Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2011 - Բենեդիկտոս ԺԶ. յարգանքի տուրք մատուցեց Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի յիշատակին

Հռոմ 

Սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. յարգանքի տուրք մատուցեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. «մեծ պապին եւ Քրիստոսի խոնարհ ծառային», երէկ՝ կիրակի, 3 ապրիլ 2011-ին, անոր վախճանման 6-րդ տարեդարձին առիթով։

Աւետման աղօթքէն ետք, սուրբ Պետրոս հրապարակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան ներկայութեան՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. իր նախորդը յիշեց, ըսելով. «Ուրեմն հիմա, ծոմապահութեան ճամբով, որ կը պատրաստուինք Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան, երուզերով կը մօտենանք այն օրուան, ուր պիտի կրնանք պատուել որպէս երանելի՝ այս մեծ քահանայապետը եւ Քրիստոսի մեծ վկան, աւելի վստահելով անոր բարեխօսութեան»։

Սրբազան քահանայապետը բացատրեց ներկաներուն, թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի երանելի հռչակման օրուան պատրաստուելով յառաջիկայ 1 մայիսին, ան չէր մատուցած 2006 թուականէն ի վեր ամէն տարուայ նման հոգեհանգստեան արարողութիւնը, սակայն ըսաւ թէ ան միշտ յիշած է զինք իր աղօթքներուն մէջ, «ինչպէս դուք բոլորդ, կարծեմ» աւելցուց ան։  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ