Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2009 - Հսկումի Երեկոյ Մեծ Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակին

 
Պէյրութ, Լիբանան
 

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2009-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակին նուիրուած հսկումի երեկոյ՝ «Այսօր այսպէս, վաղը ի՞նչ...» թեմայով:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը (հայերէնով եւ արաբերէնով) արտասանեց օրուան հանդիսավար Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անդամ՝ Արամ Գարատաղլեան: Ան յայտնեց, որ հայ ազգը շատ մը այլ ցեղերու նման գոյատեւեց շնորհիւ իր նահատակներուն թափած արեան: «Արդար իրաւունքը ամէն բանէ վեր է, երբ չի մեռնիր, երբ ունի պահանջատէր ազգ մը», հաստատեց Արամ Գարատաղլեան:

 
Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք յուշակոթողին շուրջ ոչ
 
միայն յարգանք մատուցելու, ոգեկոչելու, անցեալը յիշելու, այլեւ՝ կարդալու մեր ներկան եւ ծրագրելու ապագան: Ան հաստատեց, թէ կատարուածը որակաւոր ոստում մըն է: Ան յայտնեց, որ նոր սերունդը մահուան յաղթած է եւ յարութեան սերունդ է: Հայր Վարդան իր խօսքը փակեց ըւելով թէ եկեղեցին մայր է եի Հայոց եկեղեցին մէկ արմատ ունի եւ անոր ճիւղաւորման տակ Քրիստոսի յարութեան շուքը կը վայելենք:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի խմբագրակազմի անդամ, եւ համալսարանի ուսանողական հարցերու տեսուչ Անդրանիկ Տագեսեան: Ան խօսեցաւ հայոց լեզուին մասին եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, թէ հայոց լեզուն կ’արտացոլէ հայութեան քաղաքական եւ գիտակցական վիճակը՝ աւելցնելով, որ լեզուն կը մեռնի, երբ կը դադրի գործածուելէ: Ան յայտնեց, որ լեզուն մշակոյթ է եւ քաղաքակրթութեան դրսեւորում, իսկ հայութեան մօտ անիկա նաեւ քաղաքական կամքի դրսեւորում է: Ան շեշտեց, որ մեզմէ խլուած է հայրենիքը եւ մեր կերտած մշակոյթին մեծ մասը, որուն փոխարէն նորը կերտելու համար մենք պէտք ունինք հայերէնին:

 
Դերասանուհի, թատերագիր եւ «Նահար» օրաթերթի լրագրողներէն Քլոտիա Մարշալեան հաստատեց լեզուի կարեւորութիւնը, սակայն շեշտեց,
 
թէ կան աւելի կարեւոր երեւոյթներ, ինչպէս՝ յարատեւութիւնը, զգացումը, գիտակցութիւնը, արուեստը: Ան յայտնեց, որ գրած է պատմութիւն մը, որ կը խօսի 1915-ի Ցեղասպանութեան մասին եւ խոստացաւ յառաջիկայ 24 ապրիլին զայն ցուցադրել շարժապատկերներու սրահներուն մէջ:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան ատենապետ Մարալ Աթեշեան, որ խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն յորդորեց զանոնք գիտակցելու իրենց պարտականութիւններուն, արթուն ըլլալու, յառաջդիմելու, Հայ դատի պահանջատիրութիւնը գիտական եւ մասնագիտական գործի վերածելու: Ան հաստատեց, թէ Հայ դատին համար ամէնէն ազդեցիկ միջոցառումը միասնականութիւնն է, ինչպէս նաեւ համախմբուածութիւնը եւ համագործակցութիւնը:
 

 
Աւարտին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ