Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2006 - Օր Մոխրոց - Աւետման Ս. Աստուածածնի Եկեղեցի
Յոյժ Սիրելի զաւակներս, Քառասնորդաց շրջանը՝ առանձնաշնորհեալ շրջան մըն է: Ան սրտի ուղեւորութիւնն է դէպի Աստուած, գրութեան աղբիւրը: Նոյնիսկ երբ փորձիչը՝ Սատանան ուզէ մեզ յուսահատութեան մատնել՝ որովհետեւ առանձին կ’ապրինք կամ աղքատ ենք, Աստուած մեզի հետ է՝ մեզի կը նայի եւ մեզի կ’օգնէ: Աստուած կը լսէ մեր աղօթքը եւ թոյլ չի տար որ չարը յաղթէ մեզի, այլ մեզի կը շնորհէ ուժը համբերելու, կու տայ սրտի խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ սէր, որովհետեւ Աստուած մեր հայրն է:
Քառասնորդաց շրջանը ապաշխարութեան շրջան մըն է, ինչպէս գիտէք: Յիսուս կ’ըսէ.«Ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մկ. 1,15): Ամէնքս պէտք ունինք ապաշխարելու, նոյնիսկ եթէ ամէն օր կ’աղօթենք կամ Ս. Պատարագի կը մասնակցինք:
Ապաշխարել եղած չէ մեզ տխրեցնելու համար, այլ ձերբազատելու համար ամէն բանէ որ մեզ կը տխրեցնէ, մեր կատարած սխալ գործերը որոնց վրայ կը զղջանք, ու պիտի չուզէնք ընել: Ապաշխարանքը առիթ մըն է ազատութեան եւ ուրախութեան: Այլեւս Սատանան մեր վրայ չի տիրապետեր: Աւետարանի իմաստով, ապաշխարել կը նշանակէ ոստում մը ընել դէպի յառաջ, դէպի Աստուծոյ ողորմութիւն, դէպի երկինքի արքայութիւն, դէպի փրկութիւն:
Այս իմաստով ապաշխարութիւնը եւ փրկութիւնը իրարու հետ կապուած են: Նախ պիտի հաւատաս որ Աստուած քեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ քեզ փրկել, անկէ ետք պիտի ապաշխարես: Աստուծոյ շնորհքը եւ սէրը քեզի ուժ պիտի տան ապաշխարելու: «Ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք» երկու տարբեր բաներ չեն, այլ մէկ •ործողութիւն, այսինքն՝ հաւատալով ապաշխարեցէք: Եթէ կ’ուզէք երկինք մտնել, հաւատքը երկինքին դուռն է. անով պիտի մտնէք: Որքան հաւատաք Աստուծոյ հայրական սիրոյ եւ անսահման գթութեան, այնքան աւելի պիտի մօտենաք երկինքի արքայութեան: Այսպէս ըրին բոլոր սուրբերը: Կարդացէք Նարեկացին եւ նոյնը պիտի գտնէք:
Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ երեք միջոցներ այս նպատակին հասնելու համար՝ աղօթք, ծոմ եւ ողորմութիւն: Աղօթել էական է հաւատացեալին համար: Անով կը խոստովանիք որ Աստուած ձեր հայրն է: Յիսուս ըսաւ իր առաքեալներուն. երբ աղօթէք, ըսէ՛ք Հայր մեր: Աղօթքը մեզ կը պաշտպանէ փորձութեան մէջ իյնալէ: Աղօթքը մեր սիրտը կը սփոփէ եւ անոր հանդարտութիւն կը շնորհէ: Աղօթքով կը միանանք բոլոր աղօթող մարդոց հետ:
Երկրորդ միջոցը՝ ծոմապահութիւնն է: Որքան խնամես ու գուրգուրաս մարմինդ եւ անոր հաճոյքները կատարես, այնքան աւելի ան քու վրադ պիտի տիրապետէ եւ շատ անգամ քեզ մեղանչելու պիտի մղէ: Հակառակն ալ ճիշդ է. որքան մարմինդ սանձահարես, այնքան աւելի ազատ պիտի ըլլաս՝ պիտի կարենաս կատարել ինչ որ կ’ուզես ընել, ինչ որ որոշեցիր ընելու: Ծոմը կերակուրներէն մեծապէս կ’օգնէ: Բայց նաեւ կայ ծոմը խօսելու, այսինքն լեզուն զսպել: Ս. Յակոբ կ’ըսէ. «եթէ մէկը խօսքով չի մեղանչեր, կատարեալ մարդ է եւ կարող է իր ամբողջ մարմինը սանձահարելու» (Գ, 2): Կարելի է նաեւ ծոմ պահել հեռատեսիլէ, որ շատ անգամ մեր ժամանակը կը վատնէ, անհեթեթ եւ սնոտի բաներ կը ցուցադրէ եւ երբեմն ալ՝ անբարոյ պատմուածքներ եւ նկարներ: Ժամանակը յարգի է, Աստուծմէ տուրք մըն է. պէտք է զայն լաւ գործածել: Կարելի է նաեւ զրկուիլ այն բաներէն որոնք անհրաժեշտ չեն եւ կամ քմահաճոյքի համար եղած են: Ամէն մէկը գիտէ թէ ինչ բանի ան կապուած է. անկէ ալ թող ծոմ պահէ:
Սուրբ Հայրերը կ’ըսեն. աղօթքը լաւ է, ծոմապահութիւնը աւելի լաւ է, բայց երկուքէն ամէնէն լաւը՝ ողորմութիւնն է: Ով որ ողորմութիւն կ’ընէ, սիրտը դրամի կապուած չէ: Ով որ ողորմութիւն կ’ընէ, սրտի ուրախութիւն կը զգայ: Մի վախնաք տալէ եւ շատ տալէ: Աստուած որ ձեր սրտի առատաձեռնութիւնը կը տեսնէ պիտի հատուցանէ ձեզի հարիւրապատիկ կերպով: Եթէ մէկու մը սիրտը դրամի կապուած է, այդ անձին սիրտը ծանր է, իր շրջապատի խեղճութիւնները չի տեսներ եւ չի կրնար յառաջանալ հո•եւոր կեանքին մէջ:
Ուստի՝ աղօթքը, ծոմը եւ ողորմութիւնը մեծապէս օգտակար միջոցներ են հաւատացեալին համար, որ մտահոգութիւն ունի Աստուծոյ հաճելի ըլլալու եւ ոչ թէ մարդոց: Ասոր համար, այս միջոցները պէտք է կատարել Աստուծոյ համար միայն, առանց մարդ գիտնալու, այսինքն՝ կատարել զանոնք ի ծածուկ:
Շնորհաբեր եւ պտղաբեր քառասունք ձեզի կը մաղթեմ. իրարու համար աղօթեցէ՛ք, իրարու օգնեցէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք:
Թող Աստուածամայրը ձեզ առաջնորդէ այս ապաշխարանքի ուղեւորութեան մէջ:
|