Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2008 - Գերապատիւ Հայր Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան՝ Տոքթոր Եկեղեցական Իրաւաբութեան Մասնաճիւղի

Հռոմ, Իտալիա

 

Չորեքշքաբթի 26 Նոյեմբեր 2008ին երեկոյեան ժամը 5:00ին, Հռոմի Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Զմմառու միաբան՝ գեր. հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանի տոքթորայի աւարտաճառի պաշտպանութիւնը:

Ներկայ էին Արհի. Օգոստինոս եպս. Գուսան՝ առաջնորդ Աղեքսանդրիոյ թեմին, գերպ. Միքայէլ Ծ.Վրդ. Մուրատեան՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր: Ներկայ էր նաեւ հայր Յովսէփ Ծ.Վրդ. Քէլէկեան՝ մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքին եւ փոխ մեծաւորը հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեան եւ դպրեվանքի ժառանգաւորները:, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն ժամանած յատուկ այս առթիւ Փարիզի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Ասատուրեան:

 

Աւարտաճառին նիւթն է. Il Monachesimo nella Chiesa Armena, Origine e fonti. ՎԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ  , 265 էջնոց աւարտաճառը կը ներփակէ հինգ գլուխներ:

Քննիչ յամձնախումբի անդամներն են.- Prof. Dott. Natale LODA Moderatore,  Prof. Dott. Andres GUITEREZ Corelattore,  Prof. Dott. Sebastiano PACIOLLA Corelattore.

 

Հայր Գաբրիէլը ներկայացուց աւարտաճառի համառօտութիւնը 20 վայրկեանի մէջ, որուն յաջորդեց քննիչ յանձնախումբի հարցումները եւ դիտողութիւնները, ապա քննիչ յամձնախումբը կարճ խորհրդակցութիւն մը կատարելէ ետք, հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան ստացաւ եկեղեցական իրաւաբանութեան մասնաճիւղի մէջ տոքթորայի տիտղոսը, summa cum laude համալսարանական բարձրագոյն աստիճանը :   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ