Սիրելի՛ ընթերցող, այս սիւնակս գրելու էի մեր հայրենիքին մէջ անցուցած վերջին տասը օրերուն իմ երեւանեան ապրումներուս, տեսածներուս եւ լսածներուս մասին, որոնք առնչուած ըլլալով մեր հայրենակիցներուն անտանելի կենսավիճակին` պիտի ըլլային ահեղասաստ պոռթկումներ ու առարկայական կշտամբանքներ Հայաստանի վերին իշխանաւորներուն` «օլիկարխներուն», ժողովուրդը կեղեքողներուն, հողը հարստահարողներուն, երկիրը պարպողներուն եւ ուրուական «մաֆիոզ»-ներուն դէմ…
Այս անգամ զսպեմ գրիչս եւ անցնիմ: Գրեմ մեր ներկան եւ ապագան կերտող ու լուսաւորող նիւթերուն մասին, մանաւանդ երբ երէկ կատարեցինք «Տօն Գիւտի Սրբոյ Խաչի» եւ հոկտեմբերի` մարեմեան վարդարանի ամսուան վերջին կիրակին էր:
Յիսուսի խաչափայտին գիւտը պատահեցաւ 326 թուին: Մեծն Կոստանդիանոսի (275-337)` Հռոմէական կայսրութեան միահեծան ինքնակալին մայրը` Սրբուհի Հեղինէ (250-330), Երուսաղէմի մէջ, Քրիստոսի գերեզմանին վրայ կառուցել տուաւ «Ս. Յարութիւն» տաճարը, որուն մէջ զետեղեց նորագիւտ «իրաւ խաչափայտը»:
Կայսերամօր հրահանգով հրեայ հնախոյզ մը, Յուդա անունով, Գողգոթայի բլուրը պեղելով, գտաւ երեք խաչափայտերը` Աստուածամարդուն եւ երկու աւազակներուն: Անոնցմէ մէկը, զղջացող աջակողմեանը, թախանձելով «Արդար»-էն, թէ` «Յիսո՜ւս, յիշէ՛ զիս, երբ գաս քու արքայութեամբդ», ատենին ստացած էր այս պատասխանը. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, այսօր իսկ ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ. 23,42-43):
«Խաչգիւտ»-ին դիպեցան երկու հրաշագործութիւններ: Առաջինն էր` մեռած պատանիի մը յարութիւնը: Երեքին` աւազակներուն ու Յիսուսի խաչափայտերը զանազանելու եւ իւրաքանչիւրին տէրը ստուգելու դիտաւորութեամբ, վախճանեալին մարմինը կարգով դրուեցաւ երեքին վրայ: Երրորդին վրայ վերակենդանացաւ պատանին:
Երկրորդ հրաշքն էր Յուդայի դարձը: Հնագէտը տեսնելով մեռեալին յարութիւնը` դաւանեցաւ Քրիստոսը եւ ընդունեց քրիստոնէութիւնը: Հետագային` «Կիւրեղ» ընտրուեցաւ եպիսկոպոս Ս. Քաղաքին: Ապա իր Աննա մօր հետ նահատակուեցաւ:
Այս տօնին խորհուրդին ծիրէն ներս, «խաչգիւտ» բարդ բառին երկրորդ արմատին անդրադառնալով, պիտի ուզէի մատնանշել մեր առօրեային մէջ առկայ «խաչերուն» գիւտարարութեան կարեւորութիւնը, որ «Աստուծոյ իմաստութեան մէջ» (1 Կոր. 1,21), մեզ կը դարձնէ աւելի գիտակից հաւատացողներ, աւելի համոզուած խաչակրողներ:
Բոլորս ունինք մեր բազմազան նեղութիւնները, քրիստոնէաբար անուանուած «խաչերը», որոնց մեր կրումը, Աստուծոյ կամքին համակերպութեամբ ու սիրահաւատ խոնարհութեամբ, պիտի իրագործենք,
«որպէսզի Քրիստոսի խաչն ընդունայն չըլլայ» (1 Կոր. 1,17) մեր աստենական խաղաղութեան եւ անդենական երջանկութեան համար:
Ճիշդ է, «Քրիստոսի խաչին» կամ մեր խաչակրումին «լեզուն յիմարութիւն է անոնց համար, որոնք կը կորսուին, բայց անոնց համար, որոնք կը փրկուին, ան Աստուծոյ զօրութիւնն է» (1 Կոր. 1,18):
Խաչեալին հետեւելով ու մեր նեղութիւններուն խաչակրումով` «մենք կը քարոզենք խաչուած Քրիստոսը, հրեաներուն համար` գայթակղութի՛ւն, եւ հեթանոսներուն համար` յիմարութի՛ւն: Իսկ անոնց, որոնք կանչուած են, հրեայ թէ հեթանոս, կը քարոզենք Քրիստոսը` Աստուծոյ զօրութիւնն ու Աստուծոյ իմաստութիւնը» (1 Կոր. 1,23-24):
Այսպէս, Խաչեալին մեր հետեւորդութեամբ ու առօրեային խաչերուն մեր կրումով կը զգենունք «Աստուծոյ զօրութիւնն ու Աստուծոյ իմաստութիւնը»: Այս հոգեմտաւոր եւ մարմնական մակարդակին հասնիլ կարենալու համար մեզի անհրաժեշտ են ներքին եւ արտաքին ուժականութիւնը, տոկունութիւնն ու յարատեւութիւնը:
Այս բարեմասնութիւնները եւ ասոնց յարակից այլ յատկութիւններ «յերկնուստ» կը տրուին մեզի, այսպէ՛ս համոզուած եմ, հայցուած միջնորդութեամբ Տիրամօր, որուն ամէնէն սիրելի ու խնդրած աղօթքն է վարդարանը:
Ստուգիւ, վարդարանը հաւատարիմ աղօթողը, անոր խորհուրդներուն խոկումով կը սկսի ապրիլ սուրբգրային այս սահմանումը. «Աստուծոյ յիմարը աւելի իմաստուն է, քան` մարդիկ, եւ Աստուծոյ տկարը աւելի զօրաւոր է, քան` մարդիկ» (1 Կոր. 1,25):
Այս անյետսկոչելի յստակութեան դիմաց` կը փափաքէի յիշեցնել ու կրկնել Ֆաթիմայի մէջ Մարիամ Տեսլամօր 13 մայիս 1917-ին տուած հրահանգը. «Ամէն աղօթեցէ՛ք օր վարդարանը, որպէսզի ունենաք խաղաղութիւնն աշխարհին»:
Արդ, տրուպիս կը մնայ մէջբերել սեբաստացի Մխիթար աբբահօր եւ այլ հայ հոգեւոր մատենագիրներու մեր ներկային եւ ապագային համար այժմէական յորդորը:
«Ծնողները` իրենց զաւակներուն, պատասխանատուները` իրենց ենթականերուն եւ մեծաւորները` իրենց հպատակներուն պարտական են սորվեցնել աղօթել եւ «ասել զՊսակ կամ զՎարդարան Աստուածածնի յամենայնում աւուր: Իսկ եթէ ոչ` գոնեայ յաւուրս կիրակէից եւ տօնից»: Այս կը նշանակէ, որ թէ՛ ծնողները, թէ՛ պատասխանատուներն ու թէ՛ մեծաւորները նախ իրե՛նք պիտի աղօթեն եւ ապա աղօթել պիտի տան վարդարանը` ամէ՛ն օր, կամ` յաճախ:
Յստակ ըլլայ, թէ մեզի տրուած թելադրանքներուն գործադրումով` կ՛արժանանանք դառնալու անոնցմէ, որոնց մասին կը խօսի Ս. Գիրքը. «Աստուած ընտրեց աշխարհի յիմարները` խոնարհեցնելու համար իմաստունները, ինչպէս նաեւ Ան ընտրեց տկարները` խոնարհեցնելու համար հզօրները» (1 Կոր. 1,27):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 28 հոկտեմբեր 2013