Ուրբաթ 3 Հոկտեմբեր 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, մասնկացելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 5էն 26 Վատիկանի մէջ:
Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի 12-րդ Ընդհանուր Սովորական Հաւաքին, որուն բնաբանն է «Աստուծոյ Խօսքը Եկեղեցւոյ Կեանքի եւ Առաքելութեան Մէջ», պիտի նախագահէ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը: 3 տարին անգամ տեղի ունցող այս հաւաքին կը մասնակցին քահանայապետական ժողովներու նախագահները, կաթողիկէ պատրիարքները եւ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներէ պատգամաւոր եպիսկոպոսներ:
Ժողովներուն ներկայ գտնուելու հրաւիրուած են նաեւ զանազան ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս Էջմիածնի եւ Անթլիասի կաթողիկոսութիւններէն ներկայացուցիչներ, Ս. Գրքի մասնագէտներ, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ եւ աշխարհականներ:
Յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան նախագահ՝ Կարդ. Թարչիզիօ Պերթօնէի հետ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ՝ կարդ. Լէոնարտօ Սանտրիի եւ այլ Վատիկանեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը կը վերադառնայ Հոկտեմբեր 31ին:
Պէյրութ, 30 Սեպտեմբեր 2008
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան