Սիրելի՛ ընթերցող, հարցադրում մը քեզի եւ ինծի. «Ո՞վ կ՛ուզէ անդէմ ըլլալ: Ո՞ր մարդը, ընդհանրապէս, եւ ո՞ր քրիստոնեան` մասնաւորապէս, կ՛ուզեն ըլլալ դիմազուրկ ու չունենալ կիսադիմագիծ, կիսադէմք (profile)…»:
Անշուշտ հոս հարցումը հոգեմտաւոր կիսադիմագիծին, աւելի` հոգեկան կիսադէմքին մասին է. այսինքն դէմքն անձնաւորող գիծերուն, անձը յատկանշող առաքինութիւններուն, անհատը բարեմասնող առաւելութիւններուն մասին է խօսքը:
Դժբախտաբար հասարակ խօսակցութիւններէն ինչե՜ր կը լսուին անդէմ անձերու եւ անգոյն դէմքերու մասին, բայց` աւելի թշուառաբար, երբ այդ «ինչե՜ր»-ը կ՛ուղղուին այն քրիստոնեայ հայերու հասցէին, որոնք դիմազուրկ են իրենց կրօնին մէջ, չունին կիսադէմք, այսինքն` համոզուածութիւն իրենց հաւատքին ապրելակերպին մէջ:
Նաեւ դժբախտաբար գիտենք, որ այսպիսի անդէմ քրիստոնեաներուն թիւը չափազանց մեծ է, այսպիսի հայ անգոյն հաւատացեալներու ներկայութիւնը ամէնուրեք է: Անոնց նուազումն ապահովելու եւ անոնց տարածումն ընդհատելու համար մեր Աստուածային Վարդապետը կու տայ թելադրանքներ ու ցուցմունքներ, որոնց հաւատարիմ գործադրումով աւելի որակեալ ու հզօրացած կը դառնան թէ՛ քրիստոնեայ աշխարհը եւ թէ՛ քրիստոնեայ Հայաստանը` իրենց դիմագիծին աւետարանական առանձնայատկութեամբ ու իրենց համոզուածութեան կրօնասիրական վերապրումով:
Աստուածային Վարդապետին ինն թելադրանքներն ու ցուցմունքները, այս անգամ, կը համադրեմ այսօր կարդացուած աւետարանէն (Յվհ. 3, 13-21), որ սէր է, լոյս է:
Առաջին` ընդունի՛լ Յիսուս Քրիստոսի խաչամահին սուրբգրայնութիւնն ու պատմականութիւնը:
Կեանքի «անապատին մէջ» կամ «ճանապարհի» յոգնաբեկութեան ատեն «խայթող ու խածատող օձերէն» բոլոր «օձահար»-ներս նայինք բարձրացած Խաչեալին, որպէսզի ապրինք եւ փրկուինք (Թք. 21, 4-10):
Երկրորդ` հաւատա՛լ Յիսուս Քրիստոսի սուրբգրայնութեան, «յերկնուստ» ղրկուածութեան ու պատմականութեան:
«Մարդու Որդին»` Յիսուս Քրիստոս, սուրբգրային Դէմքն է, Մեծագո՛յնը, իր Հօրմէն ղրկուած Որդին է, Միածի՛նը, եւ պատմական Անձնաւորութիւնն է, Անգերազանցելի՛ն:
«Մարդու Որդին, որ երկինքն է», Իրեն հաւատացողները պիտի ընդունի, պիտի բազմեցնէ եւ պիտի հիւրասիրէ իր սեփական արքայութեան մէջ:
Երրորդ` գիտակցի՛լ, թէ Հայր Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին զոհաբերեց անոր ազատագրումին համար:
Անշուշտ այս ազատագրումը չի պարտադրուիր մարդերուն եւ մեզի, այլ միայն կ՛առաջարկուի ազատ կամքով օժտուած բանաւոր էակներուն եւ հայերուս: Անոնք ու մենք ուզելու են եւ ուզելու ենք, թոյլատրելու են ու թոյլատրելու ենք իրենց ազատումն ու մեր ազատագրութիւնը, բոլորին եւ բոլորիս փրկութիւնը:
Չորրորդ` ապրի՛լ Յիսուսի սիրով ոչ միայն իր անձին համար, այլ նաեւ` շրջապատին օգտակար մնալով ու ծառայելով: Յիսուսի սէրը, որ մերինն ըլլալու է, համայնական է, համընդհանուր է, համամարդկային է, համաշխարհային է:
Շրջապատը ընտանիքն է, դրացին է, գործընկերն է, միութիւնն է, կուսակցութիւնն է, համայնքն է, եկեղեցին է, երկիրն է, հայրենիքն է, աշխարհն է, մարդկութիւնն է:
Հինգերորդ` համոզուի՛լ, որ Յիսուսին հաւատացողը պիտի ստանայ «յաւիտենական կեանքը»:
«Յաւիտենական կեանքը» դառնալու եւ մնալու է նպատակը, հորիզոնը բոլորին ու բոլորիս, եթէ կը փափաքին եւ կը փափաքինք երջանիկ ու կենակից ըլլալ Աստուծոյ:
Վեցերորդ` անդրադառնա՛լ, որ Քրիստոսն է փրկութիւնը մարդերուն: Յիսուս չուզեր մէկուն կորուստը, այլապէս չէր գար աշխարհ: Փրկիչը կը սիրէ ամէն մարդ, նոյնիսկ մեղաւորը` ատելով իսկ անոր գործած մեղքը:
Կորուստը չի գար Աստուծմէ, այլ` միայն անհատէն, որ չ'ընդունիր Խաչեալը: Խաչեալը չընդունողը չի ստանար Յարուցեալը: Յարուցեալը չստացողը չունի անշեղ նպատակը, արեգնափայլ հորիզոնն ու երկնատար համբարձումը:
Եօթներորդ` չմոռնա՛լ, որ Յիսուսին չհաւատացողը կը դատապարտէ ինքզինք յաւիտենական պատիժին:
«Աստուած կը պատժէ», կ՛ըսեն: Խորքին մէջ, սակայն, մարդն է, որ կը պատուհասէ իր եսը, իր էութիւնն ու իր ինքնութիւնը, քանի երբ չի հաւատար «Աստուծոյ Միածին Որդիին Անունին», «արդէն իսկ դատապարտուած է» իր անձէն եւ անհաւատութենէն:
Ութերորդ` սիրե՛լ Լոյսը` Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի մնանք պայծառութեան մէջ` մեր բարի վարքով, մեր բարի խօսքով ու մեր բարի գործով:
Մարդերն ունին սարսափեցնող կարելիութիւնը ընտրելու մութը` փոխան Լոյսին, զոր մերժելով` «անոնք կը սիրեն աւելի խաւարը, քան լոյսը, որովհետեւ չար են անոնց խօսքերն ու գործերը»:
Իններորդ` ըլլա՛լ ճշմարտասէր ու ճշմարտախօս, քանի` «ով որ ճշմարտութիւնը կը գործէ, լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ իր գործերն Աստուծմով եղած են»:
Իր գէշ ու խայթող խղճին պատճառով չարախօս եւ չարագործ մարդը կը փախչի Լոյսէն, Յիսուսի հետ հանդիպումէն: Իսկ ճշմարտախօս ու ճշմարտագործ անձը արժանի կը դարձնէ ինքզինք Լոյսին, Լուսաւորողին, որ անոր կը շնորհէ պայծառացած դիմագիծը պատկանելիութեան եւ ինքնութեան:
Ա՛յս դիմագիծը միջնորդէ՜ մեզի համար Մարիամ Սուրբ Կոյսը, «Յիսուսի Մայրը» (Յվհ. 2,1), որ «ամենայն սրբոց Թագուհին» է, քանի profile-կիսադէմք ունեցողներուն Մայրն է:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 19 յունուար 2014