Շաբաթ, 2 Յուլիս 2011 - Սրբազան քահանայապետին յուլիս ամսուան զոյգ դիտաւորութիւնը

 

Վատիկան

Սովորութիւն դարձաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին մօտ, երկու դիտաւորութիւն առաջարկել բոլոր հաւատացեալներուն  ամէն ամսուան համար իրենց աղօթքներուն մէջ յիշելու: Սրբազան պապը այսպէսով կը կարեւորէ աղօթքի առաքելութիւնը:

Մեր կայքէջն ալ ամէն ամիս պիտի յայտարարէ քահանայապետին ամսական դիտաւորութիւնները, որպէսզի միանանք աղօթքով իրեն եւ բոլոր քրիստոնեաներուն:

Յուլիս ամսուան դիտաւորութիւններն են Sida-ի (Aids) հիւանդները եւ առաքեալ կրօնաւորուհիները:

Սրբազան քահանայապետը կը գրէ. «Որպէսզի քրիստոնեաները օժանդակեն թեթեւցնելու, յատկապէս ամէնէն աղքատ երկիրներուն մէջ, Sida-ի հիւանդներուն նիւթական եւ հոգեւոր ու հոգեկան տառապանքները»:

Ապա կրօնաւորուհիներուն մասին կը գրէ. «Կրօնաւորուհիներուն համար, որոնք առաքելական դաշտերու մէջ են, որպէսզի անոնք ըլլան Աւետարանին ուրախութեան վկաները, եւ Քրիստոսի սիրոյն նշանները»: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ