Շաբաթ, 28 Յունուար 2012 - Հրանդ Տինքի անուան մրցանակ Իտալացի լրագրողին


Հռոմ

Հինգշաբթի 26 յունուար 2012, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի շքեղ հիւրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր ու տնօրէն՝ Հրանդ Տինքի նուիրուած  «միտքի եւ խօսքի ազատութեան» 2012 տարուայ մրցանակի տուչութիւնը։
Այս տարի Հրանդ Տինքի անուան մրցանակը շնորհուեցաւ  իտալացի գրող ու լրագրող, իտալական «Corriere della sera» օրաթերթի խմբագիր եւ անոր երկար տարիներու ընթացքին դէպի հիւսիս արեւելեան երկիրներու թղթակից՝ Ճան Անթոնիօ Սթէլլային , որ բազմաթիւ տարիներէ ի վեր քրոնիկագիր է: Ան յատկապէս կը զբաղի քաղաքական նիւթերով եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու մասին անդրադառնալով։
2007-ին լոյս տեսած է Սթէլլայի «լա Գասթա» առանձնաշնորհեալ դասակարգի մասին հատորը, զոր գրած է Սէրճօ Րիցցոյի հետ միասին. (այս գործը) կարեւոր դեր ունեցած է իր  գրական ասպարէզին համար։ Իր գործերէն են  լ՝Օրտա-ն, որուն մէջ կը խօսի յատկապէս  իտալացի ժողովուրդին գաղթականութեան մասին. (թէ ինչպէս անոնք  արհամարուած էին գերմանացի ժողովուրդին կողմէ).  2006-ին  գրած է «իլ մայէսթրօ  մակրօ» վէպը։ 2009-ին լոյս տեսած իր  հատորին մէջ,  Ճան Անթոնիօ Սթէլլա անդրադարձած է նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Ան նաեւ վարած է Իտալիոյ պետական ձայնասփիւռի «Radio 3»-ի՝ «faccia a faccia» (դէմ դիմաց) հաղորդաշարը։
Ճան Անթոնիօ Սթէլլա արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, յիշենք անոնցմէ՝ «Պարծինի» մրցանակը, Իսքիա մրցանակը, Սէան Վէանսան լրագրութեան մրցանակը եւ Գրականական «Լա թօրէ» մրցանակը։
Երեկոյթին հռոմահայ գաղութի երիտասարդուհի՝  Օր Լուսին Աթթարեան ներկայացուց  Տինքի վերջին յօդուածը, որ կը համարուի անոր  վերջին կտակը։  Գեղարուեստական բաժնին մէջ, գաղութի երիտասարդ արուեստագիտուհի՝ սրնգահար Վերոնիքա Քիզանիշվիլի ներկաներուն հրամցուց երաժշտական կտորներ։
Այս առթիւ խօսք առին Հռոմի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ՝  Տիար ֆետերիքօ Ռոքքան, «Reporter senza frontiere»-ի ներկայացուցիչ՝ Տոմենիքօ Աֆֆինիթոն։
Իտալիոյ մօտ Հայասդանի դեսպանութեան կողմէ խօսք առաւ Տոքթ. Պորիս Սահակեան, որ ներկայացուց ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Ռուբէն Կարապետեանը, որ այժմ կը գտնուի Մալթա, հաւատարմագրերու ներկայացումին համար։
Ելոյթ ունեցաւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի փոխ նախագահը՝  Տիար Ռոպէր Աթթարեան, եւ համայնքի անդամ՝ Տիար էմմանուէլէ Ալիբրանտին։
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ մեծարեալը՝ Ճան Անթոնիօ Սթէլլա, որ յայտնեց թէ իրեն համար մեծ կարեւորութիւն ունի սոյն մրցանակը, որովհետեւ յայտնեց թէ անգամ մը եւս՝ վեր կÿառնուի խօսքի եւ մտքի ազատութեան կարեւորութիւնը որուն համար զոհ գնաց Տինք ...։
Հուսկ բանքը արտասանեց Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւորը գերյ. Գէորգ ծ. վրդ Նորատունկեան, որ յատկապէս խօսեցաւ կեանքի նուիրականութեան մասին ու զայն պաշտպանելու մեր պարտականութեան մասին, քանի որ բոլորս մէկ Աստուծոյ զաւակներն ենք եւ կեանքը պարգեւ մըն է որ արժանի է մեծ գուրգուրանքով պահելու եւ պաշտպանելու ամէն տեսակի բռնութենէն։
Ան նաեւ քաջալերեց նման ձեռնարկներն ու հանդիպումները. շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ որ ներկայ եղան այս կարեւոր երեկոյթին, շնորհաւորեց մեծարեալը՝ լրագրող Ճիան Անթոնիօ սթէլլան, հուսկ շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց երեկոյթը կազմակերպողներուն։ Ի դէպ սոյն երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Իտալիոյ մօտ թրքական դեսպանութենէն երկու հոգի որոնք նախապէս խնդրած էին կազմակերպիչ յանձնախումբէն  ներկայ ըլլալու սոյն երեկոյթին։
Յիշենք, որ ասիկա հինգերորդ տարին է, որ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը կը յիշատակէ Պոլսոյ «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի խմբագրապետ՝ Հրանդ Տինքի սպաննութեան տարելիցը, կազմակերպելով հայ գրող նահատակին անուան նուիրուած «միտքի եւ խօսքի ազատութեան մրցանակ» մը, որ կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ լրագրողներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ՝ պաշտպան հանդիսացան եւ կը հանդիսանան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ Հայկական Հարցը լուսարձակի տակ դնելով ճանչցուցին զայն իտալական հանրութեան։ Մրցանակին արժանացան նախապէս.  2008-ին՝  յայտնի  գրող  եւ լրագրողներ՝   Մարգօ Թոզաթթի, ֆլավիա Ամապիլէ, եւ Ռոպէրթօ Օլլա։ 2009-ին՝ Բաթրիցիա Ալպէրիչի եւ Գաթերինա Մանիաչչի, այս առթիւ  յատուկ արժանիք շնորհուեցաւ Րոտոլֆօ Գազատէին՝  հեղինակը «Գառնուկին արիւնը» հատորին...2010-ին՝  Թօնի Գաբուոցցօ ստացաւ մրցանակը , եւ  յատուկ արժանիք շնորհուեցաւ առանց սահմանի լրագրողներու իտալական բաժնին, Անցեալ տարի՝ 2011-ին՝  մրցանակը տրուեցաւ իտալացի պատմագէտ եւ Սուրբ Էճիտիոս բարեգործական մարմնի նախագահ՝ Տոքթ. Մարքօ Իմբալիացցոյին,եւ այս տարի,  2012-ին՝  Ճան Անթոնիօ Սթէլլային.  որ իր յատուկ յօդուածով  ուշադրութիւնը հրաւիրեց միջազգային հանրութեան եւ իշխանութիւններուն, «Պէլկէ» հրատարակչատան սեփականատէր  Ռակըպ Զարաքողլուի  վրայ որ կը գտնուի  Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, առանց դատավարութեան։ Այս առթիւ յատուկ արժանիք   շնորհուեցաւ  Ռակըպ Զարաքողլու-ին «Պէլկէի» սեփականատիրոջ ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ