Երկուշաբթի, 28 Յունիս 2010 - Եղբայր Ըսթֆան Նաամէի երանելի հռչակման հանդիսաւոր արարողութիւն


Լիբանան

 

Կիրակի, 27 Յունիս 2010-ին տեղի ունեցաւ Աստուծոյ ծառայ՝ եղբայր Ըսթֆան Նաամէի երանելի hռչակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. ներկայացուցիչ եւ սուրբերու կոչումներու համաժողովին նախագահ՝ Գերպծ. Անճէլօ Ամադոյի։ Երանելի հռչակման սուրբ Պատարագը նախագահեց Մարոնիթ կարդինալ Սֆէյրը, մասնակցութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, կաթողիկէ պատրիարքներուն, պապական նուիրակին, հոգեւորականներուն եւ հազարաւոր ուխտաւորներուն Քֆիֆանի սուրբ Կիպրիանոս եւ Եուսդինա վանքին մէջ։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս հանդիսաւոր արարողութեան։

Գերպծ. Անճէլօ Ամադո ընթերցեց քահանայապետական ուղերձը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. եղբայր Ըսթֆան Նաամէ երանելի կը հռչակէ։

Ապա կարդինալ Սֆէյր հաղորդեց օրուան պատգամը ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուններով։ Ան յայտնեց, որ Երանելի եղբայր Ըսթֆան Նաամէ անձնազոհութեան օրինակը դարձաւ եւ մեռաւ լուր, անցնելով ուրախութեամբ դէպի յաւիտենականութիւն։

 

 

Երանելի
եղբայր Ըսթֆան Նաամէի մասին

Ծնեալ՝ Յովսէփ, 8 Մարտ 1889-ին, Ժպէյլի մէջ, Լիբանան։

1905 թուին, ան Քֆիֆանի վանք կը մտնէ 16 տարեկանին, իր հօրը մահէն երկու տարիներ ետք, մաս կազմելու համար լիբանանեան մարոնիթ միաբանութեան։

Կրօնաւորական կեանքի շրջանին, ան Ըսթֆան անունը կը կրէ եւ միաբան կ՛ըլլայ 1907էն սկսեալ։ Եռանդուն եւ կայտառ կրօնաւորը կը ծառայէ տարբեր վանքերու մէջ մինչեւ 1938 թուական, երբ կը վերադառնայ Քֆիֆանի վանք, ուր վեց ամիսներ ետք հոգին կ՛աւանդէ երիտասարդ տարիքին՝ 49 տարեկանին։

Ան կը թաղուի Քֆիֆանի սուրբ Կիպրիանոս եւ Եուսդինա վանքին մէջ։

Վանքին մեծաւոր հայրը կը վկայէ իր մասին ըսելով, թէ ան անխոնջ աշխատող եւ խաղաղասէր մարդ էր. կը պահէր իր ուխտերը եւ լաւ կը կատարէր իր գործերը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ