց մէջ: Երկխօսութեան միջոցաւ պէտք է վանել ամէն թիւրիմացութիւն և անհաւասարակշռութիւն: Պենետիկտոս ԺԶ պապը մեզի կ’ըսէ թէ մեր երկխօսութիւնը չի կրնար վաղանցուկ իրականութիւն մը ըլլալ: Ոչ, այլ կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է, որմէ կախում ունի մեր ապագան (cf. Զեկոյց Colonia-յի մահմետական համայնքի ներկայացուցիչներուն, 20.08.2005): Մեր պարտականութիւնն է, ուստի, կրթել հաւատացեալները միջ-կրօնական երկխօսութեան, կարծիքի ընդունման և փոխադարձ յարգանքի և գնահատանքի:
VI. Մեր մասնակցութիւնը հասարակաց կեանքին: Կոչ մեր երկրներու կառավարութիւններուն և հասարակաց պատասխանատուներուն
10. Կը գնահատենք ջանքերը զոր կը տրամադրէք հասարակաց բարիքին և մեր ընկերութեան ծառայութեան համար: Մեր աղօթքներով կ'ընկերանանք ձեզի և կը խնդրենք Աստուծմէ որ առաջնորդէ ձեր քայլերը: Ձեզի կը դիմենք քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւնը հաստատելու համար: Քրիստոնեաները հարազատ քաղաքացիներ են, հաւատարիմ՝ իրենց հայրենիքին և իրենց ազգային բոլոր պարտականութեանց: Բնական է որ անոնք քաղաքացիական ամէն իրաւունքները վայելեն, խղճի և պաշտամունքի ազատութիւն, դասաւանդումի և կրթութեան մարզէն ներս ազատութիւն, ու նաեւ հաղորդակցական միջոցներուն գործածութեան ազատութիւն:
Կը խնդրենք ձեզմէ որ կրկնապատկէք ձեր ջանքերը զոր կը տրամադրէք արդար և տեւական խաղաղութիւն մը հաստատելու համար ամբողջ շրջանին մէջ, և դադրեցնեք սպառազինութեան մրցավազքը: Այս է ճանապարհը որ պիտի առաջնորդէ ապահովութեան և տնտեսական բարգաւաճման. պիտի դադրեցնէ գաղթականութեան հոսքը զոր կը զրկէ մեր երկիրները իրենց կենսական ուժէն: Խաղաղութիւնը՝ թանկագին պարգեւ մըն է Աստուծմէ, զոր վստահած է մարոց, որոնք « խաղաղութեան մշակներն են և պիտի կոչուին Աստուծոյ որդիներ» (Մատթ 5, 9):
Է. Կոչ միջազգային հասարակութեան
11. Միջին Արեւելքի երկիրներու բնակիչները հարց կու տան միջազգային հասարակութեան յատկապէս ՄԱԿ-ին, որպէսզի ան անկեղծօրէն գործէ, շրջանի մէջ խաղաղութեան արդար ու վերջնական լուծում մը գտնելու համար, կիրարկելով ապահովութեան խորհուրդի որոշումները, ու որդեգրելով պէտք եղած իրաւաբանական միջոցները. վերջ դնելու նպատակով՝ արաբական զանազան երկիրներու հողերու գրաւումին։
Այսպէս Պաղեստինի ժողովուրդը պիտի կարենայ ունենալ իր անկախ հայրենիքն ու պետութիւնը եւ պիտի կարենայ ապրիլ արժանապատութեամբ ու կայունութեան մէջ։
Իսրայէլը իր կարգին պիտի կարենայ վայելել խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը իր սահմաններու մէջ որ ճանչցուած են միջազգային հասարակութենէն։
Երուսաղէմ՝ սուրբ քաղաքը պիտի կարենայ գտնել իր սեփական սահմանադրութիւնը, յարգելով իր իւրայատկութիւնը, իր սրբութիւնը հրեայ, Քրիստոնեայ եւ Իսլամ` երեք կրօններու իւրաքանչիւր կրօնական ժառանգութիւնը։
Կը մաղթենք որ երկու պետութիւններու համար լուծումը դառնայ իրողութիւն եւ չմնայ լոկ երազ։
Իրաքը պիտի կարենայ վերջ դնել ոճրագործ պատերազմի հետեւանքներուն, ու վերահաստատել այն ապահովութիւնը որ պիտի պաշտպանէ բոլոր քաղաքացիները իրենց ընկերային, կրօնական եւ ազգային բոլոր խաւերով։
Լիբանանը պիտի կարենայ վայելել իր գերիշխանութիւնը իր ամբողջ հողային տարածքին, ամրապնդել ազգային միութիւնը հարատեւելով իր կոչումին մէջ որ է հանդիսանալ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ համակեցութեան օրինակը, մշակոյթներու ու կրօններու երկխօսութեան միջոցաւ ու հասարակաց ազատութիւնը յառաջացնելով։
Մենք կը դատապարտենք ամէն տեսակի բռնութիւն եւ ահաբեկչութիւն, որեւէ կրօնական ծայրայեղութեան կողմէ։
Կը դատապարտենք ամէն տեսակի ցեղապաշտութիւն, հակասեմականութիւն, հակաքրիստոնէութիւն եւ անհանդրժողութիւն մահմետականներու հանդէպ. եւ կոչ կ՝ուղղենք կրօններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը, յառաջացնելու՝ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը` մեր երկրին ու համայն աշխարհի մէջ։
Եզրակացութիւն: Շարունակել վկայութիւն տալ Աստուածային կեանքին որ մեզի երեւցաւ Յիսուսի անձին մէջ
12. Քոյրեր եւ եղբայրներ` եզրակացնելով սուրբ Յովհաննէս առաքեալին հետ, իր Ա թուղթին մէջ, մենք ձեզի կ’ըսենք.
«Ան որ սկիզբէն էր, որմէ մենք լսեցինք եւ որուն ականատես իսկ եղանք զոր մենք տեսանք եւ մեր ձեռքերը շօշափեցին՝ Խօսքն է կեանքին. որովհետեւ կեանքը յայտնուեցաւ, մենք տեսանք զինք եւ կը վկայենք անոր եւ ձեզի կ՝աւետենք կեանքն այս յաւիտենական՝ որ հօր մօտն էր եւ մեզի երեւցաւ։
Եւ ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ զայն ձեզի կ՝աւետենք որպէսզի դուք ալ մեզի հետ հաղորդակցիք, եւ մեր հաղորդութիւնը ըլլայ Հօր, եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ»։ (Ա. Թուղթ Յովհ. Ա- 1-3):
Այս աստուածային կեանքը որ երեւցաւ առաքեալներուն 2000 տարի առաջ, Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր տիրոջ ու փրկչին անձին միջոցաւ, որով Եկեղեցին ապրեցաւ եւ որուն վկայեց իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Միջին Արեւելքի մեր Եկեղեցիներուն եւ մեր վկայութեան մշտատեւ կենսունակութիւնը պիտի հանդիսանայ։
Ոգեւորուած Տիրոջ խոստումէն. «Ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր մինչեւ աշխարհի կատարածը» (Մատթ 28, 20) կը շարունակենք միասին ընթանալ յոյսի ճանապարհով. «Յոյսը չի խաբեր, որովհետեւ Աստուծոյ Սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ, Սուրբ Հոգիով՝ որ մեզի տրուեցաւ» (Թ. Հռոմ 5, 5)։
Կը խոստովանինք որ մինչեւ այսօր չըրինք այն ինչ որ կրնայինք ընել մեր համայնքներուն միջեւ հաղորդութիւնը աւելի լաւ ապրելու համար։
Բաւականաչափ չգործեցինք ձեզ հաստատելու համար ձեր հաւատքին մէջ, եւ տալու ձեզի հոգեկան սնունդը որուն պէտք ունէիք ձեր դժուարութիւններուն մէջ։ Տէրը կը հրաւիրէ մեզ անձնական եւ հաւաքական դարձի մը։
Այսօր կը դառնանք ձեզի հաւատքով լի` ուժով եւ հաստատամտութեամբ` բերելով մեր հետ Սիւնոդոսի պատգամը եւ անոր յանձնարարութիւնները, զանոնք միասին ուսումնասիրելու եւ գործադրելու մեր եկեղեցիներէն ներս, իւրաքանչիւրը իր կարգավիճակին համաձայն։ Յուսանք նաեւ որ այս նոր ջանքը ըլլայ «համամիութենական»։
Մենք ձեզի կ’ուղղենք այս համեստ եւ անկեղծ կոչը որպէսզի միասին բաժնեկցինք դարձի ճանապարհ մը, որպէսզի նորոգուինք սուրբ Հոգւոյն շնորհքներով ու վեդառնանք Աստուծոյ։
Ամենասուրբ կոյս Մարիամին, Եկեղեցւոյ մայրը եւ խաղաղութեան թագուհին, որուն պաշտպանութեան տակ դրինք սիւնոդոսական աշխատանքները, կ’ապաւինինք անոր մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին դէպի քրիստոնէական ու մարդկային նոր հորիզոններ, Քրիստոսի մէջ Հաւատքով եւ անոր խօսքին զօրութեամբ. «Ահաւասիկ ամէն բան նոր կը ստեղծեմ» (Յայտն. Յովհ 21, 5)։