Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ քարոզը սուրբ ամսոյն փակման եւ Զմմառու ուխտի օրուան առթիւ

 

Զմմառ

 

 

Կիրակի 31 մայիսին ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը սուրբ Պատարագ մատուցանեց Զմմառու Վանքին շրջափակէն ներս եւ արտասանեց այս քարոզը, Աստուածածնայ նուիրուած սուրբ ամսոյն փակման եւ Զմմառու ուխտի օրուան առթիւ:

 

«Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս տարի եւս Զմմառու Պատրիարքական վանքին Վերափոխման Աստուածամայրը մեզ կը համախմբէ՝ միասին իրեն բարձրացնելու համար մեր որդիական աղաչանքներն ու պաղատանքները, ինքը որ Յիսուսի աշակերտներուն մայրն է: Արդարեւ, Խաչին վրայ Յիսուս տեսնելով իր մայրը եւ անոր մօտ աշակերտը զոր ինք կը սիրէր, իր Մօրը ըսաւ. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»: Յետոյ աշակերտին ըսաւ. «Ահա՛ քու մայրդ: Այն ժամանակէն, աշակերտը զինք իր քովը առաւ» (Յովհ 19, 26-27): Յիսուսին այս երկու խօսքերը ուղղուած իր մօր Մարիամին եւ Յովհաննէս առաքեալին, կը պարունակեն ինչպէս պէտք է ըլլայ մեր յարաբերութիւնը մեր երկնային մօր հետ: Ան մայրն է Յիսուսի աշակերտներուն, որոնք իրենց կեանքով կ'աշխատին Յիսուսին նմանելու:

 

Սուրբ Կոյս Մարիամին հիմնական դերը եղաւ մարդոց փրկչագործութիւնը, երբ իր պատասխանը Գաբրիէլ հրեշտակապետին Այո՛ն եղաւ, յետոյ ծնունդ տուաւ Յիսուսին, որ մեզ փրկեց իր մահուամբ եւ յարութեամբ: Շնորհիւ Մարիամին է որ Յիսուս մարդ դարձաւ, եւ հետեւաբար դարձաւ մեր եղբայրը:

 

Սրբութիւնը կը նշանակէ մօտ ըլլալ Աստուծոյ, որ Ամենասուրբն է: Արդ, Մարիամ Աստուծոյ մօտիկ դարձաւ մանաւանդ երբ ան ինը ամիս իր արգանդին մէջ պահեց Յիսուս, Աստուծոյ Միածին Որդին: Ասոր համար, կը կոչենք Մարիամ «ամենասրբուհի», որովհետեւ ան եղաւ ամենամօտիկ անձը Աստուծոյ, որ Ամենասուրբ է: Այսպէս, Յիսուս եւ Մարիամ սերտօրէն միացած էին, ոչ միայն մարմինով, այլ նաեւ իրենց զգացումներով եւ հաւատքով, իրենց կեանքով եւ իրենց մահուամբ: Կարելի է ըսել նաեւ որ հիմա Մարիամ վերափոխեալ է երկինք՝ փառքին մէջ է Յիսուսին հետ եւ անոր կողքին:

 

Ուրեմն ո՞վ սուրբ Կոյս Մարիամէն աւելի լաւ կրնայ բարեխօսել մեզի համար Յիսուսին մօտ: Ոչ ոք: Սէրը եւ վստահութիւնը որ ունինք Աստուածամօր հանդէպ մեզի կ'ապահովցնեն, որ Մարիամ անպատճառ կը լսէ մեր աղաչանքները: Եւ որովհետեւ ան Յիսուսին ամենամօտիկ անձն է, ապահովաբար Յիսուս կը լսէ մեր երկնային մօրը բարեխօսութիւնը մեզի համար:

 

Մարիամ, Աստուծոյ կամքը հրեշտակին բերնով լսելէ ետք, շարունակ կերպով հաւատքի մարտահրաւէրներուն առջեւ գտնուեցաւ: Այսպէս, երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետին պատգամը լսեց՝ Յիսուսին մայրը ըլլալու, Մարիամ տակաւին ամուսնացած չեր եւ սակայն հաւատքով ընդունեցաւ հրեշտակին պատգամը եւ ըսաւ՝ «Եղիցին կամք քո», այսինքն՝ Աստուծոյ կամքը թող ըլլայ: Եւ երբ ստիպուեցաւ Եգիպտոս բախչիլ Յիսուս տակաւին մանուկ, որպէսզի Հերովդէս չսպաննէ զինք, ընդունեցաւ հրեշտակին պատգամը եւ Եգիպտոս բախաւ սուրբ Յովսէփին եւ Յիսուսին հետ: Ու երբ 12 տարեկանին Յիսուս կը հեռանայ տունէն 3 օր, առանց լուր տալու, եւ իր մտահոգուած մօրը, որ զինք կը փնտռէր, կ'ըսէ սա խորհրդաւոր խօսքը՝ «Ինչո՞ւ կը փնտռէիք զիս, չէի՞ք գիտեր, որ պէտք է որ Հօրս տունն ըլլամ» (Ղուկ 2,49): Եւ Աւետարանը կ'աւելցնէ. «բայց անոնք չհասկցան այս խօսքերուն իմաստը» (Ղուկ 2,50): Դարձեալ Մարիամ ընդունեցաւ այս զարմանալի կացութիւնը առանց հասկնալու: Նոյնպէս, Յիսուսը տեսնել ձաղկուած ու խաչին վրայ կախուած մինչեւ մահ եւ Աստուծոյ կամքը ընդունիլ, մեծ հաւատքի ներգործութեան կարօտ էր: Մարիամ, տեսնելով չարչարուած Յիսուսը՝ տառապեցաւ, բայց Աստուծոյ կամքը լիովին ընդունեցաւ: Մարիամին հաւատքի կեցուածքը այս զանազան մարտահրաւէրներուն դիմաց՝  պէտք է մեզ մղէ որ մեր երկնաւոր մօրմէն հաւատքի օրինակ առնել:

 

Կը նշմարենք որ միլիոնաւոր մարդիկ սուրբ Կոյս Մարիամին կեանքէն եւ հաւատքէն ներշնչուելով, իրմէ բարի օրինակ կ'առնեն, անոր կը վստահին եւ իրեն կը դիմեն: Ուստի, հաւատքին մէջ, Մարիամ մեզմէ ամէն մէկուն համար տիպար օրինակ դարձած է, օրինակ մը որ մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու, իրեն նմանելու, որպէսզի օր մը իրեն մօտ հասնինք, եւ երկնքի արքայութիւնը վայելենք:

 

Յոյժ սիրելիներ, խօսքս կը փակեմ աղօթքով մը սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի՝ ներբող Յիսուս Քրիստոսի եւ Աստուածամօր Կուսին, որ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան Պապը հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ՝ անցեալ Ապրիլի 12-ի սուրբ Պատարագին ընթացքին, ի յիշատակ 100-րդ տարելիցին առիթով Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան, Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» պազիլիքային մէջ, ի ներկայութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին՝ Սերժ Սարգիսեանին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն, եւ հինգ ցամաքամասերէն եկած հայ ժողովուրդի հոծ բազմութեան: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին աղօթքը ուղղուած սուրբ Կոյսին կ'ըսէ.

 

«Երկնքի թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդ, մաքուր՝ ինչպէս լոյս,

Անապականութեամբ գերազանց՝ անհպելի սրբութիւններուն:

Ո՜վ մայրդ բարձրեալ Տիրոջ Յիսուսի՝

Արարչի երկնքի եւ համայն երկրի,

Որ ծնար դու անճարօրէն՝

Բովանդակ մարմինով ու համաբոլոր իր աստուածութեամբ,

Որ փառաւորեալ է Հօր հետ եւ Սուրբ Հոգիով,

Կապուած էութեամբ եւ անքննութեամբ մեր բնութեան հետ,

Որն ամենայն է եւ ամէն ինչին մէջ՝

Որպէս մէկը Սուրբ Երրորդութեան:

Անոր կը վայելէ փա՜ռք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ