Ուրբաթ, 20 Յունիս 2008 - Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Հաղորդամիջոցներու 42րդ Համաշխարհային Օրուան Առթիւ

Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը,
 Ընկերային Հաղորդամիջոցներու
42րդ Համաշխարհային Օրուան Առթիւ
«Հաղորդամիջոցները` դերակատարութեան և ծառայութեան միջեւ, կը փնտռեն Ճշմարտութիւնը զայն բաժնեկից դարձնելու համար»:

 
Սիրելի Քոյրեր և Եղբայրներ՝

1. Ընկերային հաղորդամիջոցներու յառաջիկայ 42րդ համաշխարհային օրուան խորագիրը «Հաղորդամիջոցները` դերակատարութեան և ծառայութեան միջեւ, կը փնտռեն Ճշմարտութիւնը զայն
 
բաժնեկից դարձնելու համար » լոյսի տակ կ՛առնէ ընկերային հաղորդամիջոցներուն դերին կարեւորութիւնը, անհատներու և ընկերութիւններու կեանքին մէջ: Արդարեւ, նկատի ունենալով մանաւանդ համաշխարհայնացման ընթարձակ երեւոյթը, չկայ մարդկային փորձառութեան վերաբերող մարզ մը, որուն մէջ հաղորդամիջոցները հիմնական մաս չկազմեն միջանձնական յարաբերութիւններուն, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու կրօնական յառաջընթացքներուն: Այս գծով, նշած էի իմ պատգամիս մէջ, համաշխարհային խաղաղութեան օրուան առթիւ, անցեալ Յունուար 1ին թէ «ընկերային հաղորդամիջոցները, մեկնած իրենց դաստիարակչական կարողութիւններէն, յատուկ պատասխանատուութիւն ունին յառաջացնելու համար յարգանքը ընտանիքին հանդէպ, լուսարձակի տակ առնելու համար անոր իղձերն ու իրաւունքները, և յայտնաբերելու համար անոր գեղեցկութիւնը»:

2. Շնորհիւ արուեստաբանական ցնորտ զարգաշրջումին, այս հաղորդամիջոցները ստացան արտասովոր կարողութիւններ, արծարծելով միեւնոյն ատեն նոր հարցեր և անտիպ նիւթեր: Չենք կրնար ժխտել ինչ կարելի է այս միջոցները ներկայացնեն տեղեկութիւններու շրջանառութեան, եղելութիւններու ծանօթացման ու գիտութեան տարածման ծիրերուն մէջ. օրինակ՝ անոնք վճռականօրէն օգտեցին գիտութեան տարածման ու ընկերային կազմաւորման, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան և ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան զարգացման: Առանց անոնց օժանդակութեան, իրապէս շատ դժուար պիտի ըլլար զարգացնել ու բարելաւել համերաշխութեան գաղափարը ժողովուրդներուն միջեւ, միջազգային թափ տալ խաղաղութեան երկխօսութիւններուն, ապահովել մարդու առաջնահերթ իրաւունքը տեղեկութեան հասնելու, ապահովելով միեւնոյն ժամանակ գաղափարներու ազատ շրջանառութիւնը, ինչ կը վերաբերի ի մասնաւորի միասնականութեան և ընկերային արդարութեան գաղափարներուն: Այո. հաղորդամիջոցները միայն տեղեկատուական աղբիւրներ չեն ներկայացներ, այլ անոնք կրնան ու պէտք է ըլլան նոյնիսկ օժանդակ տարրեր աւելի արդար ու միացեալ աշխարհ մը կերտելու համար: Դժբախտաբար վտանգը երբեք պակաս չէ, որ այս հաղորդամիջոցները վերածուին հանրամեքենաներու, պարտադրելու համար մարդոց որոշ տեսանկիւններ, թելադրուած ներկայ իշխող շահերու կողմէն: Ինչպէս է պարագան այն հաղորդամիջոցներուն, որոնք կը գործեն գաղափարախօսական նպատակներու համար կամ սպառողական արտադրութիւններ ներկայացնելու համար, նշմարելի ծանուցումներու միջոցաւ: Իրականութիւնը ներկայացնելու պատրուակով, կը հաստատուին եւ կը պարտադրուին այլ շեղած կերպեր՝ անձնական, ընտանեկան և ընկերային կեանքերուն մասին: Ասկէ աւելի, բարելաւելու համար ունկնդրութիւնը, ինչ որ լսաչափ (l’audimat) կը կոչենք,  չեն վարանիր դիմելու երբեմն անսաստութեան, գռեհկութեան ու բռնութեան: Վերջապէս, վտանգը կայ որ այս հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ առաջարկուին և յառաջանան զարգացումի օրինակներ, որոնք կը խորացնեն աւելի քան կը զսպեն արուեստաբանական ճեղքը, որ կը գտնուի այժմ աղքատ և հարուստ երկիրներուն միջեւ:

3. Մարդկութիւնը այժմ կը գտնուի խաչմերուկի վրայ: Ինչ որ գրած էի «Յոյսով Փրկուած Ենք» խորագրով շրջաբերականին մէջ, տեղի ունեցող յառաջդիմութեան անորոշութեան մասին, կը վերաբերի նաեւ հաղորդամիջոցներուն, որոնք կը նուիրեն նորանոր կարողութիւններ ի սպաս Բարիին, սակայն նոյն ժամանակ առիթ տալով չարամիտ կարողութիւններու, որոնք գոյութիւն չունէին նախապէս: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է հարց տալ եթէ իմաստուն է ձգել ընկերային հաղորդամիջոցները, որ ենթարկուին կոյր գործելաձեւի, կամ ալ ձգել որ անոնք գործիքներ դառնան ձեռնավարելու համար մարդոց խիղճերը: Պէտք չէ՞ մանաւանդ այն կերպով գործել որ, այս հաղորդամիջոցները ծառայեն անհատին ու հասարակաց բարիքին, ի նպաստ «մարդու բարոյական կազմաւորման, մարդու ներքինին զարգացման»: Անոնց աննախընթաց ազդեցութիւնը անհատներու և ընկերութիւններու կեանքին վրայ լայն ճանաչում ստացած է, բայց այսօր պէտք է ցուցաբերել այս անկիւնադարձը, ես կ՛ըսեմ աւելի, անոնց դերերու փոփոխութիւնը, որ պէտք է իրականացնեն: Այսօր, աւելի յայտնի ձեւով, հաղորդակցութիւնը յաւակնութիւնը ունի ընդհարապէս, ոչ միայն ներկայացնելու իրականութիւնը, այլ զայն սահմանելու, շնորհիւ իր իշխանութեան և համոզելու մեծ կարողութեան: Կը պատահի օրինակ, որ շատ մը պարագաներուն մէջ ուր հաղորդամիջոցները կը գործածուին ոչ թէ կատարելու համար ճիշդ կերպով իրենց տեղեկատուական դերը, այլ իրենք կը ստեղծեն դէպքերը: Պաշտօնի այս վտանգաւոր փոփոխութիւնը կը մտահոգէ Եկեղեցւոյ բազմաթիւ հովիւներ: Որովհետեւ իրողութիւններ են, որոնք կը ծանրաբերեն մարդկային կեանքը, բոլոր մակարդակներու վրայ (բարոյական, մտաւորական, կրօնական, յարաբերական, զգացական, մշակութային), հարցականի տակ դնելով անհատին բարիքը, պէտք է վերահաստատել թէ ինչ որ կարելի է թեքնիք կերպով, բարոյապէս գործադրելի չէ: Ընկերային հաղորդամիջոցներուն ազդեցութիւնը ժամանակակից մարդուն կեանքին վրայ ուրեմն կը պարզէ հարցեր, որոնցմէ չենք կրնար խուսափիլ, և որոնք կ՛ենթադրեն ընտրութիւններ և պատասխաններ, զորս անկարելի է անտեսել կամ յետաձգել: 
 
4. Այն դերը, որ ընկերային հաղորդամիջոցները կը կատարեն ընկերութենէն ներս, պէտք է այսուհետեւ զայն նկատի առնել որպէս հիմնական մէկ բաժինը մարդաբանական հարցին, որ երեւան կու գայ որպէս երրորդ հազարամեակի վճռական մարտահրաւէր մը: Համեմատաբար ինչ որ կը պատահի մարդկային կեանքէն ներս, ամուսնութեան և ընտանիքի պարագային, և ինչ կը վերաբերի ներկայ մեծ հարցերուն, ինչպէս՝ խաղաղութիւնը, արդարութիւնը և ստեղծա•ործութեան պահպանումը, նոյնպէս ալ ընկերային հաղորդակցութեան մարզին մէջ, մարդուն և անոր ճշմարտութեան կազմուածքային ծաւալները խնդրոյ առարկայ դարձած են: Երբ հաղորդակցութիւնը կը կորսնցնէ իր բարոյական սահմանները և կը սպրդի ընկերային հսկողութենէն, ան նկատի չ՛առնէր այլեւս մարդու կեդրոնական նկարագիրը ու անոր անկապտելի արժանապատուութիւնը, ժխտականօրէն ազդելով անոր գիտակցութեան վրայ, անոր ընտրութիւններուն վրայ, և սահմանափակելով վերջապէս մարդոց ազատութիւնը ու նոյնիսկ անոնց կեանքը: Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է, որ ընկերային հաղորդամիջոցները պաշտպանեն նախանձելիօրէն մարդ անհատը և յարգեն ամբողջապէս անոր արժանապատուութիւնը: Որոշ թիւով մարդիկ կը մտածեն, թէ հարկ է գտնել այս օրերուս՝ «հաղորդակցութեան բարոյական արժէքներ», ինչպէս կան կենսաբանութեան բարոյական արժէքներ՝ բժշկութեան ու կեանքի հարցերով զբաղող գիտազօտութիւններուն:  
  
5. Յարմար է խուսափիլ այս հաղորդամիջոցները վերածելէ պարզապէս բարձրախօսներու՝ տնտեսական նիւթապաշտութեան ու յարաբերական բարոյագիտութեան ի նպաստ, որոնք այս դարուս հիմնական ախտերն են: Ընդհակառակը, անոնք կրնան և պարտաւոր են տարածել ճշմարտութիւնը մարդուն մասին, զայն պաշտպանելով անոնցմէ, որոնք կը ձգտին զայն դրժել կամ կործանել: Կրնանք աւելցնել, որ փնտռել ու ներկայացնել ճշմարտութիւնը մարդուն մասին կը կազմեն ամենավսեմ կոչումը ընկերային հաղորդակցութեան: Այս նպատակին համար, դիմել լեզուական շքեղագոյն ոճերուն, որ կը գործածեն հաղորդամիջոցները, կը կազմէ գերագոյն պարտականութիւնը, որ վստահուած է առաջին հերթին պատասխանատու և գործունեայ անձերուն այս մարզին մէջ: Սակայն այս պարտականութիւնը կը հետաքրքրէ մեզ բոլորս, որպէս օգտուողներ կամ զբաղող անձեր հաղորդակցութեան մարզին մէջ, մանաւանդ համաշխարհայնացման այս ներկայ շրջանին: Նոր լրատուամիջոցները, մասնաւորապէս՝ հեռաձայնը և համացանցը, այժմ փոփոխութեան կ՛ենթարկեն հաղորդակցութեան դիմագիծը, և այս կը սեպուի արժէքաւոր առիթ մը զայն վերամշակելու - ինչպէս որ ըսաւ իմ նախորդս՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը - դարձնելով աւելի տեսանելի՝ մարդուն հիմնական ու անվթար երեւոյթները:  

6. Մարդը ճշմարտութեան ծարաւը ունի, ան ճշմարտութեան մասին փնտրտուքի մէջ է: Այս բանը երեւան կու գայ նաեւ շնորհիւ ուշադրութիւնը գրաւող և յաջողութիւնը արձանագրող զանազան խմբագրական գործերու, յայտագիրներու կամ մակարդակով ստեղծագործութիւններու, ուր լաւապէս ճանչցուած և ներկայացուած են մարդուն ճշմարիտ, գեղեցիկ ու վսեմ իրականութիւնը, ներառեալ անոր կրօնական ծաւալը: Յիսուս ըսաւ. «Պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը, և ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8,32): Ճշմարտութիւնը, որ մեզ կ՛ազատէ՝ Քրիստոսն է, որովհետեւ Ան միայն կրնայ ամբողջապէս յագեցնել կեանքի ու սիրոյ ծարաւը որ կը գտնուի մարդուն սրտին մէջ: Ան, որ կը հանդիպի Անոր ու կ՛ոգեւորուի իր պատգամով, փորձառութիւնը կ՛ունենայ անդիմադրելի տենչի մը ճշմարտութիւնը բաժնեկցելու. «Այն, որ էր սկիզբը, այն որ լսեցինք ու դիտեցինք մեր աչքերով կը գրէ Ս. Յովհաննէսը- այն, որ տեսանք և մեր ձեռքերով շօշափեցինք, Կեանքի խօսքը…, կ՛աւետենք զայն ձեզի, որ Հօր քով էր ու մեր մէջ երեւցաւ. ան, որ տեսանք ու լսեցինք կ՛աւետէ ձեզ որպէսզի դուք ալ մեզի հետ հաղորդութեան մէջ ըլլաք, ինչպէս որ մենք հաղորդութեան մէջ ենք Հօր և իր որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի հետ: Մենք ենք, որ ասիկա կը գրենք, որպէսզի երջանկութեան լիութիւնը ունենանք»:

Աղօթենք Սուրբ Հոգիին, որ գտնուին մեր մէջ հաղորդակցութեան համար քաջ անձեր և վաւերական վկաներ Ճշմարտութեան, որոնք հաւատարիմ Յիսուսի կոչումին և ոգեւորուած հաւատքի պատգամով, « գիտեն ըլլալ մեկնաբաններ ներկայ մշակութային պէտքերուն, համոզուած ապրելով մերօրեայ հաղորդակցութեան ժամանակաշրջանը, ոչ որպէս ենթարկութեան ու մոլորուածութեան ժամանակաշրջան, այլ ճմարտութեան փնտրտուքի և ժողովուրդներու ու անհատներու հաղորդակցութեան զար•ացման ժամանակաշրջան» (Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի ուղղած խօսքը հաղորդամիջոցներու գործավարներու հանդիպման ընթացքին, 9 Նոյեմբեր 2002-ին):   

Այս մաղթանքով, ձեզի բոլորիդ կու տամ իմ Օրհնութիւնս:

Վատիկան, 24 Յունուար 2008, Սուրբ Ֆրանսուա Տը Սալի տօն:

Բենեդիկտոս ԺԶ.


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ