Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2013 - Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Պէյրութ

Կիրակի, 21 Ապրիլ 2013, երեկոյեան ժամը 8-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Արարատեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու 98-րդ յիշատակին, նախագահութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքի։ Հսկումին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը, 100 ամեակի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հոգեւորականներ։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց Հ.Կ.Հ.Մ.-էն՝ Լիւսի Տէօքմէճեան, որ յայտնեց թէ 90 եւ 8 տարիներ եւ 2 քայլ հեռու ենք այդ դժոխային դէպքերու հարիւրամեակէն: Ան ըսաւ, որ անընկճելի կամքով կը քալենք հատուցման պահանջատիրութեան ճամբէն, մերժելով թրքական տարաբնոյթ խաբեբայութիւնները եւ դիւանագիտական նենգ նկրտումները:  Իսկ արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Քուրումլեան, որ շեշտեց յատկապէս թէ հայկական հարցը միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ անիկա համայն մարդկութեան դատն է:

«Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, մեկնաբանեց փունջ մը հայրենասիրական երգեր,  որուն յաջորդեց մի քանի պարմանուհիներու կատարած հայկական պարը:

Ապա ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրական տեսանիւթը՝ «Յետ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը» խորագրով 1915-էն մինչեւ օրս, պատրաստութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին:

Օրուան հայերէն պատգամը արտասանեց Միհրան Սարգիս Նաճարեան, որ շեշտեց  հայու հաւատարմութիւնը իր արմատներուն, ապա ընդգծեց «հաւատարմութեամբ զօրացած` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը եւ վերջապէս, անտեղիտալի պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մեր անտեսուած բայց անժամանցելի եւ անսակարկելի իրաւունքներուն վերականգնումին»:
Ան իր խօսքը փակեց ըսելով. «Այնքան ատեն որ կան Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին պէս համաշխարհային առաջնորդներ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Թուրքիոյ ճանչնալու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ իբրեւ համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր, հայութիւնը կը հաւատայ, որ անպայման պիտի գայ անկարելի կարծուածը կարելի դարձնող օրը, նման Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան: Այս անկոտրում հաւատքով ալ ան պիտի շարունակէ յանուն արդարութեան եւ իրաւունքներու վերականգնման իր պայքարը»:

Ապա նոր համադրումով ներկայացուած «Կռունկ»-ի մեղեդիին վրայ պարեցին Լուսին Մազմանեան եւ Փաթիլ Գանտահարեան:

Արաբերէնով խօսք առաւ Սուրի յոյն կաթողիկէ մելքիդներու առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ժորժ Եպս. Պագունի որ առաքելութիւն մը վարած է 2004-ին դէպի Հայաստան` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Ան խօսակցական արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ որքան սակաւ կը յիշուի լիբանանեան եւ մանաւանդ Լիբանանի եկեղեցական առօրեային մէջ հայոց այս ողբերգական էջը: Ան յիշեց, որ ինչպիսի մեծ յուզումով այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը: (Ամբողջ խօսքը ունկնդրեցէ՛ք հետեւեալ հասցէն այցելելով՝ http://www.youtube.com/watch?v=hECxLMpW824 )
«Անմեղներու սպանութիւնը մեծագոյն ոճիրներէն է», ըսաւ ան:
Իբրեւ եկեղեցի, մենք նախ մեծ կարեւորութիւն պարտինք տալ այս նահատակութեան եւ հայոց վկայութեան: Ապա ան նշեց, լիբանանեան ընկերութիւնն ալ պարտի բան մը ընել այս ուղղութեամբ` պաշտպանելու համար Հայ դատը: Ան առաջարկեց կառուցել Ցեղասպանութեան թանգարան մը Լիբանանի մէջ:

Փակման խօսքեր արտասանեցին Էլիզապեթ Խազում (արաբերէնով) եւ Սագօ Հալլաճեան (հայերէնով), որոնք երիտասարդ  սերունդի ձայնով հաւատարիմ եւ յանձնառու ըլլալ խոստացան: Այնուհետեւ անոնք խնդրեցին ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հայրական խօսքն ու օրհնութիւնը իրենց եւ բոլոր հայ երիտասարդներուն համար:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փակման խօսքին մէջ յիշեց քրիստոնեային հաւատքը եւ մարտիրոսներուն ու նահատակներուն տուած բարի օրինակը: Ան իբրեւ գերագոյն օրինակ բերաւ Մեծ եղեռնի զոհերը, որոնք հաւատարիմ մնացին Աւետարանին եւ թէ «ինչպէ՛ս հիանալի կերպով անոնք իրենց հաւատքը փաստեցին իրենց գերագոյն վկայութեամբ»:
Ապա ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքով ու «Հայր մեր»-ով փակեց հսկումի պահը եւ օրհնեց մեծաթիւ ժողովուրդը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ