Պէյրութ
Կիրակի 31 մայիսին, աշխարհատարած հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն եւ հայ կաթողիկէ միջավայրերուն մէջ, աղօթքներով եւ երգերով փակուեցաւ Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած սուրբ ամիսը: Եւ գրեթէ բոլորս, մօտէն կամ հեռուէն Զմմառու վանքը ճանչցողներս, անպայման յիշեցինք Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը:
Նոյն կիրակի օրը, առաւօտեան 10:30-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Զմմառու վանքին հասարակութեան հետ, մատուցանեց սուրբ Պատարագ, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ հաւատացեալներ, ժամանած մասնաւորաբար հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը քարոզեց Աստուծոյ խօսքին հռչակումէն ետք (քարոզը կը տրուի առանձին):
Աստուածամօր նուիրուած մայիսեան ջերմեռանդութիւնը, աղօթքները, երգերն ու թափօրները սովորամոլ արարողակարգեր չեն, այլ Տիրամօր հանդէպ մեր անխառն սիրոյ զգացումները արտայայտելու, անոր հովանին ու բարեխօսութիւնը հայցելու եւ անոր շնորհներով լիցքաւորուելու առիթներ են։
Պատահական չէ որ մեզմէ շատեր, այս ամսուան ընթացքին, կը յիշեն նաեւ իրենց երկրաւոր մայրը, եւ զայն կը պատուեն, որովհետեւ Մայրութիւնը բնութեան ամենահրաշալի մէկ երեւոյթներէն է: Ոչ միայն ծնունդի հետ կապուած բոլոր այդ իրականութիւններն են, որոնք զայն հրաշալի կը դարձնեն, այլ նաեւ այն ինչ որ մայր մը կ՚ըլլա՛յ զաւակ մը ծնելէն ետք: Մայրը այն է, որ զաւակ մը ծնելէն ետք կը շարունակէ գուրգուրալ եւ մեծցնել զայն: Ինն ամիս իր մէջ հրաշալիօրէն կազմաւորելէ ետք, իրմէ աշխարհին կը ծնի զայն եւ երբեք չի դադրիր անոր կազմաւորումը: Կը սնուցանէ, կը սորվեցնէ, կը զգուշացնէ, կ՚ուղղէ, եւ այս բոլորէն աւելին, մայր մը կը սիրէ՛ իր զաւակը: Անփոխարինելէ է մայրական սէրը։
Իսկ անգերազանցելի է Աստուածամօր՝ մեր երկնաւոր մօր սէրը։ Սուրբ աւազանին մէջ որպէս քրիստոնեայ ծնելէն ետք, մենք յանձնուեցանք մեր երկնաւոր մօր: Ինքն է քրիստոնեային առաջնորդը. սակայն ամէնէն աւելի, ի՛նքն է քրիստոնեան սիրո՛ղը: Հոս է անոր անսակարկ մայրութիւնը: Անոր մայրական անսակարը սէրը մեր արժանիքէն կախում չունի, որովհետեւ ան սիրել սորված է Աստուծո՛յ դպրոցին մէջ:
Անոր նման, Եկեղեցին ալ ճանչցուած է որպէս մայր եւ դաստիարակ, որպէս սիրող, կազմող եւ կազմաւորող, որպէս պաշտպան եւ հոգատար:
Գուցէ նախախնամականէն աւելի աստուածային կամքն է Աստուածամօր խորհրդաւոր ներկայութիւնը Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ, ուր է նաեւ Աթոռը հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եւ Եկեղեցւոյ:
Երեք երեւոյթներն ալ կը միանան հոն, այս սրբազան վայրին մէջ, մանաւանդ անոնց համար, որոնք մաս կը կազմեն միաբանական հասարակութեան, եւ լայն առումով հայ կաթողիկէ հօտին: Վանքը երկրաւոր մօր շարունակութիւնն է: Զմմառու Ցաւագին Մայրը մեզ հաւատքի դպրոցին մէջ առաջնորդողը, ուղղողն է ու կազմաւորողը: Իսկ որպէս Եկեղեցի, հոն հաստատուած պատրիարքական Աթոռը առաջնորդն է մեր քայլերուն դէպի փրկութիւն եւ յաիտենական երջանկութիւն: Երեք սրտեր ի մի՛ հոն կը գտնուին Աստուծոյ կամքով:
Աստուածամօր մեզի պարգեւած շնորհքներն ու հրաշքները մեր կեանքին մէջ, այս ամսուան փակումին, մեզի աւելի եւս պիտի օգնեն շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ այս երեք մեծ բարիքներուն համար. վանքին համար, Աստուածամօր համար եւ Աթոռին համար: Անոնք ե՛ն ու պիտի մնան հայ կաթողիկէ հաւատացեալին առաջնորդն ու զայն սիրող մայրը ոչ միայն տարուան մէկ ամսուան համար, այլ ամբողջ տարուան եւ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Մայիսեան արարողակարգերը պարզապէս մեր այս ապրումներն ու զգացումները վերանորոգելու առիթներ են։ Արումներ ու զգացումներ որոնք ժամանակով պայմանաւորուած չեն։
Հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան