Դամասկոս
Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2011-ին, Դամասկոսի ՀԿՄ Տիկնանց վարչութիւնը նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը դասախօսութեամբ, որ ներկայացուց Դոկտ. Նորա Արիսեանը, հովանաւորութեամբ արհի. Յովսէփ. եպս. Առնաութեանին, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։ Դոկտ. Նորա Արիսեան՝ դասախօս Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ, հեղինակ է կարեւոր աշխատութիւններու հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ու բազմաթիւ թարգմանութիւններու հայ գրական գործերու արաբերէն լեզուով։ Վերջերս լոյս տեսաւ անոր նոր աշխատանքը նուիրուած Սուրիոյ խորհրդարանի մէջ Հայ երեսփոխաններու կեանքին, գործունէութեան ու քաղաքական աշխատանքին։ Հայաստանի անկախութեան 20 ամեակի առթիւ Դոկտ Նորա Արիսեան պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան «ՈՒիլեամ Սարոյեան» մետալով առ ի գնահատանք իր կատարած գիտական աշխատութիւններուն։
Դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան դամասկահայ տիկիններու ընտրանի մը, որոնց շարքին Տիկին Յասմիկ Փոլատեանը, կողակիցը ՀՀ դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեանին։ Ներկայ էր նաեւ ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Տիկնանցի ատենապետուհի Տիկին Շաքէ Քէշիշեան, որ նշեց թէ իւրաքանչիւր վերամուտ մեզ կը վերապրեցնէ ազգային մշակոյթի զարթօնքը։ «Մաշտոցի յայտնագործութիւնը հրաշք մը չէր, այլ կենսական պահանջք մը հայ ժողովուրդի գոյատեւման ի խնդիր» ըսաւ ան։ Ողջունելով անկախ Հայաստանի 20-ամեակը ու Սուրիոյ հոգատար իշխանութիւնները, ան հրաւիրեց Տիկին Նորա Զաուրը, որ ներկայացուց օրուայ դասախօսին հակիրճ կենսագրականը։
|
Դոկտ Արիսեան իր դասախօսութիւնը վերնագրած էր «Պատկերներ Հայ-Արաբական թարգմանական շարժումէն»։ Ան յստակ եւ հասկնալի ոճով ներկայացուց սոյն թարգմանական շարժումի կարեւոր հանգրուաններն ու պատմականը նշելով այն թարգմանիչները որոնք հայերենէ արաբերէն գրական գործեր թարգմանած են ինչպէս նաեւ արաբական գրականութեան նմոյշներ հայերէնի թարգմանող գրագէտներու աշխատանքները, մեծապէս շեշտելով կարեւորութիւնը սոյն շարժումին ու անոր յարատեւումին, երկու ժողովուրդներու մշակութային կապերու ամրացման ու զիրար աւելի լաւ հասկնալու ուղղութեամբ։ Յարգարժան դասախօսը յիշատակեց թարգմանիչներու անուններ որմնք 13-րդ դարէն սկսեալ ունեցած են կարեւորաշխատանքներ ինչպէս Ապու Սալէհ հասնելով 17-18րդ դարեր Մկրտիչ ալ Քասիհ ալ Արմանի, Րիզքալլահ Հասուն, եւ վերջապէս Էտիպ Իսհաք Հրաչեայ Աճարեան, Նիզար Խալիլի, Ալեքսան Քէշիշեան եւ ուրիշներ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ իր արաբերէնի թարգմանած Յակոբ Պարոնեանի աշխատութիւններու գտած մեծ արձագանքին արաբ ընթերցասէր հասարակութեան մօտ, որոնք մեծապէս զարմացած էին թէ հայ երգիծական գրականութիւնը այսպիսի գոհարներ ունի։
Դասախօսութեան աւարտին՝ տիկին Սիմա Քէշիշեան վարչութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց Դոկտ Արիսեանին։ Այնուհետեւ տիկ. Շաքէ Քէշիշեան ներկայացուց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կենսագրականը եւ տուաւ տեղեկութիւններ Մաշտոցի անունը կրող զանազան հաստատութիւններու ու կառոյցներու մասին։ Ապա յաջորդեց ասմունքներու շարք մը։ Հայր Գէորգ Պահէ իր շնորհակալական խօսքով շնորհաւորեց ձեռնարկի կազմակերպիչները, դասախօսն ու ներկաները, խնդրելով բոլորէն պահպանել մայրենի լեզուն իբրեւ գանձ։