Կիրակի, 1 Ապրիլ 2007 - Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ժԹ. կը Պարգեւատրէ Յարութ Սասունեանը «Ս.Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու խորհուրդին, Կիրակի, 1 Ապրիլ 2007ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Հ.Կ.Մ.ի Արարատեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Միացեալ Հայկական Հիմնադրամի նախագահ Տիար Յարութ Սասունեանի «Ս. Մես¬րոպ Մաշտոց» Պատրիարքական շքանշանով պարգեւատրումի հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայատանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիար Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Պէնինի հիւպատոս՝ Տիար Արա Վանլեան, Անթիլիասի Աթոռի ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Սրբ. Ալեմեզեան, Հայ Աւետարանական համայնքի Բարձրագոյն Մարմնի Նախագահ՝ Վեր. Քիլաղպեան, Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէն՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան, Զմմառու Վանքի  Մեծաւոր՝ Հայր Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, «‏Մասիս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Հայր Անդրանիկ Կռանեան եւ գաղութի կրօնական, կրթական եւ միութեանական ներկայացուցիչները:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավարուհին՝ Տիկ. Անի Եփրեմեան բեմ հրաւիրեց Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէնուհի՝, Առաք. Քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «Հայ դպրոցը, որպէս յառաջապահ կռուան եւ յանձնառու՝ հայապահպանումի, հայակերտումի իր պայքարին, կարիքն ունի զօրակցութեան, մղիչ ուժի, պաշտպանութեան: Այդ զօրակցութիւնը, մղիչ ուժը, պաշտպանութիւնը բերիք դուք»: Ապա Առաքինազարդ Քոյրը շարունակելով խօսքը, անդրադարձաւ Յարութ Սասունեանի 2006ի Նոյեմբերին Լիբանան տուած տասնօրեայ պատմական այցելութեան, որով ան վկայեց իր «խորունկ սէրն ու հաւատքը հայ դպրոցին հանդէպ»:Այս այցելութեամբ  Տիար Սասունեան եւս անգամի մը համար վերարժեւորեց լիբանանահայութեան դերը սփիւռքեան իրականութեան մէջ:

Ապա, Առաքինազարդ Քոյրը անդրադարձաւ Յարութ Սասունեանի երկրորդ այցելութեան շրջանին, որ համընկաւ եկեղեցական, ծիսական ամենագեղեցիկ շրջանին՝ Ս. Զատկուան: Առ այդ, ան յայտնեց «մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները Ձեզի՛, նաեւ մեր սէրը՝ անթառամ, մեր յարգանքն ու երախտագիտոււթիւնը: Կը խնդրենք որ մեր ջերմ զգացումներուն հարազատ թարգմանը ըլլաք մեծ Բարերար Տիար Քըրք Գրիգորեանին մօտ»:

Ապա, ցուցադրուեցաւ հանդիսութեան համար յատուկ պատրաստուած «Յարութ Սասունեան. Անուն Սիրելի, Անմոռանալի» տեսաերիզը, որ իրմէ կը ներկայացնէր մեծ բարերեար Յարութ Սասունեանին կենսագրականը:

Տեսաերիզի ցուցադրութեան յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցոըթիւնը բերին Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները ասմունքելով Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեանի «Եւ տառն լոյս եղեւ»ը:

Ապա, Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանէն Սինթիա Սարգիսեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Շոփէնի «Վալս թիւ 7»ը:

Գ. Հարպոյեան վարժարանի պարախումբը հանդէս եկաւ  «Նազպար»ով եւ «Գաւառական Պար» զոյգ պարերով:

Իսկ Ս. Ագնէս վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն, կատարելով Արշակ Չօպանեանի «Գեղօն՝ ի պատիւ հայ լեզուին»:
Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի երգչախումբը, խմբավարութեամբ Պր. Մանուէլ Քեշիշեանի, կատարեց զոյգ խմբերգներ. «Երազ Իմ Եր¬կիր Հայրենի» (խօսք եւ երաժշտութիւն՝ Ռ. Ամիրխանեանի) եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» (խօսք՝ Եղիշէ Չարենցի, երաժշտութիւնը՝ Տիգրան Մանսուրեանի):

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք կարդաղուեցաւ Պատրիարքական Կոնդակը Հայր Ղեւոնդ Վրդ. Քենտիրճեանի կողմէ, ապա Յ.Սասունեանի շքանշանի հանդիսաւոր տուուչութիւնը, որմէ ետք խօսք առաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը:Ան ըսաւ. «Մեր ազգային, մշակութային եւ աւանդական արժէքներու պահպանումին ի խնդիր եղած որեւէ ծառայութիւն արժանի է գնահատանքի ու յարգանքի: Իբրեւ մտաւորական, ազգային գործիչ, մարդկային, բարեսիրական, ընկերային ասպարէզներու ծառայող, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան եղաւ այդպիսին՝ Հայկական Միացեալ Հիմնադրամի եւ «Լինսի» Հիմնարկին քով կատարած իր միջնորդութեամբ, ապահովելով իշխանական նուիրատուութիւնը Լիբանանեան պատերազմի ծանրագոյն պայմաններուն մէջ հեւացող լիբանանահայութեան համար»: Աւարտելով իր խօսքը, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, թէ երեկոն Յարութ Սասունանին եւ իր նմաններուն ուղղուած «զօրակցութեան աննշան արտայայտութիւն մըն էր յառաջիկայ հայանուէր աշխատանքներուն դիմաց»:

Ապա, իր կարգին, խօսք առաւ Տիար Յարութ Սասունեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, «Ես առանձնապէս մեծ բան մը չեմ ըրած, ես կատարած եմ իմ պարտականութիւնս իմ սիրելի ժողովուրդիս հարդէպ եւ դեռ ընելիքներ շատ կան». 

Հանդիսութեան աւարտին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Տիար Յարութ Սասունեան ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորութիւնները: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ