Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2010 - Իրանի նոր դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Պէյրութ, Լիբանան 

 

45646
Հինգշաբթի
, 1 Յուլիս 2010, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Իրանի նոր դեսպան պրն. Ղատանֆար Րոքն Ապատի, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան միջազգային ընդհանուր կացութիւնը եւ Իրանի դիմագրաւող քաղաքական եւ տնտեսական հարցերը։ Պրն. դեսպանը անդրադարձաւ իր երկրի բարգաւաճման հոլովոյթին եւ կորիզային արդար իրաւունքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ան յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի պաղեստինեան դատին իսրայէլեան բռնութեան դէմ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց Իրանի լաւ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ բոլոր մարզերուն մէջ, անդրադառնալով Իրանահայ գաղութին մասին Թեհրանի եւ Իսպահանի մէջ։

Հանդիպման աւարտին, ներկաները յոյս յայտնեցին, որ տարածաշրջանի հարցերը կը լուծուին համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ