Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուածային Վարդապետին Այժմէական Դաստիարակութեամբ…


Սիրելի՛ ընթերցող, բոլորիս ծանօթ «Հացերու բազմացում»-ին հրաշագործութիւնը կը պատմեն չորս աւետարանիչները` Մատթէոս (Մտթ. 14, 13-21),  Մարկոս (Մրկ. 6, 30-44),  Ղուկաս (Ղկ. 9, 10-17) եւ  Յովհաննէս (Յվհ. 6, 1-15) աստուածաշունչ հեղինակները:

Իբրեւ աւետարան` այսօր կարդացինք Սուրբ Մատթէոսի պատմածը, որ կը սկսի այս նախադասութեամբ. «Այս լուրին վրայ, Յիսուս նաւակով քաշուեցաւ մեկուսի, անապատ տեղ մը», աղօթելու համար:

«Յիսուս Քրիստոս, երէկ ու այսօր, նոյնն է միշտ եւ յաւիտեանս» (Եբր. 13, 8), ինչպէս դաստիարակեց իր աշակերտներն ու լսողները, այսպէս ալ կ՛ուզէ դաստիարակել մեզ` կնքուածներս Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով: Այժմէական է Աստուածային Դաստիարակին տուած կրթութիւնը:

Յովհաննէս Մկրտիչին «աշակերտները իմացուցին Յիսուսին» (Մտթ. 14, 12) իրենց վարդապետին սպանութիւնը: «Այս լուրին վրայ Յիսուս» յաջորդ պահերը անցուց աղօթքով` առանձնութեան ու լռութեան մէջ:

Մենք ալ ամէն օր նոր լուր մը կ'առնենք, յատկապէս այս մեր ժամանակներուն մէջ: Այս կամ այն լուրը առնելու պէս` թէ ի՛նչ կ'ընենք, բոլորս լաւ գիտենք, բայց մեր ըրածը Աստուածային Դաստիարակին վերի ըրածը չէ, ստուգապէս… Եւ սակայն Քրիստոս` Վարդապետը կու տայ ուղեգիծը մեր ընելիքին ու մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ զուսպ, լռակեաց, ամփոփ եւ աղօթող:

Յիսուսի ամենասիրած արարքներէն մին էր «մեկուսի քաշուիլ առանձին տեղ մը» եւ «հոն աղօթել»: Մենք ալ սիրե՛նք այս արարքը եւ օրուան ընթացքին պահ մը յատկացնե՛նք ինքնամփոփումին ու աղօթքին` առանձնանալով Աստուծոյ հետ լոկ:

Այսպէս ընելով հաւատարմօրէն` մեզմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի նմանիլ Փրկչին, որ առինքնող էր իր խօսքով, իր գործով եւ մանաւանդ իր աղօթքով: Սուրբ Մատթէոս կը շեշտէ. «Ժողովուրդը իմանալով Յիսուսի տեղը` զանազան քաղաքներէ հետիոտն հետեւեցաւ Անոր», որուն ամէն բանի մէջ հետեւորդներն ըլլալու կանչուած ենք այսօր:

«Հոծ բազմութիւնը» տեսնելով` «գութը շարժեցաւ» Տիրոջ, որ «բուժեց անոնց հիւանդները»: Գթասիրտ եւ ողորմած Մարդասէրն է Յիսուս, որմէ կրնանք սորվիլ եւ ընդունիլ գթասրտութիւնը, ողորմածութիւնը, այո՛, սքանչելագործութիւնը:

Մեր առօրեային մէջ երբ կ'աղօթենք ուրիշներուն համար, կը բուժենք: Երբ կը սիրենք ուրիշները, կը պտղաբերենք: Երբ կը ժպտինք ուրիշներուն, կը բալասանենք: Երբ կ'օգնենք ուրիշներուն, կը հրաշագործենք:

Միայն այսպէս կ’ըլլանք նման մեր Վարդապետին, որ հոգիները սնուցանելէն եւ հիւանդութիւնները բժշկելէն ետք հոգաց նաեւ մարմինները իր անօթեցած հետեւորդներուն, երբ հազարաւորներ կուշտօրէն յագեցուց բազմացուցած հացերով եւ ձուկերով:

Մենք ալ պարտաւոր ենք օգնութեան հասնիլ մեր կարիքաւոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն` մեր սիրոյն որակով ու կարողութեան չափով: Ուշադրութի՛ւն: Հոս համոզուելու ենք, թէ մեր տուած այս օժանդակութիւնը կամ այն նպաստը, կը դառնայ մեզի:

«Հացերու բազմացում»-ին հրաշքը մեզ տանելու է անբաղդատելիօրէն շատ աւելի մեծ ու մնայուն սքանչելագործութեան, որ Աստուածամարդուն Մարմինին Խորհուրդն է Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ:

Արդ, փորձե՛նք «հացերու բազմացում»-ը պատմագրող ու հրաշքը ցայտեցնող տողերուն խորքը թափանցել եւ իմանալ, թէ «հացերու բազմացումը, այնպէս, ինչպէս ուզուած էր Յիսուսի կողմէ ու հասկցուած` հնագոյն աւանդութեան համաձայն, խորհրդանշանը եւ պատկերն է այն միւս կեանքի Հացին, զոր Յիսուս պիտի տայ իր Եկեղեցիին` Գոհութեան Խորհուրդը»:

Ստուգիւ, Գոհութեան Խորհուրդը Ամենասուրբ Հաղորդութիւնն է, Աստուածամարդուն Մարմինն ու Արիւնը, որ նորահիմ եւ երիտասարդ Եկեղեցիին համար շատ մեծ նշանակութեամբ էր (Գ. Առ. 2,42,46, 20,7), վճռորոշիչ հեռանկարն ունէր, զոր առաջին աւետարանիչը առնչած էր այս բնագրին «հացերու բազմացում»-ին:

Ներշնչեալ հեղինակը լաւագոյնս գիտէր, թէ այս հեռանկարին մէջ նախ` մարդ պատրաստ պիտի ըլլայ Ամենակարեւորին ու Վճռականին, եւ, երկրորդ` կապուած պիտի ըլլայ Անո՛ր, որ ուրիշներուն համար Ինքզինք կը սպառէ ու իբրեւ հաց կ՛ուտուի` այդպիսով դառնալով մարդկութեան համար «երկինքէն իջած Հացը, եւ այս Հացէն ուտողը կ՛ապրի յաւիտեան» (Յվհ. 6, 58):

Այսպէս հաւատացին ու վարդապետեցին առաքեալները: Այսպէս կը հաւատայ և կը սորվեցնէ Եկեղեցին: Այսպէս ապրեցան ու կ՛ապրին սրբակեացները, որոնց լուսաշող աստղահոյլէն էր Մայր Թերեզա երանելին:

Գերմանական մեծ եկեղեցիի մը մէջ, հաւաքոյթի ընթացքին, ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ «Կալկաթայի հրեշտակ»-ին: Անմիջապէս ոտքի ելլելով` Մայր Թերեզա պահ մը փայտացած եւ անճարակ մնաց, ապա գնաց սուրբ խորան ու տապանակին առջեւ զետեղեց ծաղկեփունջը:

Այլուր, երբ հարցուցին իր այս ըրածին մասին, սրբակեաց հիմնադրուհին տուաւ այս յստակ պատասխանը.«Սուրբ Հաղորդութիւնը այն հոգեւոր սնունդն է, որ զիս ողջ, կենդանի կը պահէ: Առանց անոր չէի կրնար ապրիլ մէկ օր, այո՛, նոյնիսկ մէկ ժամ»:

«Կեանքը, Լոյսը եւ Ճշմարտութիւնն» իրաւացիօրէն ինքզինքը կոչած Յիսուսի համաձայն, բնական հացէն, նոյնիսկ եթէ` հրաշագործուած, ուտողը կը մեռնի, ինչպէս հրեաներու նախնիները «անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան» (Յվհ. 6, 49):

Իսկ գերբնական Հացէն ուտողը, նոյնիսկ եթէ մեռնի, չի մահանար, քանի Յիսուս կը վստահեցնէ մեզ. «Ես եմ կենդանի Հացը` իջած երկինքէն: Այս Հացը ուտող կ՛ապրի յաւիտեան: Հացը, զոր Ես կու տամ, իմ Մարմինս է, Կեանքը` աշխարհին» (Յվհ. 6, 51):

Այո՛, մարմինը կշտացնել կրցած Հրաշագործը մեր հոգիները յագեցնել կրցող Սքանչելագործն է, Յիսուս Քրիստոս, որ սակայն կը պայմանաւորէ իր կատարածը` յստակեցնելով, թէ միայն «հաւատացողը կ'ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յվհ. 6, 47):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 20 Յուլիս 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ