Պէյրութ
Օրհնութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ընտանիքը այսու կը տեղեկացնէ, որ այս տարուան յունիս 8-ին սկիզբ պիտի առնէ «Թելելիւմիէր Նուրսաթ» հաստատութեան նորաստեղծ Նուր Ալ Շարք (نور الشرق) արբանեակային կայանը, եւ այդ կայանէն պիտի սկսի սփռուիլ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պատկերասփիւռի յայտագիրը «Լոյս Զուարթ» վերնագրով:
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այս յայտագիրը, որ 2 ժամ տեւողութեամբ յայտագիր մըն է, պիտի ունենայ իր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, ընկերային եւ կրթական բաժինի կողքին լուրերու բաժին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին հայ կաթողիկէ հասարակութիւններուն եւ կառոյցներուն նորութիւններն ու լուրերը:
Ձեր գործունէութիններուն մասին լայն հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու նպատակով, կը խնդրենք, որ
1. Ձեր ձեռնարկներուն մասին կարելի եղածին չափ շուտ գրաւոր կամ բերանացի տեղեկատուութիւն հաղորդել պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակին.
հեռաձայն` 01 570 555/6/7/9, ֆաքս 01 570 558
email հասցէ` [email protected] :
2. Ուղարկել հաղորդուած նորութիւններուն մասին լուսանկարներ եւ վիտէօ նիւթեր: Այս նիւթերը կարելի է ուղարկել CD-ի վրայ՝ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոն եւ կամ ուղարկել [email protected] հասցէին:
Այսպէս, գրաւոր եւ տեսողական նիւթերու համադրումներով յայտագրի լրատուական բաժինով կարելի կ'ըլլայ ներկայացնել ձեր ձեռնարկներուն մասին տեղեկատուութիւնը` հաղորդումներուն ընթացքին, որոնք հասու պիտի ըլլան բազմաթիւ երկիրներու ձեր հաւատացեալներուն ու հանդիսատեսներուն եւ խանդավառութիւն պիտի բերեն անոնց:
Պէյրութ, 15 ապրիլ 2014
Գործակցութեան ընդառաջ`
Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան