Լիբանան
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջանի Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ բարերարութեամբ Անթուան Էմիրզեան ամոլին, Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2008-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ՝ կատարողութեամբ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբին, անոր հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով: Երգչախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Մանուէլ Քեշիշեան, համերգին ընթացքին դաշնակի վրայ երգչախումբին ընկերակցեցաւ Ռուպինա Զաքարեան, իսկ սրինգով՝ Գէորգ Քեշիշեան:
Օրուան հանդիսավար Անայիս Կետիկեան յայտնեց, որ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը հիմնուած է 1983-ին, Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի մտայղացումով եւ ղեկավար Մանուէլ Քեշիշեանի գործադրութեամբ:
Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ իր հիմնադրութեան թուականէն ի վեր «Բլբուլ»ը չէ դադրած երգելէ հոգեւոր եւ ազգային երգեր: Երգչախումբը այն միջավայրը եւ բոյնն է, ուր պատանիին հոգիին մէջ կը զարգանայ սէրը, ինչպէս նաեւ արուեստի եւ գեղեցիկի գաղափարը, հաստատեց վարդապետը՝ աւելցնելով, որ այն ժողովուրդը, որ երգ չունի, լճացած եւ տխուր ժողովուրդ մը կ’ըլլայ՝ ենթակայ ամէն տեսակի վտանգներու, առանց հոգիի ազնուութիւն եւ վեհութիւն ունենալու:
«Բլբուլ»ի հիմնադիր անդամներէն Պեանքա Քեքեճատուրեան նկատել տուաւ, որ 12 տարեկան հասակին մաս կազմած է երգչախումբին, ուր սորված է հոգեւոր, ազգային եւ հայրենասիրական երգեր: Ան նաեւ ներկաներուն հետ բաժնեց կարգ մը յիշատակներ:
Յայտագիրը կը բաղկանար երեք բաժիններէ. առաջին բաժինով 47 հոգիէ բաղկացած «Բլբուլ» մանկական երգչախումբը ներկայացուց հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն երգերու փունջ մը, ինչպէս նաեւ չորս կարճ կենդանի պատկերներ (բեմադրութեամբ Յարութ Հարպոյեանի): Երկրորդ բաժինով «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր 52 անդամներով մեկնաբանեց հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն երգեր: Երրորդ բաժինով «Արծիւեան» երգչախումբի անդամներ, որոնք նախապէս մաս կազմած են «Բլբուլ»ին, ներկայացուցին երեք երգեր:
Աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան Ամեն.Հոգեւոր Տիրոջ, Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի, եւ երգչախումբի ղեկավար Մանուէլ Քեշիշեանի:
Երգչախումբի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով Սրբազան Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը շնորհաւորագիր մը ուղարկած էր, որ ընթերցուեցաւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսք ուղղեց Արհի. Տէր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ նկատել տուաւ, թէ հակառակ նիւթական եւ այլ բնոյթի զանազան խոչընդոտներու, «Բլբուլ» երգչախումբը գոյատեւած է եւ գոհունակութիւն յայտնեց համայնքին մէջ նման երգչախումբի գոյութեան համար, որովհետեւ անիկա իր ղեկավարով եւ անձնակազմով կ’ամբողջացնէ տան եւ դպրոցի դաստիարակութիւնը՝ ջամբելով քրիստոնէական եւ ազգային հոգի:
Եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Ամեն.Հոգեւոր Տէրը, որ կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն իրենց զաւակները վստահելու «Բլբուլ» երգչախումբին, որովհետեւ հոն կը կազմաւորուի անոնց նկարագիրը, եւ կը սորվին քրիստոնէական եւ ազգային սկզբունքներ: Հոն կը զօրանայ իրենց հայրենասիրական եւ հայկական ինքնութեան զգացումը: «Ձեր զաւակները «Բլբուլ» երգչախումբին մաս թող կազմեն ոչ միայն երգի կամ ժամանցի համար, այլեւ՝ քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութիւն ստանալու համար», եզրափակեց Ամեն. Հոգեւոր Տէրը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով եւ Տէրունական աղօթքով: