Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2007 - Կիսասարկաւագութեան Աստիճանի Տուչութիւն

 

 
Հռոմ, Իտալիա

Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս  Պատրիարքի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց,  Շաբաթ՝ 24 Նոյեմբեր 2007ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Նիկողայոս Թոլենդինացի եկեղեցւոյ մէջ, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի երեք երեց եղաբայրներ՝ Խաչիկ Պահէյեան (Գամիշլիի թեմէն), Անտոն Թահանեան  եւ Միքայէլ Քայելեան (Հալէպի թեմէն) դպրութեան կարգը ստացան ձեռամբ Պետրոս Արք. Միրիաթեանի՝ Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ հայոց: 

Իր Քարոզին մէջ, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը անդրադարձաւ դպրութեան  կարեւորութեան մասին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ապա իր խօսքը ուղղելով երեք թեկնածուներուն, հրաւէր ուղղեց անոնց հեռու մնալու դատարկախօսութենէն եւ դիմելու դէպի սրբութիւն: Ան նաեւ աւելցուց որ քահանայութեան այս առաջին աստիճանները մեկնակէտ մըն են դէպի աւելի ուսում ամբարելու, եւ պատշաճ ժամանակին հասնելու սարկաւագութեան մեծ կարգին: Իսկ եթէ այսօր դուք այս աստիճանին արժանացաք, ըսաւ ան, զայն կը պարտիք Զմմառու ցաւագին Տիրամօր ինչպէս նաեւ Նարեկի Տիրամօր բարեխօսութեան:

 Պատարագէն ետք, ներկաները շնորհաւորեցին կիսասրկաւագ եղբայրները ապա մասնակցեցան սիրոյ ագապին, որ պատրաստուած էր եկեղեցւոյ կից գտնուող սրահին մէջ:

 

 

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ